Աշխարհի ամէնէն մեծ օդանաւը (A380)
Արտաքին տեսք
(Վերայղուած է Աշխարհի ամէնէն մեծ օդանաւը-էն)
Էյր Պաս 380 (Airbus A380) Աշխարհի ամէնէն մեծ ճամբորդական օդանաւը:1965-էն ի վեր այս տիտղոսը կը պատկանէր Պոյինկ 747 անունով օդանաւին, սակայն տասը տարուան աշխատանքէ ետք, Յունուար 2005-ին կը ծնի Էյրպաս ամէնէն նոր օդանաւը՝ A 380, որ կը տիրանայ աշխարհի ամէնէն մեծ օդանաւի տիտղոսին։
Օդանաւը առաջին անգամ Սինկափուրի օդանաւային ընկերութեան կը տրամադրուի 18 Հոկտեմբեր 2007-ին եւ կը սկսի թռչիլ 25 Հոկտեմբերին:
Օդանաւը կ'արտաբերէ օդը նուազ ապականող կազեր, ինչպէս նաեւ նուազ աղմկարար է, աւելի նորաձեւ ու հանգստաւէտ։ Օժտուած է մարզանքի, մանուկներու խաղավայրի եւ պիլիարտի յատուկ սրահներով։[1]
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
A380-ի առաջին ցուցադրութիւնը՝ Թուլուզ, Ֆրանսա, 18 Յունուար 2005-ին
-
A380 Սինկափուրեան օդանաւը՝ Սիտնիի օդակայանէն
-
A380 Էմիրէյթ ընկերութեան պատկանող օդանաւին մէջ
-
A380 Էմիրէյթ ընկերութեան պատկանող օդանաւին լոգարանը
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Ծիածան» պարբերաթերթ, Ազգ․Քարէն Եփփէ Ճեմարանի։