Jump to content

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (անգլերէն՝ Los Angeles Lakers), ամերիկեան արուեստաւոր պասքեթպոլի ակումբ։ Հանդէս եկաւ պասքեթպոլի ազգային միութեան (NBA) արեւմտեան խորհրդաժողովի Խաղաղ Ովկիանոսեան բաժանմունք։ Տեղաւորուած է ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Լոս Անճըլըս քաղաքը։ Կը համարուի լիկայի պատմութեան մէջ ամենայաջող ակումբներէն մէկը։ Ակումբի հիմնադրումը տեղի կ՛ունենայ 1947 թուականին, երբ պասքեթպոլի ազգային լիկայէն (NBL) ձեռք կը բերուի «Տիթրոյիթ Ճէյմզ» կոչուած լուծարուած ակումբը։ Նոր խումը կը սկսի ներկայացնել Մինիափոլիս (Minneapolis) քաղաքը (Մինիսոթա Minnesota նահանգ)՝ կրելով «Մինիափոլիս Լէյքըրզ» անուանումը՝ ի պատիւ Մինիսոթա նահանգին «10 000 լիճերու երկիր» ("Land of 10,000 Lakes") մականուանը։ Սկզբնապէս հանդէս եկաւ պասքեթպոլի ազգային լիկայով, «Լէյքերզ»ը 1948 թուականին կը նուաճէ NBL ախոյեանական տիտղոսը, այնուհետեւ կը տեղափոխուի Ամերիկեան պասքեթպոլային միութիւն (BAA)՝ յաղթելով եւս հինգ ախոյեանական տիտղոս։ 1950-ական թուականներուն ակումբը կը թեւակոխէ ֆինանսական ձախողութիւններու ժամանակաշրջան, եւ 1960-61 մրցաշրջանին ընդառաջ որոշում կը կայացնեն այն տեղափոխել Լոս Անճըլըս։

Պասքեթպոլի փառքի սրահի ապագայ անդամներ Էլճըն Պէյլըրի եւ Ճերի Ոեսթի առաջնորդութեամբ «Լէյքեըրզը» 1960-ականներուն վեց անգամ կը յաջողի դուրս գալ NBA-ի գերեզրափակիչ, սակայն ամէն անգամ պարտուելով արեւելեան համաժողովը ներկայացնող «Պոսթըն Սելթիքսին»։ 1968 թուականին խումբի կազմը կը համալրէ «Լեգենդար» աւանդական կեդրոնական Ուիլթ Չեմպեռլէյնը (Wilt Chamberlain), որուն առաջնորդութեամբ «Լեյքերսը» 1972 թուականին կը նուաճէ թիւով վեցերորդ (ինչպես նաեւ առաջինը Լոս Անճըլըս տեղափոխուելէն ի վեր)ախոյեանական տիտղոսը։ Ուեսթի եւ Չեմբեռլենի մարզական ազպարէզի աւարտէն ետք, «Լէյքըրզ»ը ձեռք կը բերէ Քարիմ Ապտուլ-Ճապարը (Kareem Abdul-Jabbar)։ 1980-ականներին խումբին աւագ դերը կը ստանձնէ խաղարկող Մեճիք Ճոնսըն (Earvin "Magic" Johnson Jr.), որուն շնորհիւ ակումբը կը նուաճէ NBA-ի եւս 5 ախոյեանական գաւաթ։ Ախոյեանական յաղթարշաւին մեծ դերակատարութիւն կունենայ նաեւ մարզիչ Փեթ Ռայլին (Pat Riley)։ 1996 թուականին «Լեյքերսի» կազմը կը համալրեն Շաքիլ Օ'Նիլը (Shaquille Rashaun O'Neal) եւ Քոպի Պրայանթը (Kobe Bean Bryant)։ Օ'Նիլի, Պրայանթի եւ մարզիչ Ֆիլ Ճեքսընի (Philip Douglas "Phil" Jackson) առաջնորդութեամբ ակումբը երեք տարի անընդհատ կը նուաճէ NBA-ի առաջնութիւնը՝ 2000, 2001 եւ 2002 թուականներուն։ Պարտուելով 2004 եւ 2008 թուականներու գերեզրափակիչներուն, «Լեյքերսը» կը կարողանայ յաղթանակած դուրս գալ 2009 եւ 2010 թուականներին՝ նուաճելով 16-րդ ու թերեւս վերջին Ախոյեանական տիտղոսը։

