Սպիտակաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի

Սպիտակաւոր Ս․ Աստուածածին Եկեղեցի, տասնըչորրորդ դարու սկիզբը Օրբելեան իշխանները, որպես հոգեւոր կեդրոն եւ տոհմական տապանատուն, հիմնած են Ուրցաձորի Ս․ Յոհվաննէս Կարապետ վանքը, որուն Սպիտակաւոր Ս․ Աստուածածին եկեղեցին կառուցած է Իվան Զաքարեանի դուստրը՝ Գոնցան։ Եկեղեցիի շինարարական արձանագրութիւններուն համաձայն՝ Գոնցան, որ ամուսնացած էր Ջալալ Օրբելեանի հետ, 1301 թուականին շինարարական գործունէութիւն ծաւալած է վանքի առաջին վանահօր՝ Կիրակոս վարդապետի հսկողութեամբ եւ կառուցած է գլխաւոր Սպիտակաւոր Ս․ Աստուածածին եկեղեցին։ Գոնցան եկեղեցիին նուիրած է Քալաս գիւղը, ինչպէս նաեւ այգիներ, ջրաղացներ եւ ձիթահանք։ Պահպանուած է նաեւ եկեղեցիի ճարտարապետին անունը՝ Բուտ։ Յուշարձանախումբի կառոյցները սպիտակաւուն քարերէ են, հաւանաբար այդ պատճառով է որ կոչուած է Սպիտակաւոր։