Ոտնագնդակ (Ֆութպոլ)
Ոտնագնդակ, մարզաձեւ, աշխարհի ամէնէն տարածուած եւ ամէնէն սիրուած խաղերէն մէկը։ Անիկա խմբային խաղ է, ուր խումբին 11 խաղացողները նախապէս համաձայնուած գործողութիւններով կը փորձեն գրաւել հակառակորդ խումբին դարպասը եւ պաշտպանել իրենցը։
Ֆութպոլը կը խաղան բնական կամ արհեստական խոտածածկ դաշտի մը մէջ։ Խաղադաշտը նշանագծուած ուղղանկիւն հրապարակ է։ Դաշտի մը առաւելագոյն երկարութիւնը պէտք է ըլլայ 109.88 մեթր, իսկ առաւելագոյն լայնութիւնը՝ 90.728 մեթր։ Երբեմն պաշտօնական խաղերուն համար կ'օգտագործեն 100-100 X69-75 մեթր չափի դաշտ։ Աշխարհի ամենամեծ Ֆութպոլային մարզադաշտը Մայ Դայ Ստատիոնն է, Հիւսիսային Քորէայի մէջ, ուր կրնայ գտնուիլ մինչեւ 150,000 հանդիսատես։
ԺԹ. դարուն սկիզբ առած է ոտնագնդակի խաղը՝ Անգլիայէն: Անցեալին, ոտնագնդակի խաղերը կը տարբերէին այսօրուան խաղերէն:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Խումբով խաղալու սկսած են 3000 տարի առաջ, սակայն գնդակի փոխարէն օգտագործած են քարը:
- Խաղը տարածած են ազդէքները:
- Սկզբնական շրջանին գնդակը կը խորհրդանշէր արեւը:
- Պարտուող խումբին խմբապետը կը զոհաբերէին աստուածներուն:
- Գնդակին ոտքով հարուածելու սկսած են Չինաստանի մէջ, երկրորդ եւ երրորդ դարերէն սկսեալ: Այդ օրերուն, խաղը կը կոչէին «Քուճու» եւ կը խաղային քառակուսի դաշտի մը մէջ:
- Աւելի ուշ, Ճափոնի մէջ, քիչ մը տարբեր ձեւ որդեգրելով, խաղը կոչած են «Քեմարի»:
Խումբերու Կազմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Օրինաւոր խումբեր սկսած են կազմուիլ ԺԵ. դարէն սկսեալ, առանց որեւէ պաշտօնական ճանաչումի:
- Ըստ կարգ մը պատմաբաններու, առաջին խումբը հիմնուած է Էտինպուրկի մէջ, 1824-ին «Foot Ball» անունով[1]:
- ԺԹ. դարուն, խումբերը կը կազմուէին շրջանաւարտ դպրոցականներու կողմէ:
- Շրջանաւարտներու առաջին խումբը կազմուած է Շեֆիլտի մէջ, 1855-ին:
- Ամէնէն հին եւ պաշտօնական խումբը Notts County-ն է, որ մինչեւ օրս կը գոյատեւէ:
Առաջին Մրցաշարքեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Առաջին մրցաշարքը տեղի ունեցած է 1871-ին, Football Association Challenge Cup (FACUP) անունով:
Յաջորդ տարին, առաջին անգամ ըլլալով, մրցակցած են երկու տարբեր երկիրներ՝ Անգլիան եւ Սքոթլանտան, 4000 համակիրներու ներկայութեամբ:Խաղը վերջ գտած է 0-0 արդիւնքով:
- 1883-ին տեղի ունեցած է առաջին պաշտօնական մրցաշարքը, որուն մասնակցած են՝ Անգլիան, Սքոթլանտան, Իրլանտան եւ Կալեսը (Wales):
- Ոտնագնդակի խաղը երկար ատեն սահմանափակուած է Անգլիոյ մէջ: Աւելի ուշ տարածուած է եւրոպական միւս երկիրներէն ներս:
- Եւրոպայէն դուրս, առաջին խաղը տեղի ունեցած է Արժանթինի մէջ, 1867-ին, սակայն խաղացողները դարձեալ անգլիացիներ էին:
- ՖԻՖԱ-ն (Ֆութպոլի միջազգային կազմակերպութիւնը) հիմնուած է 1904-ին, որ ստորագրուած է հետեւեալ երկիրներուն ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ Ֆրանսա, Պելճիքա, Տենմարք, Հոլանտա, Սպանիա, Շուէտ եւ Զուիցերիա: Սկզբնական շրջանին, Անգլիա մաս չէ կազմած այս կազմակերպութեան, այն համոզումով, որ ինք եղած է այս խաղը հնարողը, սակայն յաջորդ տարին անդամակցած է:
- Անգլիա, մինչեւ 1950 թուական, ՄՈՆՏԻԱԼ-ի խաղերուն չէ մասնակցած:
- Աւելի ուշ, զանազան երկիրներու միջեւ բարեկամական խաղեր տեղի ունեցած են, որոնց հիման վրայ սկսած են մրցաշարքեր կազմակերպուիլ, խաղերու ոճին վրայ հիմնուելով:
- Երբ Լոնտոն 1908-ին հիւրընկալած է Ողիմպիական խաղերը, Ոտնագնդակի խաղն ալ ներառուած է այդ խաղերուն մէջ[2]:
- FIFA World Cup, ՄՈՆՏԻԱԼ-ի ոտնագնդակի միջազգային խաղերը առաջին անգամ տեղի ունեցած են 1930-ին[3]:
- Այդ օրերուն Ողիմպիական ոտնագնդակի խաղը համարուած է ազնուական:
- Իգական սեռը սկսած է ոտնագնդակ խաղալ 1996-էն սկսեալ:
Խաղին օրէնքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գնդակին շրջագիծը 680-711 մմ. է, եւ զանգուածը՝ 396-453 կր., իսկ դարպասին բարձրութիւնը 2,44 մ. է եւ լայնութիւնը՝ 7,32 մ.։
Խաղին օրէնքները՝
- Արգիլուած է ոտքով հարուածել կամ հրել մրցակիցը։
- Արգիլուած է իրարու ձեռքով փոխանցել եւ գնդակին խաղի ընթացքին, առանց որեւէ պատճառի։
- Խաղցողներուն արգիլուած է հագուիլ մեխեր, երկաթի թիթեղներու կամ պինդ ռետինէ կօշիկներ՝ կօշիկներուն մէջ կամ կօշիկներուն վրայ։
- Առանձին ֆութպոլային խաղը բաղկացած է երկու կիսախաղերէ, իւրաքանչիւրը՝ 45 վայրկեան։ կիսախաղերուն միջեւ կայ 15 վայրկեանի դադար մը։
- Խաղը կը նեառէ երկու կողմերու խումբերը՝ իւրաքանչիւրը ընդգրկելով 11 խաղացող։