Տան հանդիպումները «Լէքըրզն» կ՛անցնէ «Սթէյփըլզ» կեդրոնի (Staples Center) մարզապալատին մէջ[1]։

Ըստ «Ֆորպս» հանդէսին՝ « Լոս Անճըլըս Լէյքըրզ» կը հանդիսանայ NBA-ի երկրորդ ամենաթանկարժէք ակումբը (1 երկիլիոն ԱՄՆ տոլար)[2]։ «Լեյքերսին» կը պատկանի NBA-ի զարգացման լիգային հանդէս եկող « Լոս Անճըլըս Տի Ֆենտերս» «Los Angeles D-Fenders» կրտսեր ակումբը։

Մինիափոլիսեան Թագաւորութեան Սկզբնաւորումը (1947–1948, 1948–1959)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ճորճ Միքընի առաջնորդութեամբ խումբը կը նուաճէ առաջին հինգ ախոյեանական տիտղոսները

Ակումբը հիմնադրուած է 1947 թուականին, երբ մինիափոլիսցի գործարարներ Պեն Պըրկըրը եւ Մորիս Շալֆընը (Ben Berger եւ Morris Chalfen) 15 000 ԱՄՆ տոլարով[3] ձեռք կը բերեն Պասքեթպոլի ազգային լիկայի (NBL) «Տիթրոյիթ Ճէյմզ» լուծարուած Պասքեթպոլային ակումբը։ Ներշնչուելով Մինեսոթա նահանգի «10 000 լիճերու երկիր» ("Land of 10,000 Lakes") կեղծանունէն, նոր ակումբը կը ստանայ «Լէյքըրզ» (բառացիօրէն՝ լճորդներ) անուանումը[4]։ Մինիափոլիսցի մարզական մեկնաբան Սիտ Հարթմանը, որ մեծ դեր ունեցած էր ակումբի գնման գործընթացքին մէջ, կը միջնորդէ, որպէսզի ակումբի առաջին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը զբաղեցնէ Սուրբ Թովմասի գոլէճի պասքեթպոլային հաւաքականի նախկին մարզիչ Ճոն Քունտլան։

Նոր ակումբին մէջ հանդէս կու գային տպաւորիչ մարզիկներ ՝ Ճիմ Փոլարտը, Հերմ Շայֆըրը (Herm Schaefer) եւ Ճորճ Միքանը[5]։ Միութեան առաջին կանոնաւոր խաղաշրջանին «Լէյքըրզ»ի յաղթանականերուն եւ պարտութիւններուն համեմատութիւնը կը կազմէր 43-17։

«Մինիափոլիս Լէյքըրզի» 1950 թուականի ախոյեանական հաւաքականը
Մինիափոլիսեան խումբի համասեփականատէր Պենճամին Պերճըրը

1948 թուականին խումբը Պասքեթպոլի ազգային լիկայէն (NBL) կը տեղափոխուի Ամերիկեան Պասքեթպոլային միութիւն - BAA): Միութեան մէջ անցուցած առաջին մրցումներու շրջանին կեդրոնական Միքանի 28,3 միաւորը (մ/խ) միջին ցուցանիշը կը դառնայ է BAA-ի չափանիշ (record)։ 1949 թուականի BAA-ի գերեզրափակիչի ժամանակ խումբը 4-2 ընդհանուր հաշուով պարտութեան կը մատնէ «Ուաշինքթըն Քափիթոլս»ին (Washington Capitols) եւ կը նուաճէ առաջին ախոյեանական տիտղոսը։ Յաջորդ մրցումներու շրջանին, կանոնաւոր մրցումներու շրջանին, ցուցանիշը կը բարելաւէ 51-17-ով, ինչպէս նաեւ երկրորդ տարին անընմէջ տիրանալով ախոյեանական տիտղոսին։ 1950-51 խաղաշրջանին Միքանը երրորդ տարին անընդմեջ կը գլխաւորէ առաջնութիւնը միաւորներու դասակարգին կամ ստորոգութեան մէջ (28,4 մ/խ), իսկ խումբին ցուցանիշը կը կազմէ 44-24։ Մրցումներու շրջանին «Լէյքըրզ»ը մրցաշրջանին նուաճած է երկրորդ անընդմէջ բաժանմունքի տիտղոսը։ Կանոնաւոր առաջնութեան հանդիպումներէն մէկուն խումբը ընդամէնը 19-18 հաշուով կը պարտուի «Ֆորթ Ուէյն Փիսթոնսէն» (Fort Wayne Pistons)։ Տեղի ունեցած տխրահռչակ խաղը մինչեւ օրս կը համարուի NBA-ի պատմութեան ամէնէն քիչ թիւով կէտ արձանագրած հանդիպումը։ Փլէյ-օֆի մրցումներուն խումբը պարտութեան կը մատնէ «Ինտիանափոլիս Օլիմփիընզ»ին, սակայն յաջորդ կիսախաղին (round) կը պարտուի «Ռոչեսթըր Ռոյըլզ»էն։

1951-52 մրցումներու շրջանին կանոնաւոր խաղաշրջանին «Լէյքըրզ» կ՝ունենայ 40 յաղթանակ եւ կը գրաւէ բաժանմունքին երկրորդ հորիզոնականը։ NBA-ի գերեզրափակիչի ժամանակ խումբը կ՛ընդհարուի «Նիւ Եորք Նիքս»ի հետ եւ 7-խաղալարուած մրցապայքարին կը կարողանայ տիրել թիւով երրորդ ախոյեանական բաժակին։ 1952-53 խաղաշրջանին Միքան կը դառնայ լիկայի առաջատար՝ անդրադարձներու ասպարէզին մէջ (14,4 ա/խ), ինչպէս նաեւ կը ճանչցուի որպէս «Բոլոր աստղերու հանդիպման ամենաարդիւնաւէտ խաղցող» (MVP)։ Գերեզրափակիչին «Լէյքըրզ»ը պարտութեան կը մատնէ «Նիւ Եորք Նիքս»ին եւ կը տիրանայ չորրորդ (եւ երկրորդ MVP) ախոյեանական տիտղոսին։ Հակառակ անոր՝, որ 1953-54 մրցաշրջանի ընթացքին Ճորճ Միքանի ծունկը վնասուած էր, ան այնուամենայնիւ կը կարողանայ միջինին բերել 18 միաւոր։ 1952 թուականի նախագիծին ընտրուած Քլայտ Լովելեթը (Clyde Lovellette) մեծ ներդրում կ՝ունենայ Արեւմտեան բաժանմունքի տիտղոսի նուաճման հարցով։ Գերեզրափակիչին խումբը պարտութեան կը մատնէ «Սիրաքիւզ Նեյշընըլզ» կոչուող ակումբին եւ կը տիրանայ երրորդ անընմէջ եւ ընդհանուր առմամբ հինգերորդ ախոյեանական տիտղոսին։ 1954 թուականի նախամրցաշրջանին Միքան կը յայտարարէ իր մարզական ասպարէզի աւարտի մասին։ Հակառակ բազմաթիւ ձախողութիւններուն, «Լէյքըրզը» այնուամենայնիւ կը կարողանայ կանոնաւոր խաղաշրջանին 40 յաղթանակ արձանագրել։ Փլէյ-օֆի առաջին խաղի դարձին պարտութեան մատնելով «Ռոյըլըզ»ին, խումբը երկրորդ դարձին կը պարտուի «Փիսթընզ»էն։ Հակառակ յաջորդ մրցաշրջաններուն ունենալով յաղթանակներու եւ պարտութիւններու բասացական յարաբերակցութիւն, «Լէյքըրզ» կը կարողանար ներթափանցել փլէյ-օֆ։ 1955-56 մրցաշրջանին միջնամասի ժամանակ Միքան կ՛որոշէ վերադառնալ «Լէյքըրզ»ի կազմ, սակայն չկարողանալով վերականգնել երբեմնի տոկունութիւնը, կ՛որոշէ մէկընդմիշտ հրաժարիլ պասքեթպոլ ի ասպարէզէն։ 1956-57 մրցաշրջանին Լովելեթ խումբը կ՝առաջնորդէ դէպի փլէյ-օֆի համագումարի եզրափակիչ։ Խումբի պատմութեան վատագոյն մրցաշրջանը կարձանագրուի 1957-58-ին, երբ կանոնաւոր մրցաշրջանին խումբը կունենայ ցածրագոյն 19 յաղթանակ։ Գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը Քունտլային փոխարինելու կու գայ Միքանը, ով նախորդ երկու մրցաշրջաններուն ստանձնած էր ակումբի գլխաւոր ղեկավար վարիչի պաշտօնը։ Միքանի մարզչական ասպարէզը խիստ կարճ կը տեւէ. 9-30 ցուցանիշ ունենալու պատճառով եւ խումբի ղեկավարութիւնը Յունուարին կը հեռացնէ նախկին պասքեթպոլ խաղցողին եւ կը վերականգնեցնէ Քունտլայի մարզչական պաշտօնը[6]։

1958 թուականի նախագիծին խումբը կ՝ունենայ խոր ընտրութեան իրաւունք, եւ այն օգտագործելով կ՝ընտրուի Էլճին Պէյլըրին։ Մեկնարկային մրցաշրջանին Պէյլըր կը ճանչցուի տարուան նորեկ, ինչպէս նաեւ ան կը մասնակցի բոլոր աստղերու հանդիպման՝ դառնալով հանդիպման ամենարադիւնաւէտ խաղցողներէն մէկը։ Բաժանմունքի եզրափակիչին մրցապայքարէն հեռացնելով «Հոքս»ը, խումնբը դուրս կու գայ գերեզրափակիչ, սակայն կը պարտուի «Պոսթըն Սելթիքս»ին։ Այսպէս սկիզբ կ՛առնէ «Լէյքըրզ»ի եւ «Սելթիքս»ի երկարատեւ հակամարտութիւնը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ՍՏԵՅՓԼՍ սենթրի մասին»։ staplescenter.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-09-25-ին։ արտագրուած է՝ Սեպտեմբերի 1, 2008 
  2. Բադենհաուզեն Քուրտ (Հունվարի 23, 2013)։ «NBA-ի ամենաարժեքավոր թիմերը»։ «Ֆորբս»։ արտագրուած է՝ Հունվարի 23, 2013 
  3. «Շումախեր», էջ 93–4
  4. «1956–57 Մինեապոլիս Լեյքերս, կազմ եւ վիճակագրություն»։ «basketball-reference.com»։ արտագրուած է՝ Նոյեմբերի 10, 2010 
  5. «Մինեապոլիս Լեյքերս»։ «sportsecyclopedia»։ արտագրուած է՝ Օգոստոսի, 2008 
  6. «Ջորջ Միկանն աշխատանքի է անցնում«Լեյքերսում»»։ «Յուջին ռեջիստեր գարդ»։ «Ասոշիեդ պրես»։ Հունվարի 16, 1958։ արտագրուած է՝ Նոյեմբերի 10, 2010