Jump to content

Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը

Ռուանտայի ցեղասպանութիւն, տեղի ունեցած է 1994-ին, իշխանութեան գլուխ անցած ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէն։ Ընթացքին զոհուած են 800․000 անմեղ թութսիներ, այսինքն երկրի բնակչութեան 20 տոկոսը[1]։

Սպանուածներուն գանկերը

Ցեղասպանութեան պատճառը երկրի բնակչութիւնը կազմող երկու ցեղախումբերուն` թութսիներուն եւ հութուներու միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր թշնամութիւնն էր։

1990-ին, այս երկու ցեղախումբերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող թշնամութիւնը եւ ատելութիւնը կը սրուի, երբ հութուները կ'ամբաստանեն թութսիները՝ երկրին մէջ ընկերային, տնտեսկան, եւ քաղաքական ծանր կացութիւն ստեղծած ըլլալու մեղադրանքով։ Սակայն թութսիներուն դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը կը սկսի, երբ Ռուանտայի նախագահ Հապիարիմանայի (հութու ցեղախումբին մաս կը կազմէր) օդանաւը վար կ'առնուի թութսի ծայրայեղականներուն կողմէ, 6 Ապրիլ, 1994-ին։

1994-ի 7 Ապրիլին Հապիարիմանա նախագահը կը սպաննուի եւ այդ թուականէն սկսեալ երկրին իրավիճակը կը վատթարանայ սկիզբ տալով սարսափելի նախճիրի մը, որ 7 ապրիլէն մինչեւ 19 Յուլիս կը պատճառէ աւելի քան 800 հազար զոհ եւ գաղթականութեան կը մատնէ աւելի քան երկու միլիոն մարդ[2]։

Ջարդերը կը տեւեն 100 օր, մինչեւ որ թութսի յեղափոխականներ կը գրաւեն երկրի մայրաքաղաք Քիղալին[3]: Ցեղասպանութեան վերջ տուած է ըմբոստներու ուժերու հրամանատար Փոլ Քակամէն։

Մայրաքաղաք Քիկալիի մէջ կառուցուած է ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթող մը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 «Ռուանտայի Մէջ Ցեղասպանութեան 25-ամեակի Նշման Համար 100 Օրուան Սուգ Յայտարարուեցաւ։ - Vatican News»։ www.vaticannews.va (հայերեն)։ 2019-04-08։ արտագրուած է՝ 2021-03-04 
  2. «Ռուանտայի Ցեղասպանութեան 20 ամեակը։»։ www.archivioradiovaticana.va։ արտագրուած է՝ 2021-03-04 
  3. «Who will be responsible for the death of peacekeepers in Rwanda?»։ www.peacekeeper.ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-04-02-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-04