Դեղաբանութիւն
Դեղաբանութիւն, գիտութիւն, որ կ՛ուսումնասիրէ մարդու եւ կենդանիներու անդամներու վրայ դեղանիւթերու եւ կենսաբանօրէն աշխոյժ այլ նիւթերու ազդեցութիւնը։ Այդ նպատակով կ՛օգտուին հետազօտման տարբեր ձեւերէն։ Մարդու մարմնի կազմուածքին վրայ դեղանիւթերու ազդեցութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները, որոնք կը ստացուին բուժիչ նպատակով անոնց օգտագործման արդիւնքով, կը կազմեն դեղաբանութեան յատուկ բաժին՝ բուժարանական դեղաբանութիւն։ Դեղաբանութիւնը սերտօրէն կապուած է դեղանիւթերու մասին տարբեր, առաջին հերթին՝ դեղագործական, գիտութիւններու (օրինակ՝ դեղագործական քիմիագիտութեան) եւ դեղագիտութեան (գիտութիւն բուսական եւ կենդանական, ծագման դեղանիւթային հումքի մասին):
Զարգացման պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ թիւով շումերական սեպագիր կաւէ տախտակներ բժշկական դեղատոմսեր կը պարունակէ[1]։
Հին յոյն Տիոկլես Կարիսթացին (Ք․Ա. 4-րդ դար) առաջիններէն էր, որ ուսումնասիրեց բոյսերու բուժական յատկութիւնները։ Ան այդ վերնագրով գրած է շարք մը աշխատութիւններ[2]։
Հայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դեղագործութեան զարգացումը ՀՀ-ի մէջ պայմանաւորուած է 1922-ին, Գ. Մետնիկեանի նախաձեռնութեամբ, ԵՊՀ բժշկական ասպարէզին մէջ դեղաբանութեան ամպիոնի կազմակերպմամբ։ 1965-ին ամպիոնին կից բացուած է սրտանօթային համակարգի դեղաբանութեան հարցային տարրալուծարանին մէջ։ 1968-ին համանուն տարրալուծարան ստեղծուած է Լ. Յովհաննիսեանի անուան սրտաբանութեան հիմնարկին մէջ։ Դեղաբանութեան զարգացման նպաստած է նաեւ 1963-ին Ս. Տովլաթեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած փորձարարական, բուժումի եւ գործարանական արտադրման տարրալուծարանը։
Սկզբնական շրջանին ուսումնասիրուած են հանքային ջուրերու ազդեցութեան մեքենականութիւնը ստամոքսաղիքային համակարգի շարժողական պաշտօններու վրայ (Գ. Մետնիկեան, Ս Միրզոեան)։ ԽՍՀՄ հայրենական պատերազմի եւ յետպատերազմեան տարիներուն, շարք մը դեղանիւթերու փոխարինողներու ստացման անհրաժեշտութենէն ելլելով, դեղաբանութեան ամպիոնը ՀՀ Բուսաբանութեան հիմնարկի հետ համատեղ ուսումնասիրած է հանրապետութեան բուսական, պաշարները եւ յայտնաբերած աւելի քան 65 կալաքարաձեւ բոյսեր։ Փորձարարական, հետազօտութիւններով բացայայտուած են բուսական ծագման հակամանրէական, շնչառութեան եւ արեան շրջանառութեան խթանիչներ, արեան ճնշումը իջեցնող, միզամուղ, արիւնահոսութիւնը դադարեցնող դեղանիւթեր։ ԵՊԲՀ դեղաբանութեան ամպիոնը ԵՊՀ-ի եւ Կենսագիտական հիմնարկի հետ մշակած է նիւթի կառուցուածքի կապը անոր դեղաբանական, ազդեցութեան հետ։ Հետազօտուած են ստամոքսաղիքային համակարգի պաշտօններու վրայ։ Կարեւոր են նաեւ հակախոցային նոր դեղանիւթերու որոնման եւ անկէ առաւել աշխոյժ պատրաստուկներու ազդեցութեան մեքենականութեան ուսումնասիրութիւնները։
Է. Գաբրիելեանի ղեկավարած գիտահետազօտական խումբը կ՛ուսումնասիրէ անօթարիւն համակարգի պաշտօնական հաւասարակշռութեան խանգարումները զանազան արտակարգ եւ որոշ ախտաբանական վիճակներուն մէջ (պարբերական հիւանդութիւն, անօթային հիւանդութիւններ), ինչպէս նաեւ բացայայտուած խանգարումներու հնարաւոր բժշկականութիւնը, այդ թուին՝ ժողովրդական բժշկութեան մէջ աւանդաբար օգտագործուող դեղաբոյսերէն ստացուող բուսական պատրաստուկներու օգնութեամբ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ John K. Borchardt (2002)։ «The Beginnings of Drug Therapy: Ancient Mesopotamian Medicine»։ Drug News & Perspectives 15 (3): 187–192։ ISSN 0214-0934։ PMID 12677263։ doi:10.1358/dnp.2002.15.3.840015
- ↑ Edward Kremers, Glenn Sonnedecker (1986). "Kremers and Urdang's History of pharmacy". Amer. Inst. History of Pharmacy. p.17. ISBN 0931292174