Փիլիպոս Դերձակեան

Փիլիպոս Դերձակեան
Ծնած է 1912
Ծննդավայր Մամսայ գիւղ, Չմշկածաք
Մահուան վայր Սիտնի, Աւստրալիա
Ազգութիւն Հայ
Աշխատավայր Հայկազեան Ազգային Վարժարան
Ամուսին Երջանկուհի
Ծնողներ Նազարէթ Դերձակեան եւ Աղաւնի
Երեխաներ Գեղանի Դերձակեան, Հուրի Դերձակեան-Հերկելեան եւ Խաժակ (Սեւակ) Դերձակեան

Փիլիպոս Դերձակեան տնօրէն Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարան, մանչերու բաժնի: Արմատներով՝ խարբերդցի: Աւարտած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1958-1983 տարիներուն, Հալէպի Հայկազեան վարժարանի տղոց բաժնի տնօրէն երախտարժան Փիլիպոս Դերձակեանը, որ Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի անդրանիկ շրջանաւարտներէն էր, առաջինն էր, որ նախաձեռնեց իր տնօրինած դպրոցի յուշամատեանի պատրաստութեան 1979 թուականին, այդ տարին կը զուգադիպէր՝ 1919-ին Հայկազեան անուանակոչութեան վաթսունամեակին, նախապէս վարժարանը Ներսէսեան կը կոչուէր: Գործը նախատեսուածէն աւելի դժուար էր, ան ձեռնարկեց նկարներու հաւաքման, անուանացանկերու պատրաստութեան, արխիւներու սերտողութեան, բանասիրական հսկայ աշխատանք պահանջող ծրագիր մը, որուն հրատարակութեան ականատես չեղաւ պարոն տնօրէն Դերձակեան, Սիտնի, Աւստրալիա մեկնելէ առաջ:[1]

Հալէպի հնագոյն դպրոցի՝ Ազգային Հայկազեան վարժարանի մեր տնօրէնը, երախտարժան պրն. Փիլիպոս Դերձակեանը: Անոր տնօրէնութեան տարիներուն երբ աշակերտ էի, բախտաւորութիւն ունեցած ենք հայերէն լեզուի ուսուցիչի բացակայութեան պարագային վայելելու իր ներկայութեանը: Յիշեցի իր կուռ բովանդակալից ներկայացումը մեր ոսկեղնիկին, հոս անդրադարձայ որ Աղբալեան – Շանթ զոյգին շունչը հասած էր նաեւ մեզի: Արդէն ՇՈՂԱԿԱՆ դասագիրքի կողքին, ունէինք Լեւոն Շանթի «ԳՐԱՒՈՐ ԴԱՍԵՐ»ը [2]:
- ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Ժընեւ July 30, 2020


Ազգ. Հայկազեան վարժարանի նախակրթարանի (մանչերու բաժին) մեր բարեհամբոյր տնօրէնը`Փիլիպոս Դերձակեան, իր քառորդ դարու պաշտօնավարութեան (1958-1983) վերջին շրջանին ձեռնարկեր էր շատ կարեւոր աշխատասիրութեան մը. գրառումը Հայկազեան վարժարանի հարուստ պատմութեան:

Կարճ ժամանակի մէջ գործը սկսեր էր մարմին առնել ու ի մի բերուեր էին արխիւային թանկարժէք բազմաթիւ նիւթեր` երբ Փիլիպոս Դերձակեան 1988-ին ընտանեօք տեղափոխուեցաւ սփիւռքի հեռաւորագոյն անկիւնը` Աւստրալիա, ուր եւ փակեց իր մշտախոնաւ աչքերը:

Իր անաւարտ գործը կտակ մնաց գաղութին [3]:
- ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ 27 մայիս 2012, Հալէպ:


Հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան, Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին, 8 Դեկտեմբեր 1988-ի թիւով, «Ողջերթ Պարոն Փիլիպոս Դերձակեանի» թղթակցութեամբ, հետեւեալ տողերը կը գրէր. «Հայկազեան վարժարանի մանչերու բաժնի այժմու տնօրէն Հրայր Յակոբեան, որ անդրադառնալէ ետք 1958-1983 վարժարանէն ներս Փիլիպոս Դերձակեանի բոլորանուէր ծառայութեանց, խոստացաւ ուսումնական ներկայ տարեշրջանին հրատարակութեան յանձնել Հայկազեան վարժարանի ամբողջական պատմութիւնը ընդգրկող յուշամատեանը, պատրաստուած՝ օրուան մեծարեալին կողմէ» [1]:
- Մաթիկ Էպլիղաթեան


Փաստօրէն Հայկազեանը մնաց առանց «Յուշամատեան»-ի, մինչ վերջին երկու տասնամեակներուն իրենց պատմագիրքերն ունեցան Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, Կրթասիրացը, Կիլիկեանը, Մխիթարեանը, Կիւլպէնկեանը, Սահակեանը, Մեսրոպեանն ու Լազար Նաճարեանը, նոյնիսկ` Դամասկոսի Միացեալ վարժարանները:

