Սուրբ Սարգիս Եկեղեցի (Երեւան)
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Կրոնական կառույց Սուրբ Սարգիս մայր եկեղեցի, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցի Երեւանի մէջ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երեւանի երբեմնի բերդի դիմաց, Ձորագիւղի կամ Խնկելաձորի վերը՝ Հրազդան գետի ձախ ափին, քրիստոնէութեան վաղ շրջանէն կը գործէր վանք-անապատ մը։ Ան պարիսպներով շրջապատուած ընդարձակ համալիր մըն էր՝ բաղկացած Սուրբ Սարգիս, Սուրբ Գէւորգ եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիներէն, առաջնորդարանի ու թեմական դպրոցի շէնքերէն, այգուց եւ այլ կառոյցներէն։ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին առաջնորդանիստ էր, անապատը՝ կաթողիկոսական իջեւանատեղ։
Սբ. Սարգիս եկեղեցին վանք-անապատի հետ միասին աւերուած է 1679 թուականի մեծ երկրաշարժի ժամանակ եւ վերակառուցուած նոյն տեղը՝ եդեսացի Նահապետ կաթողիկոսի գահակալութեան տարիներուն (1691-1705)։
Ներկայիս Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կառուցուած է 1835-1842։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգեն Ա Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրով ան հիմնովին նորոգուեցաւ ու բարեկարգուեցաւ։
Ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայելեանի` 1972 թուականի կազմած նախագիծով սկսաւ Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ նորոգումը։ Եկեղեցւոյ հին շէնքը պահպանուած է, ճակատները երեսպատուած են Անիի նարնջագոյն տուֆով եւ ունին եռանկիւնաձեւ խորշեր։ Ճարտարապետ Ռ. Իսրայէլեանի մահէն ետք հետագայ աշխատանքները շարունակած է ճարտարապետ Ա. Գալիկեանը։ 1971-1976 թուականներուն եկեղեցին հիմնովին բարեկարգուած է, արեւմտեան հատուածին մէջ երգչախումբի համար կառուցուած է վերնատուն։ Հին թմբուկի ու գմբէթի փոխարէն կառուցուած է առաւել բարձրադիր գմբէթ` բազմանիստ թմբուկով եւ պսակուած հովհարաձեւ վեղարով։ 2000 թ. աւարտած է Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ զանգակատան կառուցումը։ Քանդակագործ Արտաշես Յովսէփեանի մտահղացումն է արեւմտեան շքամուտքը, փայտէ դուռը, իսկ շքամուտքէն վեր գտնուող հարթաքանդակները Աղթամարի Սբ. Խաչ տաճարի քանդակներու թեմաներով են։ Քանդակագործներ Ս. Դադոեանի եւ Մ. Յարութիւնեանի ջանքերով եկեղեցւոյ ներսը գմբէթի տակ գտնուող առագաստներու քանդակազարդ աշխատանքները Արենիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ առագաստներու քանդակներու նմանութեամբ ստեղծուած են։
Սբ. Սարգիս եկեղեցոյւ հիմնական վերակառուցումը կատարուած է լոնդոնաբնակ բարերար Սարգիս Քյուրքճեանի եւ անոր զաւակներու նուիրատուութեամբ։ Եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարուած է 3 Նոյեմբեր 1976 թ.։ Վեհափառ հայրապետ Վազգեն Առաջինը իր քարոզին մէջ նշած է. «Քաղաքամայր Երեւանը օժտուեցաւ նոր զարդով մը, հայկական ճարտարապետութեան նոր կոթողով մը, աղոթքի սքանչելի սրբավայրով»։