Jump to content

Ազգ․ Սահակեան Վարժարան (Հալէպ)

Ազգ․ Սահակեան Վարժարան, երկսեռ վարժարան, հիմնուած 1927-ին։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1926-ին Արտաւազդ Ծ․Վրդ. Սիւրմէեանի Առաջնորդութեամբ, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղական Խոորհուրդը , Մէյտան (Նոր-Գիւղ)կոչուող վայրին մէջ, Քարէն Եփփէի «Կանանց եւ մանուկներու պաշտպանութեան գործ»կոչուող այրիախնամ եւ որբախնամ հաստատութեան նոր կեդրոնին կից մեծ հողատարածքը կը գնէ ու բարերարներու օգնութեամբ կը կառուցէ շուրջ 40 ընդարձակ սենեակներ հաշուող Ազգ․գաղթակայանը ,ուր կը բնակեցուին խարբերթցի գաղթականներ։Նոյն շարքին հարաւային կողմը , գաղթակայանի մուտքին դիմաց կը կառուցուի դպրոցական շէնքը, որ ունէր խաչաձեւ կերպարանք, ու նախատեսուած էր 150-200 աշակերտներու համար։

1927-ի վերամուտին պատրաստ էր արդէն դպրոցական շէնքը, զոր կը կոչուի Ազգ. Սահակեան վարժարան՝ ի պատիւ Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեանի ։

Նորակառոյց դպրոցի սենեակներէն մէկը կը վերածուի մատրան՝ Ս.Գր.Լուսաւորիչ անուամբ, գաղթակայանի եւ Քարէն Եփփէի հաստատութեան հոգեւոր պէտքերը հոգալու համար։

Օրէ օր,ամսէ ամիս այս կեդրոններուն շուրջ ,որ ամբողջապէս ամայութիւն էր, թաղամասեր կը կուտակուին ու փողոցներ կերպարանք կը ստանան։1930-ին արդէն կերպարանք եւ անուն ստացած Նոր Գիւղին մէջ ,Սահակեան վարժանրանի եւ Ազգ. Գաղթակայանի միջեւ գտնուող տարածութեան մէջ հիմնարկէքը կատարուած Ս.Գր.Լուսաւորիչ Եկեղեցին։

Ազգ․ Սահակեան վարժարան եւ նոր կառուցուող Ս․Գ․Լուսաւորիչ եկեղեցի ( արեւելքէն)

Սկզբնական տարիներուն Սահկեան վարժարանը Նոր Գիւղի, ինչպէս նաեւ նորահաստատ հայկական մօտիկ թաղամասերու հայկական միակ վարժարանն էր։ Աւելի ուշ երբ այս թաղերու բնակչութիւնը կը բազմապատկուի ,կը բացուին նաեւ այլ վարժարաններ։

Գաղթակայանը եւ Տիգրանեան շէնքը

1926-ին իբրեւ գաղթակայան կառուցուած միայարկ շինութիւնները ,տարիներու թաւալումին հետ աստիճանաբար կը պարպուին գաղթականներէ եւ կը տրամադրուին Սահակեան վարժարանին ։

Ըստ 1950-ի տուեալներուն Ազգ. Սահակեան վարժարանը ունէր 475 երկսեռ աշակերտութիւն, 17 հայ պաշտօնեաներ կը վարեն կրթական գործը[1]:

1960-կան թուականններուն ազգային վարժարանները նոր շէնքերով օժտելու շինարարական մեծ թափ սկիզբ կ'առնէ Հալէպի մէջ ։ Այս ծիրէն ներս,Ազգ․ Առաջնորդարանի,Ս․Գ․Լուսաւոիչ եկեղեցւոյ եւ «Սահակեան ընտանիք»ի ընձեռած միջոցներով 1959-1960 տարեշրջանի աւարտին , քննութիւններէն անմիջապէս ետք կը քանդուին որպէս գաղթակայան կառուցուած եւ շուրջ երեսուն տարի վարժարանին ծառայած միայարկ շինութիւնները։Ամառնային արձակուրդի երեք ամիսներու ընթացքին կը կառուցուի Սաակեան վարժարանի նախակրթարանի երկյարկանի շէնքը։Շինարարութեան արագ իրագործման մէջ մեծ եղած է ներդրումը հոգաբարձութեան նախկին անդամ,շինարարական գործերու կապալարու Խաչատուր Տօնիկեանին։ 1960-1961 տարեշրջանը նախակրթարանը կը սկսի նոր շէքին մէջ։

Նորակառոյց շէնք
Նորակառոյց դպրոց ( բակէն)
Մանկապարտէզի հին կառոյցը
Մանկապարտէզի նոր շէնքի հիմնարկէք 30 Մայիս 1993