Արդ, ո՞վ պիտի դարմանէ այս վհատեցուցիչ յապաղումը ու լրջօրէն հետապնդէ Փ. Դերձակեանէն աւանդ թողուած գործին հրատարակութիւնը:

Հարցումը կ՛ուղղենք…«Հայկազեանցի»-ի իրաւունքով [3]:
- ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ


Պարոն Դերձակեան, Ինք, իր ասպարէզը հաւանաբար աղօթքի նման ինքնաբուխ նուիրումի վերածած էր։ Իրեն համար միայն հայ աշակերտով կարելի պիտի ըլլար ապրեցնել Մեսրոպ Մաշտոցը։ Պարոն Դերձակեան, իբրեւ իսկական մտահոգ եւ մտածող, երազը կեանքի վերածող լոյսի ճամբուն առաջնորդող հայն էր։ Ամեն դասի պահուն կը խօսէր, կը յորդորէր, որ մենք աշխատինք բարձր բռնել հայ մտքի «ջահը»[4]։


Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ ծխական դպրոցը՝ Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանը, հիմնուած՝ 1852 թուականին, 160 տարի լուսաւորելէ ետք, 2012-2013 կրթական տարեշրջանի աւարտին փակեց իր դռները: Պետութեան կողմէ 1967 թուականին սեփական վարժարաններու մասին հաստատուած օրէնքէն ետք, Հայկազեան վարժարաններու երեք արտօնագիրները պահպանելու հեռանկարով, միւս կողմէ՝ ամբողջական եւ արդիական նոր կառոյցի մը երազը իրագործելու դժուարութիւններուն պատճառով, առժամեայ լուծումներէն էր Նայեալի շրջանին մէջ հոգեւոր եղբայրակցութեան «Կենաց» վարժարանի գնումը, որ յատկացուեցաւ՝ որպէս տղոց բաժին: Հալէպի թանգարաններու տնօրէնութեան յանձնելով Ճիտէյտիէի մէջ «Պէյթ Ղազալէ» արաբական ապարանքը: Որպէս փոխհատուցում՝ քաղաքապետութիւնը Ազգ. Իշխանութեան տրամադրեց Սուլէյմանիէի հայաշատ շրջանի մէջ հողաշերտ մը, հոն կառուցուեցաւ Կիւլպէնկեան վարժարանը եւ «Եսայեան» սրահը, որ այժմ կը գործէ որպէս Ազգային Միացեալ վարժարան:

Արտերկրի հնագոյն կրթօճախներէն աւելի քան հինգ դարու պատմութիւն ունեցող, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ ծխական դպրոցը՝ Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանը, հիմնուած՝ 1852 թուականին, 160 տարի լուսաւորելէ ետք, 2012-2013 կրթական տարեշրջանի աւարտին փակեց իր դռները: Սուրիական կատաղի պատերազմին եւ սուրիահայութեան ու յատկապէս հալէպահայութեան աննախընթաց արտագաղթին պատճառով, քաղաքին մէջ գործող չորս ազգային վարժարաններ՝ Հայկազեան, Սահակեան, Զաւարեան եւ Կիւլպէնկեան, Բերիոյ հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան որոշումով եւ տնօրինութեամբ խմբուեցան Ազգային Միացեալ վարժարան անուան տակ:

Այսպիսով շիջեցաւ հայոց արդի պատմութեան կրթական հզօր ամրոցներէն մին, որուն աշխարհասփիւռ շրջանաւարտները սարսուռ մը ապրեցան, երբ լսեցին անոր փակումին բօթը: Բաղդատութիւն մը կատարելով այս համախմբուած վարժարաններուն միջեւ՝ Հայկազեանը կը հանդիսանայ դժբախտութեան ախոյեան, երկու հիմնական պատճառներով:

Տարագիր հայութեան գալուստէն շատ առաջ գործող այս կրթօճախը մնացած է բաժնուած, իր երեք մասնաշէնքերը՝ մանկապարտէզ, աղջկանց եւ տղոց բաժիններ իրարմէ հեռու թաղեր հաստատուած են, յատկապէս մանկապարտէզը, որ վերջին քառասուն տարիներուն, որպէս առժամեայ միջոցառում, փոխադրուեցաւ Նոր Գիւղ, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի պարտէզին մէջ, նախկին գիշերօթիկներու Տիգրանեան շէնքը, արդիական մանկապարտէզի մը յարմարութիւններէ զրկուած: Աղջկանց բաժինը կը գործէր 1950-ական թուականներուն եկեղեցւոյ կից կառուցուած շէնքին մէջ, որ ընդհանրապէս նեղ կու գար, քաղաքի կեդրոնական թաղերուն՝ Ազիզիէի, Սալիպէի, Նայեալի եւ Սուլէյմանիէի բնակիչներու զաւակներուն:[1]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]