Jump to content

Ս. Թէոդորոս Զօրավար

Ս. Թէոդորոս Զօրավար
Ծնած է 3-րդ դար
Ծննդավայր Ամասիա, Թուրքիա
Մահացած է 17 Փետրուար 306
Մահուան վայր Ամասիա, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն Հին Հռոմ
Կրօնք Ուղղափառութիւն
Մասնագիտութիւն զինուորական, arsonist, զինուոր

Ս. Թէոդորոս Զօրավար (275 -306), Ամասիացի քաջ եւ առաքինի երիտասարդ մը, Հերակլիոյ (Թրակիա) հրամանատար, Քրիստոնէութեան նահատակ, համաքրիստոնէական սուրբ:

Կեանքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս. Թէոդորոս զօրավար համաքրիստոնէական սուրբ մըն է, որուն յիշատակութիւնը Հայ եկեղեցին կը տօնէ Մեծ պահքի առաջին շաբաթ օրը[1]։

Ըստ վարքագիրներու ծնունդով Ամասիա քաղաքի Սարու գիւղէն էր, քրիստոնեայ բարեպաշտ ծնողներու զաւակ[2]։ Կանուխ տարիքէն կորսնցուցած է իր հայրն ու մայրը: Հակառակ զօրավար կոչումին, ան նախընտրած է երկնաւոր թագաւորին պարզ զինուոր մնալ, քան երկրաւոր թագաւորին զօրավարը: Նշանաւոր եղած է իբրեւ վիշապասպան: Օր մը ճամբորդութեան ընթացքին գետեզերքի մը ծառին տակ հանգչած ատեն, գետէն հսկայ վիշապ օձ մը ելլելով կը յարձակի իր վրայ: Ան անմիջապէս սուրը հանելով երկուքի կը բաժնէ վիշապը:

Թէոդորոսի արձանը՝ Վենետիկի մէջ


Դ. դարու սկիզբը, Դիոկղետիանոսի հալածանքներուն ատեն, ապացուցելու համար կուռքերու հնարուած եւ կեղծ ըլլալը, գիշերով կրակի կը մատնէ հեթանոսական Ռէա աստուածուհիին մեհեանը։ Այս արարքին համար բանտ կը նետուի եւ ծանր չարչարանքներու կ'ենթարկուի: Բանտին մէջ շղթայակապ եւ խարոյկին վրայ կապուած, անդադար սաղմոս կ'երգէ, օրհնաբանելով զԱստուած, մինչեւ իր նահատակութեան վերջին վայրկեանը:

306-ին կը նահատակուի՝ հրկիզուելով[3]։

Օտար եկեղեցիներուն մէջ ծանօթ է նաեւ «Դիռոն» անունով, որ յունարէն կը նշանակէ «նորեկ» զինուոր։

Ս. Գրիգոր Նիւացին ներբող մը նուիրած է Թէոդորոսին:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]