Մանկապարտէզին յատկացուած առաջին շէնքի դասարանները անբաւարար ըլլալով,70-ական եւ 80-ական թուականներուն կը կառուցուին նոր դասարաններ,սակայն միշտ ալ առկայ կը մնայ շէնքը հիմնովին փոխելու խնդիրը։Գործնական քայլերու կը դիմուի 1990-ականներու սկզբնաւորութեան։Յարմարագոյնը կը համարուի շէնքը կառուցել ոչ թէ նոյն տեղը,այլ նախակրթարանի շէնքին կից։ Հիմնարկէքը կը կատարէ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ.Սուրէն Արք.Գաթարոյեան ,30 մայիս 1993-ին, Ս.Գ․ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած պատարագէն ետք։

Պաշտօնական բացումէն պատկեր

1995-1996 տարեշրջանի վերամուտին մանկապարհէզի նոր շէնքին շինարարութիւնը աւարտին մօտեցած է։ Երկյարկ է , վարի յարկին վրայ ունի բողբոջի երեք դասարաններ,երաժշտութեան սենեակ,խաղասրահ,տեսչարան,խոհանոց եւ լուացարաններ,իսկ երկրորդ յարկին վրայ՝ երեք սենեակ Կոկոնի, երեք սենեակ Ծաղիկի,մէկական սենեակ ուսուցչարանի ,գծագրութեան ու համակարգիչի համար, եւ լուացարաններ։Ներքնայարկին մէջ ունի երկու մառան եւ սրահ մը, ուր կը գործէ մանկապարտէզի տիկնիկային թատրոնը։ 5*3 մեթր տարածութեամբ բեմը կրնայ ծառայել թատերական ներկայացումներու համար եւս։

1995-1996 տարեշջանի վերամուտէն մէկ ամիս ետք մանկապարտէզը կը փոխադրուի նոր շէնքը։Տեղափոխութիւնը կը կատարուի Սրբազան հօր ներկայութեամբ ու անոր աղօթքով։Պաշտօնական բացումը կը կատարուի 16 Ապրիլ 1996-ին Արամ Ա.Վեհափառին կողմէ, որ հովուապետական իր առաջին այցելութիւնը կը կատարէր Բերիոյ Թեմին։Հոգաբարձութիւնը ամբողջովին կը կահաւորէ նոր շէնքը։

Նախակրթարանի դարասրան
Նախակրթարանի դարասրան

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան շնորհիւ մանկապարտէզի եւ նախակրթապանի բոլոր դասարանները կ՝օժտուին նոր մանկական աթոռ-սեղաններով ու գրասեղաններով։Դարձեալ Գալուտ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան շնորհիւ , նախակրթարանը կօժտուի համակարգիչներու յատուկ սենեակով ։

Համակրգիչներու սրահ
Պատմութեան դահլիճ-գրադարան

2010 թուականի Հոկտեմբերին տիար Յակոբ Փալանճեանի բարերարութեամբ կը կատարուի վարժարանի պատմութեան դահլիճի եւ բարեկարգուած գրադարանի բացումը։

Պատմութեան դահլիճ-գրադարան 2

Հալէպահայ գաղութի ամէնէն բազմամարդ վայրին ,մէջ գործող Ազգ. Սահակեան վարժարանը ,աւելի քան ութը տամնամեակ անխաբան գործած է հայապահպանման ու հայացման սրբազան գործը առաջ կը տանելու վճռակամութեամբ եւ տարուէ տարի ընթացած է աւելի հաստատ հաւատքով ու աւելի ուժեղ, եղած է միշտ Հալէպի մեծագոյն հայ նախակրթարաններէն մէկը ։

Սուրիական պատերազմի տարիներուն ,վարժարանի շէնքը գտնուելով պատերազմական թէժ գործողութեանց տարածքի մէջ ,2012 տարեշրջանէն տեղափոխուած է եւ դասաւանդութիւնը իրականացուած է Ազգ․ Կիւլպէնկեան վարժարանի շէնքին մէջ ։2015-16 տարեշրջանին Ազգ․ Զաւարեան ապա 2016-17 տարեշրջանին Ազգ․ Հայկազեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարաններուն հետ միացուած՝ շարունակած է գործել Ազգ․ Միացեալ Նախակրթարան անունով ։

Վարժարանի համալիրը 2012-ին


Աշակերտութեան պատկեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տնօրէններ եւ Մանկապարտիզպանուհիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շրջանաւարտից միութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2007-ին Ա․Մ․Ն․ի Գալիֆորնիա նահանգին մէջ կը հիմնուի եւ գործունէութիւն կը ծաւալէ Ազգ․ Սահակեան վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնը։ Միութիւնըստեղծած է նաեւ դիմատետրի իր էջը ( Sahagian School Alumni in Los Angeles, CA )։

2010-ին Հալէպի մէջ եւս կը հիմնուի Ազգ․ Սահակեան վարժարանի շրջանաւարտից միութիւն,որ կարճ ժամանակ միայն կը յաջողի գործունէութիւն ծաւալել։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]