Jump to content

Գուլպայ

գործած գուլպա

Գուլպայ, հագուստի համալիրի մաս՝ ոտքերու հագնելիք։ Հայաստանի մէջ յայտնի է ուրարտական շրջանէն։ Կը հագնին տղամարդիկ եւ կիները։ Կը գործեն շիւղերով եւ հլունով։ Կրնան ըլլալ բուրդէ, բամպակէ, այծի մազէ։ Կան կարճաճիտ, երկարաճիտ, թաթով եւ անթաթ։ Գուլպան կը նախշազարդուի խորհրդանշանային իմաստներ ունեցող բուսական, կենդանական եւ երկրաչափական նախշերով։

Կազմուած նորահարսի օժիտի մէկ մասը եղած է, նուիրատուութեան առարկայ։