Վռամշապուհ

Վռամշապուհ
Մեծ Հայքի Արքայ
Իշխանութիւն 389–414
Հանձնում Շապուհ
Ծնած է՝ 4-րդ դար
Մահացած է՝ 414
Վախճանի վայր Վաղարշապատ, Այրարատ, Մեծ Հայք
Քաղաքացիութիւն Մեծ Հայք
Ազգութիւն Հայ
Նախորդ Խոսրով Դ
Տոհմ Արշակունիներ
գերիշխան
Հայր Վարազդատ
Զաւակներ Արտաշէս Դ.
Կրօնական հաւատքներ քրիստոնէութիւն

Վռամշապուհ (ծննդեան թուականը՝ անյայտ – մահուան թուականը՝ 414), Հայոց Արշակունի տոհմի թագաւոր 389-էն կամ 400-էն։

Գահակալութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յաջորդած է եղբորը՝ Խոսրով Դ–ին։ Գահակալած է համեմատաբար խաղաղ ժամանակաշրջանին, հաշտ ու բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանած է ինչպէս Սասանեան Պարսկաստանի, այնպէս ալ Հռոմէական կայսրութեան հետ։ 404–էն ոչ վաղ մեկնած է Հայկական Միջագետք, հաշտարար–միջնորդի դերով կարգաւորած պարսկա-հռոմէական վէճերը։ Այնտեղ ալ ան հայ եւ ասորի մտաւորականներէն տեղեկացած է հայկական հին նշանագրերու մասին, որ կարեւոր դեր խաղցած է հայ նոր գրերու ստեղծման գործին մէջ։ Վռամշապուհը մեծապէս աջակցած է Հայոց կաթողիկոս Սահակ Պարթեւին եւ Մեսրոպ Մաշտոցին՝ հայ գիրերու ստեղծման եւ լուսաւորական ձեռնարկումներուն։ Վռամշապուհ նաեւ յաջողած է միաւորել Մեծ Հայքի երկու մասերը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։