Ցնցղիկատապ

Ցնցղիկատապը ցնցղիկներու (bronchiols) սուր բորբոքում մըն է, որ ընդհանրապէս կը պատահի մանուկներու մօտ եւ որուն հիմնական ախտանշանը դժուար շնչառութիւն-շնչահեղձութիւն է (dyspnea): Անիկա կը յառաջանայ ընդհանրապէս վերին շնչառական համակարգի ժահրային (viral) կամ ցպկային (bacterial) հիւանդութեան մը գոյութեամբ, օրինակ՝ հարբուխ եւ «կռիփ» (influenza):

Ցնցղիկներու բորբոքումով անոնց ներքին պատերը կը հաստնան եւ ցնցղիկները կը նեղնան ու կը խցուին մասնակի կամ ամբողջապէս: Այս բոլորին հետեւանքով ախտահարուած մանուկը կ'ունենայ շնչահեղձութիւն եւ շունչի սուլոց (stridor):

Ցնցղիկատապը ընդհարապէս կը պատահի մանուկի կեանքին առաջին երկու տարիներուն եւ առաւելաբար առաջին երեքէն-վեց ամիսներու ընթացքին: Մանչեր աւելի հակամէտ են ցնցղիկատապի: Ցնցղիկատապը կը զարգանայ առաւելաբար այն մանուկներուն մօտ, որոնք իրենց մօր կաթով չեն սնանիր (breast feeding), որոնց ծնողքը կը տառապի թոքերու եւ սրտի մնայուն-երկարատեւ հիւանդութիւններէ, կ'ապրին խճողուած եւ ապականած միջավայրի մէջ, ենթակայ են թունաւոր եւ քիմիական կազերու ու ծխախոտի ծուխին:

Պատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցնցղիկատապը ընդհանրապէս մեղմ եւ անցողակի հիւանդութիւն մըն է, սակայն յաճախ կը վերածուի մտահոգիչ եւ լուրջ հիւանդագին կացութեան մը հետեւեալ պատճառներով՝

  • Մանուկներու կանխահասութիւն (prematurity), այսինքն՝ մանուկներ, որոնք սաղմային լրիւ ինը ամիսները չամբողջացուցած կը ծնին.
  • Մանուկներու տկար դիմադրողականութիւն (immunity).
  • Մանուկներու ընդհանուր առողջական վիճակը, ի մասնաւորի՝ նախապէս գոյութիւն ունեցող սիրտի եւ թոքերու հիւանդութիւններ:

Ախտանշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցնցղիկատապի բորբոքումին թխսաւորումի (incubation) ժամանակաշրջանը 2-7 օր է, այսինքն՝ երբ առողջ մանուկ մը վարակուի հիւանդ մանուկի մը մանրէներով, անոր ախտանշանները կը յայտնուին վարակումէն 3-7 օր ետք:

Ցնցղիկատապի ախտանշանները կը յայտնուին հետեւեալ ընթացքով՝

  • Հարբուխի նշաններ՝ քիթի խցում, քթահոսք, մեղմ ջերմ եւ հազ, որոնք կը տեւեն մէկ կամ երկու օր.
  • Մեղմ հազը եւ ջերմը կը վերածուին խուխով եւ կամ առանց խուխի ուժգին հազի ու բարձր ջերմի.
  • Շունչի սուլոցի եւ շնչահեղձութեան յայտնաբերում,
  • Արագ սիրտի զարկ եւ շնչառութիւն.
  • Կրծքավանդակի ներքաշում (retraction).
  • Անհանդարտութիւն եւ դժուար քուն.
  • Յոգնածութիւն եւ ախորժակի նուազում եւ փսխունք:

Կանխարգիլում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցնցղիկատապի զարգացումով մանուկը կ'ունենայ աւելի շնչահեղձութիւն, ջրանուազում (dehydration), կապտութիւն (cyanosis) եւ շնչադադար (apnea):

Ցնցղիկատապը փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է: Անիկա կը փոխանցուի հիւանդ մանուկին քիթի եւ բերանի հեղուկներով, փռնգտալով, հազալով, անոր խաղալիքներով, հագուստներով, դգալ-պնակով եւ հիւանդին դպնալով: Անիկա աւելի փոխանցիկ է մանկամսուրներու մէջ, որովհետեւ ցնցիղակատապով վարակուած մանուկ մը շուտով կը վարակէ իր շուջը գտնուող բոլոր մանուկներուն:

Կանխարգիլելու համար մանկամսուրներու մէջ ցնցղիկատապի տարածումը, հոն գործող անձնակազմի անդամները յաճախ պէտք է լուան իրենց ձեռքերը եւ հեռացնեն վարակուած մանուկը մնացեալ առողջ մանուկներէն:

