Համակարգ (բնագիտութիւն)
Համակարգ, կամ հաշուարկման համակարգ, մեքենագիտութեան մարզին մէջ կը նշանակէ կեդրոն եւ 3 ուղղութիւն կամ առանցք, որոնց վերաբերեալ ուրիշ մարմիններու շարժումները կամ տեղափոխումները կարելի է նկարագրել: Դասական մեքենագիտութեան մէջ, շարժում մը միշտ հաշուարկման մարմնի մը վերաբերեալ կը նշուի (զոր օրինակ, երկրի համակարգը, Արեւի համակարգը, աշխատասեղան մը, շարժական մարմին մը որու վերաբերեալ ուրիշ մարմին մը կը քննուի, եւ այլն):
Ընդհանրապէս, համակարգը կը բաղդատուի պինդ մարմնի մը հետ: Կ՛ընտրուի ըստ ուսումնասիրուելիք շարժումներուն, որովհետեւ համակարգէն կախում ունի շարժումի արդիւնքը, քանի որ շաւիղը յարաբերական երեւոյթ մըն է: Թուաբանական նկարագրութիւնը նաեւ կը տարբերի ըստ համակարգին. մէկ համակարգէն ուրիշ համակարգի մը կարելի է անցնիլ, թուաբանական փոփոխութիւններ կատարելով:
Քառաչափ տարածաժամանակային ամբողջութիւնը (կամ քառաչափ տարածք՝) կազմելու համար, 3 առանցքներու եւ կէտի համակարգին, ժամանակի տուեալը պէտք է աւելցնել: Ժամանակին շնորհիւ, արագութիւնը կարելի է ուսումնասիրել:
Դասական մեքենագիտութիւնը կ՛ենթադրէ Կալիլէյեան դասակարգի համակարգ մը, ուր անգործութեան օրէնքը կարելի է ստուգել, այսինքն պինդ մարմին մը առանց այլ ոյժի կը շարունակէ ուղղագիծ հաւասարաչափ շարժումով: Բնագիտութեան բոլոր օրէնքները կարելի չէ սակայն յարգել Կալիլէան համակարգի մէջ. պէտք է մարմինները հիւլէի չափէն մեծ ըլլան եւ արագութիւնը լոյսի արագութենէն շատ ցած: Հակառակ պարագային, յարաբերական կամ քանակական մեքենագիտութեան պէտք է դառնալ:
Դասական մեքենագիտութեան համար, ժամանակը նոյնն է չնայած համակարգին, միայն պէտք է նշան առնել տեւողութիւնները հաշուելու համար: Յարաբերական կամ քանակական մեքենագիտութեան համար, ժամանակի եւ տարածքի միջեւ կան փոխազդեցութիւններ, ուրեմն տարածաժամանակային համակարգ պէտք է:
Ընդհանուր տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնագիտութեան մարզին մէջ, համակարգ մը կարելի է սահմանել 3 ուղղութիւններով, կեդրոն մը (պինդ մարմին, կէտ մը, նիւթական կամ վերացական/ երեւակայական) եւ ժամանակի նշան մը (որ համաշխարհային համարուած է դասական մեքենագիտութեան մէջ):
Տուեալ տարածքին մէջ, կէտ մը 3 դիրքով կը նկարագրուի ըստ X Y եւ Z ուղղութիւններուն եւ O կեդրոնին վերաբերեալ:
Ընդհանրապէս, Կալիլէյեան համակարգ կ՛ընտրուի, ուղղահայեաց ուղղութիւններով, եւ ուղղա-հաւասարաչափ (orthonormé) սլաքներով:
Գործածական համակարգեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կալիլէյեան համակարգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կալիլէյեան համակարգը այն է, ուր Նիւթոնի առաջին օրէնքը կարելի է ստուգել. այսինքն ուր ազատ մարմին մը որու վրայ ոչ մէկ արտաքին ոյժ կ՛ազդէ, կամ արտաքին ոյժերու գումարը զէռօ կ՛արժէ, այն կը մնայ դադարի մէջ կամ ուղղագիծ հաւասարաչափ շարժման մէջ: Կալիլէյեան համակարգին մէջ, այդ մարմնի արագութիւնը հաստատուն կը մնայ ժամանակի ընթացքին, ուղղութեամբ եւ արժէքով:
Ընդհանուր առմամբ, համակարգերը բոլորովին կալիլէյեան չեն ըլլար, սակայն փորձերու տեւողութիւնը եւ ուսումնասիրուած երեւոյթը այդ մօտաւոր հաշիւը կ՛ընդունին:
Երկրային համակարգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամենաշատ գործածուած համակարգը երկրային համակարգն է. կեդրոնը՝ Երկրի վրայ որոշուած վայր մը, առանցքները Երկրի թաւալման հետ կապուած են: «Անշարժ» մարմին մը տեղ չի փոխեր երկրային համակարգին մէջ (Երկրին վրայ կը դառնայ, ինչպէս նաեւ համակարգի առանցքներն ու կեդրոնը, բոլորը նոյն շարժումը կատարելով, երկրային համակարգի վերաբերեալ, շարժում չերեւիր):
Սովորական փորձերու համար, երկրային համակարգը կալիլէյեան կը համարուի, ընդհանրապէս երբ երկրի թաւալման տեւողութենէն կարճ փորձեր կը կատարուին, կամ երբ երկրի թաւալման ազդեցութիւնը շատ տկար է:
Զոր օրինակ, դէպի արեւելք մարմիններու շեղման ազդեցութիւնը, որ կարելի է տեսնել Փարիզի Պանթէոնի 67մ բարձրութիւն ունեցող առաստաղէն կախուած Ֆուքօյի ճօճանակի միջոցաւ[1], զոր կը դառնայ ժամացոյցի սլաքներու ուղղութեամբ փոխանակ շիտակ եւ ուղղագիծ ճօճումի մէջ մնալու: Եթէ Պանթէոնը երկրային համակարգ համարուէր այս փորձը կարելի պիտի չըլլար բացատրել, բացի Գորիոլիս ոյժը նկատի առնելով, այսինքն Երկրային համակարգը ոչ-բոլորովին կալիլէան համակարգ ըլլալու հետեւանքը շտկելու համար:[2]
Երկրակեդրոնական համակարգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրակեդրոնական համակարգը ունի իբրեւ կեդրոն Երկրի կեդրոնը (զանգուածի նկատմամբ), եւ իր 3 առանցքները ուղղուած են դէպի 3 հեռաւոր աստղեր, որոնցմէ երկուքը կրնան ըլլալ Բեւեռային աստղը եւ β-Centauri աստղը: Այսպէս, երկրակեդրոնական համակարգը երկրին հետ չի դառնար: Կարելի է այս համակարգը կալիլէան համարել, եթէ փորձերը չկատարուին տարուան մը ընթացքին, որպէսզի Երկրի թաւալումը Արեւին շուրջ չազդէ: Զոր օրինակ, Երկրէն ուղղուած արբանեակներուն շարժումը կարելի է Երկրակեդրոնական համակարգին մէջ ուսումնասիրել:
Կոպերնիկոսի (Copernic-ի) համակարգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոպերնիկոսի համակարգի կեդրոնը արեգակնային համակարգի զանգուածի կեդրոնն է, եւ 3 առանցքները ուղղուած են դէպի 3 հեռաւոր աստղեր: Կալիլէան կը համարուի, երբ փորձի տեւողութիւնը կարճ է արեգակնային համակարգի շարժումներու աստղահոյլին մէջ, այսինքն 225-250 միլիոն տարի: Այս համակարգը յարմար է արեգակնային համակարգը ուսումնասիրելու համար:
Քեփլերի համակարգ կամ արեւակեդրոնական համակարգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քեփլերի համակարգը ունի իբրեւ կեդրոն Արեւի զանգուածի կեդրոնը, եւ իբրեւ առանցք՝ Կոպերնիկոսի համակարգի զուգահեռ առանցքներ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Համալսարան, «Երկրիս շարժումը», Նշան, 1901-1902, թիւ 9-10, 1901-1902(9-10).pdf (nla.am)
- ↑ Օդերեւոյթի Սիրողական Բնագիտութիւն Շտապող Ամպեր, Հողմապտոյտ, Յարաբերական Խոնաւութիւն Եւ Փոթորկոտ Լիցք – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)[1]