Jump to content

Մարգարիտ

Մարգարիտները կը ծնին եւ կը մեծնան ոստրէներուն միսին մէջ, անուշ կամ աղի ջուրի մէջ:

Իր արտաքին գրաւիչ տեսքին եւ հայթայթման (որսի) դժուարութեան պատճառով, դարեր շարունակ դասուած է թանկարժէք քարերու շարքին եւ կ'օգտագործուի զարդերու պատրաստման մէջ։

Ոստրէներուն մեծ մասը մարգարիտներ կ'արտադրէ, սակայն կարգ մը մարգարիտներ աւելի յարգի են, քան ուրիշներ: Երբեմն ոստրէին մէջ կարելի է գտնել պարզ «քար» մը, որ շատ հետաքրքրական չէ գոհարեղէններ շինելու համար: Սակայն այլ պարագաներու, ոստրէն սատափ կ'արտադրէ եւ ծնունդ կու տայ շատ գեղեցիկ սեւ, մոխրագոյն, ճերմակ մարգարիտներու:

Աւելի քան երկու հարիւր տարիէ ի վեր, մարդիկ գտած են այս պզտիկ գոհարը: Սկիզբը մարդիկ վայրի ոստրէները կը հաւաքէին անոնց խեցիներուն սատափին համար: Երբեմն սուզուողները անոնց մէջ կը գտնէին մարգարիտ մը: Սակայն ժամանակի ընթացքին այս  ոստրէները հազուագիւտ կը դառնան:

Այժմ մարդիկ կ'աճեցնեն գեղեցիկ ոստրէներ, որոնց մէջ միշտ մարգրիտ մը կարելի է գտնել:

Մարգարիտները կը ծնին եւ կը մեծնան ոստրէներուն միսին մէջ, անուշ կամ աղի ջուրի մէջ: Անոնք յաճախ կը մշակուին երկրագունդի տաք շրջաններուն մէջ. կարգ մը շրջաններ նոյնիսկ մեծ համբաւ ունեցած են ժամանակի ընթացքին: Օրինակի համար, վերջին երեսուն տարիներուն Թահիթին դարձած է ոստրէներու մշակումի ամէնէն ճանչցուած շրջաններէն մէկը:

«Մանուկ» ոստրէները կը հաւաքուին իրենց բնական շրջավայրին մէջէն, ապա կը ձգուին, որպէսզի անոնք հանդարտօրէն մեծնան մօտաւորապէս երկու տարի:

Այս ժամանակաշրջանէն ետք, ոստրէին մէջ կը ներմուծեն պզտիկ «քար» մը: Ան ոստրէին համար օտար մարմին մըն է: Հետեւաբար ան ինքզինք կը պաշտպանէ այս անկոչ «հիւրէն» եւ զայն կը շրջապատէ սատափով, դարձեալ մօտաւորապէս երկու տարուան ընթացքին[1]:

Ապա իւրաքանչիւր ոստրէ կը բացուի եւ անոր մէջ կը գտնուի մարգարիտը[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Մարգարիտը կը ծնի ոստրէի մէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-04-04-ին։ արտագրուած է՝ 2023-08-24 
  2. Մարգարիտը