Տեսնուած է որ կրկնովի ցնցղիկատապ ունեցող մանուկ մը յետագային իր մէջ կը զարգացնէ մնայուն շնչահեղձութիւն (asthma) եւ կամ մնայուն ցնցղատապ (bronchitis):

Ախտաճանաչում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցնցղիկատապի ախտաճանաչումը պէտք է կատարուի շուտով՝ նախքան անոր զարգացումը: Բժիշկը տեսնելէ ետք մանուկը, մտիկ կ'ընէ մանուկին թոքերը ընկալուչով (stethoscope), որ կը յայտնաբերէ թոքային շունչի սուլոց եւ խզզոց (rales): Յաճախ Ք (K) ճառագայթային նկարահանումը պարտաւորիչ կը դառնայ զատորոշելու համար ցնցղիկատապը թոքային այլ հիւանդութիւններէ:

Դարմանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցնցղիկատապի դարմանումը կ'ընթանայ հետեւեալ ընթացքով եւ միջոցառումներով՝

  • Ընդհանրապէս ցնցղիկատապէ ախտահարուածներուն մեծամասնութիւնը կ'ունենայ մեղմ ընթացք, հետեւաբար անոնք դարմանումի կարիքը չեն ունենար.
  • Ցնցղիկատապերուն մեծամասնութեան հիմնական ախտապատճառը ժահրային բորբոքում է, հետեւաբար հակամանրէական դեղեր չեն գործածուիր, որովտետեւ անոնք ժահրերու դէմ չեն գործեր.
  • Ցպկային բորբոքումներու պարագային հակամանրէական դեղերու գործածութիւնը պարտաւորիչ է.
  • Ցնցղիկները ընդլայնելու եւ շունչի սուլոցը մեղմացնելու համար մանուկին կը կիրարկուի ցնցուղներու եւ ցնցղիկներու լայնացուցիչ (bronchdilators), corticostertoid դեղեր, շոգիի ներշնչում (vapor inhalation), չոր հազի համար՝ հակահազ դեղեր, իսկ խուխով հազի համար՝ հազացուցիչ (expectorants) դեղեր:
  • Կիրարկուած շոգին շատ տաք պէտք չէ ըլայ, որովհետեւ շատ տաք շոգին կրնայ յառաջացնել քիթի, բերանի, խռչափողի, շնչափողի եւ ցնցուղներու այրուածք,
  • Բարձր ջերմը մեղմացնելու համար օգտագործել հակաջերմ դեղերը:

Յաւելեալ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մաքրել մանուկին քիթը աղի ջուրով կաթեցուցիչի (dropper) մը միջոցաւ սնանելէ եւ քունէ առաջ, որպէսզի քիթի խցումով չպատահի երկրորդական շնչահեղձութիւն:

Ցնցղիկատապի զարգացումով եւ ախտանշաններու յայտնաբերումով ախտահարուած մանուկը շուտափոյթ պէտք է փոխադրուի հիւանդանոց, ուր կը կիրարկուի շտապ դարմանում՝ ներերակային հեղուկի ներարկում, թթուածինի եւ շոգիի ներշնչում, ինչպէս նաեւ արուեստական շնչառական սարքի օգտագործում (artificial respirator):

Մտահոգիչ Ախտանշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնողներ բժիշկին պէտք է դիմեն, երբ իրենց մանուկը ցուցաբերէ հետեւեալ ախտանշանները.

  • Յոգնածութիւն եւ ուժասպառութիւն
  • Արագ շնչառութիւն եւ շնչասլոց
  • Կրծքավանդակի մկաններու ներթխում
  • Բարձր ջերմ
  • Հազի զարգացում՝ խուխով միասին կամ խուխի գոյնի փոփոխութեամբ:

Իսկ շտապ օգնութեան պէտք է դիմեն եւ կամ մանուկը պէտք է փոխադրեն հիւանդանոց, երբ ան ցուցաբերէ՝

  • Շնչահեղձութիւն
  • Բարձր ջերմ
  • Առատ քրտինք
  • Ջրանուազում
  • Կապտութիւն
  • Կրծքավանդակի մկաններու ներթխում
  • Շարունակական եւ զօրաւոր շունչի սուլոց:

Հեռու Պահել[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանուկներու ցնցիղկատապը ընդհանրապէս կանխարգելի է հեռու պահելով առողջ մանուկները՝

  • Ցնցղիկատապով վարակուած մանուկներէ,
  • Ապականած միջավայրէ, վնասակար եւ թունաւոր կազերէ ու քիմիական նիւթերէ,
  • Ծխախոտ ծխողներէ,
  • Հարբուխ եւ կռիփ ունեցող մանուկներէ:

Տե'ս Նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 18 Մայիս, 2012: