Սարդարապատի Հերոսամարտ

Սարդարապատի Հերոսամարտը տեղի ունեցած է 1918 թուականի Մայիսի 21-29-ը, Հայկական կանոնաւոր զօրամասերու, աշխարհազօրի եւ Արեւելեան Հայաստան ներխուժած թրքական զօրաբանակին միջեւ։ Սարդարապատի ճակատամարտը յաճախ կ'անուանուի «20-րդ դարու Աւարայր»։

Նախապատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թուրք-Օսմանեան բանակին արշաւանքը Արեւելեան Հայաստան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1917 թուականին Ռուսաստանի մէջ տեղի ունեցած Հոկտեմբերեան յեղաշրջումէն ետք՛ Դեկտեմբեր 5-ին Երզնկայի մէջ Օսմանեան կայսրութեան երրորդ բանակի եւ հարաւային Կովկասի Քոմիսարիաթի (Խորհրդային Միութեան կառավարական վարչութիւն, մինչեւ 1946 թուականը) միջեւ կնքուած զինադադարէն ետք, Արեւմտեան Հայաստանի տարածքէն նահանջող Ռուսական զօրքերուն սկսան փոխարինել նոր կազմաւորուող փոքրաթիւ հայկական զօրաջոկատները։ Օգտուելով ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակէն, Օսմանեան կայսրութեան կառավարութիւնը ծրագրեց վերանուաճել համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Ռուսական բանակի գրաւած տարածքները, ապա ներխուժել Արեւելեան Հայաստան եւ Հարաւային Կովկաս։

1918 թուականի Փետրուարին յարձակումի անցնելով թրքական երրորդ բանակը, յաջորդաբար սկսաւ գրաւել Արեւմտեան Հայաստանի բնակավայրերը։ Ապրիլին Տրապիզոնի հաշտութեան բանակցութիւններու ձախողումներէն ետք, օսմանեան երրորդ բանակի հրամանատար՝ Ուէհիպ փաշան զօրքերը շարժեց դէպի Հարաւային Կովկաս։ Նորահռչակ հարաւային Կովկասի Դաշնային Հանրապետութեան ղեկավարութեան զիջողական քաղաքականութենէն օգտուելով, թրքական զօրքերը Ապրիլ 25-ին գրաւեցին նաեւ Կարսի ծանրապէս ամրացուած բերդը, անմիջական սպառնալիք ստեղծելով Կիւմրիի (Կումայրի, Լենինական, այդ ժամանակ Ալեքսանդրապոլ) համար։ Կարսի գրաւումէն ետք օսմանեան զօրքերու հրամանատարութիւնը հարաւային Կովկասի (Սէյմ) իշխանութիւններուն առջեւ նոր պայմաններ յառաջ կը մղեն՝ Ախալքալաքի, Ախալցխայի եւ Կիւմրիի, ինչպէս նաեւ Կիւմրի-Ճուլֆա երկաթուղագիծի յանձնում, որմով թրքական զօրքերը կարող էին փոխադրուիլ դէպի Թաւրիզ եւ հարաւային Կովկասի բոլոր երթուղիները ազատ օգտագործել մինչեւ բրիտանացիներուն դէմ պատերազմի աւարտը։ Չսպասելով Պաթումի հարաւ-Կովկասեան պատուիրակութեան հետ բանակցութիւններու աւարտին, թրքական զօրքերը արագ յարձակումով Մայիս 15-ին գրաւեցին նաեւ Կիւմրին, գրաւման սպառնալիք ստեղծելով ամբողջ արեւելեան Հայաստանի համար։

Արեւելեան Հայաստան ներխուժելու համար թրքական ռազմական հրամանատարութիւնը կատարեց զօրքերու վերախմբաւորում։ Երրորդ բանակի առաջին Կովկասեան բանակային զօրաբանակին (Լատիներէն՝ Corpus), [հրամանատարութեամբ աւագ-զօրավար (General-Major) Քազըմ Քարապէքիր փաշայի] եւ երկրորդ Կովկասեան բանակային զօրաբանակին [հրամանատարութեամբ աւագ-զօրավար Եաքուպ Շէքվի փաշայի] ստորաբաժանումներէն, Կարսի մէջ ստեղծուեցաւ յատուկ զօրախումբ մը, Եաքուպ Շէքվիի ընդհանուր հրամանատարութեամբ։

Թշնամիին յարձակումին դիմակայելու համար, հայկական զօրաբանակի հրամանատար, հայկական զինուած ոյժերու ընդհանուր հրամանատար աւագ-զօրավար (Major-General) Թովմաս Նազարբէկեանը որոշեց պաշտպանել դէպի Երեւան եւ Թիֆլիս տանող ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող երկու ճանապարհները։

Կիւմրիէն դուրս եկած հայկական ոյժերուն մէկ մասը՝ հայկական մարմնի առաջին բաժանումի կարգ մը ստորաբաժանումներ, ինչպէս նաեւ հայկական յատուկ հաւաքական ջոկատի կազմին մէջ եղած քանի մը ստորաբաժանումներ, Կիւմրի-Սարդարապատ ուղղութեամբ նահանջեց դէպի Արարատեան դաշտ։ Այստեղ Մովսէս Սիլիկեանի ընդհանուր հրամանատարութեամբ ձեւաւորուեցաւ հայկական զօրքերու երեւանեան զօրախումբը, որուն առջեւ դրուեցաւ Երեւանի ուղղութեամբ թրքական յարձակումը ետ մղելու խնդիրը։

Երեւանի մէջ իրադրութիւնը ճակատամարտի նախօրէին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թրքական զօրքերու արշաւանքը ծանր կացութեան մէջ դրաւ հայկական քաղաքական ղեկավարութիւնը ինչպէս Թիֆլիսի մէջ, այնպէս ալ Երեւանի մէջ։ Մայիս 19-ին Սուրմալու ներխուժելէն ետք, թուրք զօրավար Հալիլ պէյը (Էնվէրի հօրեղբայրը) Պաթումի մէջ յայտարարեց թէ «հայերը պարտուած են եւ պէտք է ենթարկուին»։

Թրքական ոյժերու յարձակումներուն հետեւած Ալեքսանդրապոլի գաւառի, Արարատեան դաշտի եւ Երեւանի մէջ տարածուած լայնատարած խուճապին հետ համաժամանակ, Երեւանի քաղաքային խորհուրդը իր 18 Մայիսի նիստին հաւանեցաւ քաղաքապետ Թադէոս Թոսեանի առաջարկին՝ քաղաքը առանց դիմադրութեան թշնամիին յանձնելու, բնակչութիւնը տարհանելու եւ զանոնք դէպի լեռները ուղղելու։ Բայց այս քնննարկումներն ու կայացուած որոշումը ո՛չ մէկ արդիւնք ունեցան, երբ Թիֆլիսի մէջ գտնուող Հայոց Ազգային Խորհուրդը գլխաւորութեամբ Արամ Մանուկեանին խստօրէն ընդդիմացաւ այսպիսի արարքի եւ տապալեց կայացուած որոշումը։ Արամ Մանուկեանի հրամանով եւ 1500 երեւանցիներու օգնութեամբ քաղաքին պաշտպանական դիրքերը ամրացուեցան։

18 Մայիսին, Արամ Մանուկեանն ու Երեւանի հրամանատար՝ Արշաւիր Շահխաթունին այցելեցին Էջմիածին, Գէորգ Ե․-ին, համոզելու՝ ձգել քաղաքը ապահովութեան համար։ Սակայն Հայոց Հայրապետը ո՛չ միայն կը մերժէ առաջարկը, այլ կը քաջալերէ մարտականներուն՝ դիմադրել օսմանցիներուն յառաջխաղացը։ Կը պատմուի թէ եկեղեցւոյ զանգերը կը զարնեն վեց օր անընդհատ, հայերուն յորդորելով հաւաքուիլ՝ կազմակերպուած զoրամասեր ստեղծելու համար: Բոլոր քաղաքացիները, ներառեալ երեխաները իրենց դերը կատարեցին․ Տարբեր անասուններու միջոցով (եզ, գոմէշ, կով) սնունդ, պաշարներ, ռազմամթերք, կամաւորներ կը մատակարարուէին Երեւանի շրջակայքէն։

Յաջորդ օրերուն, Արամ Մանուկեանը կարեւոր դեր խաղաց Երեւան քաղաքին եւ յարակից շրջաններուն մէջ իրավիճակը կայունացնելու եւ նժարը հայոց կողմը շեղելու մէջ։ 19 Մայիսի առաւօտուն առաջին բաժանումի հրամանատար Մովսէս Սիլիկեանին հրահանգեց դադրեցնել հայկական ոյժերու նահանջը եւ որեւէ գնով խափանել թրքական յարձակումը Երեւանի վրայ։ Այսպիսով Մանուկեանը խոստացաւ կարճ ժամանակուայ ընթացքին իրագործել կազմակերպչական աշխատանքները, մարդոյժ եւ ռազմամթերք ժողվել։ Յետագայ օրերուն զինուորագրութիւնը կազմակերպուեցաւ Աստաֆեան փողոցին մէջ (Ռուսերէն՝ Астафьевская улица, այժմու Աբովեան փողոցը):

Ճակատամարտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարտին մասնակցած միաւորները (երկու կողմէն)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թրքական կողմը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալեքսանդրապոլ (Կիւմրի)-Երեւան ուղղութեամբ արշաւող թրքական 36-րդ բաժանումի կազմին մէջ էին 106-րդ, 107-րդ եւ 108-րդ հետեւակ գունդերը, մէկ հրաձգային գումարտակ եւ երկու հրետանային բաժանում։ Թրքական բանակին կ'օժանդակէին առանձին հեծելազօրային գունդը եւ 1500 քիւրտ զինուորներ։ Թրքական ուժերը ընդհանուր առմամբ կը կազմէին 7500-10000 զինուոր եւ սպայ։ Թուրքերը իրենց տրամադրութեան տակ ունէին 40 թնդանօթ։

Հայկական Կողմը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սարդարապատի ճակատին վրայ հայկական կողմի ուժերը ընդգրկուած էին Երեւանեան զօրախումբի կազմին մէջ, որուն ստորաբաժանումներու միւս մասը մասնակցեցաւ թրքական 9-րդ բաժանումին դէմ Բաշ (հայերէն՝ Վերին)-Ապարանի ճակատամարտին։ Զօրախումբին հրամանատարն էր աւագ-սպարապետ Մովսէս Սիլիկեանը, իսկ հրամանատարական կազմի պետը՝ գնդապետ Ալեքսանդր Վեքիլեանը։ Սպայակոյտը (կամ՝ հրամանատարական կազմ) Վաղարշապատի մէջ էր, Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի շէնքին մէջ։ Սարդարապատի ճակատին վրայ կռուող ուժերուն ընդհանուր հրամանատարը, երեւանեան զօրախումբի հրամանատարի տեղակալը՝ գնդապետ Դանիէլ Բէկ-Փիրումեանն էր, իսկ սպայակոյտի պետը հարիւրապետ (քափթէն) Ալեքսանդր Շնեուրը։ Այս ոյժերուն մէջ ներառուած էին հայկական զօրաբանակի 2-րդ բաժանումը, ոչ ամբողջական կազմով եւ հայկական յատուկ հաւաքական ջոկատի (1917 թուականին վերջերուն արեւմտահայ կամաւորականներէն կազմուած զօրախումբ, նախքան Սարդարապատի ճակատամարտը կռուած էր Կովկասեան ճակատին) կազմին մէջ եղած քանի մը ստորաբաժանումներ։

2-րդ բաժանումի (հրամանատար՝ Մովսէս Սիլիկեան) կազմին մէջ էին 5-րդ (3 գումարտակի կազմով, հրամանատար՝ գնդապետ Պօղոս-Բէկ Փիրումեան) եւ 6-րդ (12 վաշտ, հրամանատար՝ փոխգնդապետ Աբրահամ Դոլուխանեան) գունդերը, 2-րդ հեծեալ գունդը՝ 4 հեծելավաշտով (գնդապետ Զալինեան), անկանոն զօրքի հետեւակ գունդը՝ 8 վաշտով (գնդապետ Ալեքսէյ Պէրէկրիոստով), անկանոն զօրքի հեծեալ գունդը՝ 3 վաշտով (գնդապետ Կորոլկով), սահմանապահ գումարտակը (փոխ գնդապետ Սիլին), 2-րդ բաժանումի սպայակոյտի պարեկային վաշտը։ 1-ին բաժանումի 4-րդ գունդի մէկ գումարտակը տեղակայուած էր Դավալուի մէջ, որպէս հարաւային ուղղութեան պաշտպանական զօրաջոկատ։

Հայկական յատուկ հաւաքական ջոկատի ստորաբաժանումներէն երեւանեան զօրախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած էին 3-րդ յատուկ կիսաբաժինէն (անգլերէն՝ Brigade) Վանի 1-ին (գնդապետ Եուզպաշեւ) եւ 2-րդ (գնդապետ Չախմախչեւ) հետեւակ գունդերը 2-ական գումարտակով, 2-րդ յատուկ հեծեալ Զէյթունի գունդը (4 հեծելավաշտ, գնդապետ Սալիբէկեան), 2-րդ յատուկ կիսաբաժինի զօրամասերը՝ Խնուսի եւ Ղարաքիլիսայի (գիւղաքաղաք հին Պայազէտի գաւառի մէջ) հետեւակային գունդերը, 1-ին յատուկ կիսաբաժինէն Երզնկայի գունդը (6 վաշտ, հրամանատարը Կարապետ Հասան-Փաշայեան), ինչպէս նաեւ 1-ին յատուկ հեծեալ գունդը (հրամանատար՝ զօրային աւագ Պաւել Զոլոտարիով)

Երեւանեան զօրախումբի կազմին մէջ կար հրետանային 5 մարտկոց՝ գնդապետ Քրիստափոր Արարատեանի ընդհանուր հրամանատարութեամբ։ Զօրախումբի կազմին մէջ ճակատամարտին մասնակցեցան նաեւ արեւմտահայ ու արեւելահայ կամաւորականներու քանի մը ջոկատներ (Թռուցիկ Յովսէփի, Մակեդոնի, Բուլանըխցի Մուրատի եւ ուրիշներու հրամանատարութեամբ), Եզիտիներու հեծեալ գումարտակը (հրամանատարներ՝ Ուսուպ պէկ եւ Ճանգիր աղա), մեծ թիւով աշխարհազօրայիններ։ Հայկական զօրքերուն ընդհանուր թիւը ճակատամարտի առաջին օրերուն կը կազմէր շուրջ 9,000 - 10,000 զինուոր ու սպայ, իսկ ուժերու մէկ մասը Բաշ-Ապարանի ճակատ տեղափոխուելէն ետք՝ շուրջ 6,000-6,500։ Հայերը իրենց տրամադրութեան տակ ունէին 28 հրանօթ, որոնցմէ 16-20ը գործածուեցան ռազմական գործողութիւններուն մէջ։

Ճակատամարտին նախորդող զօրաշարժերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալեքսանդրապոլի գրաւման նախօրէին, Հայկական ջոկատներուն հիմնական խնդիրներէն էր Աղեքսանդրապոլէն դէպի Երեւան եւ դէպի Թիֆլիս տանող երկաթգիծերն ու ճանապարհները պաշտպանել։ Աղեքսանդրապոլի անկումէն ետք թրքական ոյժերու յառաջխաղացման պատճառով այդ ջոկատները ստիպուած էին նահանջել, մէկ մասը դէպի Համամլու-Ղարաքիլիսա, միւսները դէպի Արարատեան դաշտ։

Մայիս 19-ին թրքական 36-րդ բաժանումը (Անգլ․՝ Division), Ախուրեանի մերձակայ Գետափ կիսակայարանը գրաւելով, ռազմերթով շարժեցաւ դէպի Երեւան։ 2-րդ յատուկ կիսաբաժինի (Անգլ․՝ Brigade) ստորաբաժանումներուն մէկ մասը Խնուսի եւ Ղարաքիլիսայի հետեւակային գունդերէն, ինչպէս նաեւ 1-ին յատուկ կիսաբաժինի մէկ մասը (Երզնկայի հետեւակ գունդը եւ այլ զօրամասեր) Մայիսի 16-19-ը Ախուրեանի ձախ ափէն Անի եւ Արագած կայարաններէն, երկաթգիծի երկարութեամբ աստիճանաբար ետ քաշուեցան դէպի Սարդարապատ։ Նահանջի ընթացքին, դեռ նախքան թրքական հիմնական ուժերուն հետ մարտի բռնուիլը, անոնք թիկունքէն ու թեւերէն կրակային հարուածներ կը ստանային 36-րդ բաժանումի առաջապահ քրտական հեծելազօրին կողմէ։ Ալեքսանդրապոլ-Երեւան ճանապարհով հայկական այդ զօրամասերու կազմակերպուած նահանջը կարեւոր դեր խաղցաւ երեւանեան զօրախումբին համար՝ ժամանակ շահելու եւ ուժերու վերախմբաւորում կատարելու համար։ Դեռեւս Մայիսի 16-17ին երեւանեան զօրախումբի Սարդարապատի շրջանին մէջ տեղակայուած զօրաջոկատներու մէկ մասը շտապ ուղարկուեցաւ Արաքս եւ Ղարաբուրուն կայարաններ, դէպի Արարատեան դաշտ արշաւող թուրքերուն դիմադրելու համար, իսկ կարգ մը ջոկատներ ուղարկուեցան Երեւան, կամաւորներով ու զինամթերքով համալրուելու եւ մարտերուն պատրաստուելու համար։

Այս զարգացումներէն ետք Հայկական զօրաբանակի (Լատիներէն՝ Corpus) հրամանատար Թովմաս Նազարբէկեանի եւ զօրաբանակի սպայակազմի պետ գնդապետ Եւգենի Վիշինսկիի հրամանով հայկական ոյժերը վերախմբաւորուեցան ու վերադասաւորուեցան։ Ասոր նպատակն էր թուրքերուն յարձակումները կանգնեցնել առանձին շրջաններու մէջ, Աղեքսանդրապոլ-Սարդարապատ ուղղութեամբ եւ Ղարաքիլիսայի մէջ։ Մայիս 19-ին հրամանատարական կազմէն ստացած հրամանի համաձայն, զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը որոշեց իր տրամադրութեան տակ եղած ոյժերը կեդրոնացնել Էջմիածինի շրջանին մէջ եւ հակայարձակմումի միջոցավ կանխել թուրքերուն յարձակումը Երեւանի վրայ։ Մայիս 20-ին հայկական առաջապահ ոյժերը ստիպուած լքեցին Արաքս եւ Ղարաբուրուն կայարանները, նահանջեցին նաեւ երկաթգիծէն դէպի հիւսիս գտնուող նախալեռնային շրջաններէն՝ Մաստարայէն, Թալինէն, Աշնակէն, կեդրոնանալով Սարդարապատի մէջ։ 1-ին յատուկ կիսաբաժինի նահանջող զօրամասերը, Երզնկայի գունդը եւ Խնուսի գունդէն կէս վաշտ (Կարապետ Հասան-Փաշայեանի ընդհանուր հրամանատարութեամբ) Մայիս 20-ի երեկոյեան Սարդարապատէն տեղափոխուեցան աւելի խորք ու տեղակայուեցան Խզնաուզ գիւղէն ներս, Էջմիածինէն հիւսիս-արեւմուտք 6 քմ․ մoտիկութեամբ։

Ալեքսանդրապոլ-Երեւան ուղղութեամբ թրքական ներխուժումի արդիւնքով, Սուրմալուն պաշտպանող խումբերը պաշարուեցան եւ Երեւանի զօրախումնբի հիմնական ոյժերէն մեկուսանալուն վտանգին դիմաց կանգնեցան։ 18 Մայիսին, օսմանական ոյժերը յարձակեցան Կողբի հայկական միաւորներուն վրայ, որոնք Սիլիկեանի հրահանգով ետ քաշուեցան դէպի Քարաքալա (հայերէն՝ Սեւ բերդ) կամուրջը։ 19 Մայիսին, թրքական 4-րդ զօրաբանակի ռազմական միաւորները Պայազէտի կողմէն ներխուժեցին Սուրմալու, նպատակ ունենալով Արաքս գետը անցնիլ եւ երեւանեան զօրախումբի յետսակողմին հասնիլ։ Մայիս 20-ին Իգտիրի մօտ հայկական զօրամիաւորերը լեռնանցքներուն ու բարձր դիրքերուն մէջ դիմադրելէն ետք ստիպուած եղան ետ քաշուիլ Իգտիր, ուր Երեւանէն հրաման ստացան Մարկարայի կամուրջով անցնիլ Արաքսի ձախ ափը, ապա այրել վերոյիշեալ կամուրջները։ Սուրմալուն գրաւելէն ետք օսմանեան ոյժերը այսպիսով կտրուեցան Սարդարապատի թատերավայրէն (պատերազմական բառապաշարին մէջ ռազմաբեմը կամ ռազմական թատերաբեմը այն տարածքն է ուր տեղի կ'ունենան կարեւոր ռազմական իրադարձութիւնները)։ Հայ կամաւորները կը կազմակերպեն կամուրջներու պաշտպանութիւնը, խափանելով թուրքերու որեւէ մէկ փորձ՝ գետը անցնելու եւ թիկունքէն հայերու վրան յարձակումը։

Սիլիկեանի հրամանով, 3րդ յատուկ կիսաբաժինի ստորաբաժանումները (Վանայ գունդը, ղեկավարութեամբ գնդապետ Տիգրան Պաղտասարեանի) դիրքաւորուեցան այս շրջաններէն ներս, յետսակողմը հարաւէն պաշտպանելու եւ օսմանցիներուն գետանցնումը արգիլելու նպատակով։

Ճակատամարտին ընթացքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական Հակահարուածը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մայիս 21-ին թրքական 108-րդ հետեւակազօրքային գունդը հեծեալ եւ հրետանային ստորաբաժանումներուն հետ Արաքս երկաթուղիի կայարանի շրջանէն շարունակեց յարձակումը։ Սարդարապատի ջոկատը, հրետանային պաշտպանական մարտեր վարելով, սկսաւ նահանջել եւ երեկոյեան մօտաւորապէս 17:00-ին, ետ քաշուեցաւ դէպի Քիրւրաքեանլու (այժմու՝ Ֆէրիկ, Էջմիածինէն շուրջ 7 Ք․Մ․ արեւմուտք), Քիորփալու (այժմու՝ Արշալոյս), Հայի Զեյւա (այժմու՝ Առատաշէն) գիւղերուն բնագիծը՝ իր ելման դիրքերը։ Թուրքերը մօտեցան Քիորփալուին։ Երկաթգիծի ուղղութեամբ առաջ շարժելով այդ օրը երեկոյեան թուրքերը գրաւեցին Սարդարապատ կայարանը (այժմ՝ Արմաւիր քաղաքի տարածքէն ներս) եւ մօտաւորապէս 2 քմ. դէպի հարաւ գտնուող համանուն գիւղը, ապա դէպի Գեչրլու գիւղը։ Շարունակելով յարձակումը թրքական ուժերը օրուայ վերջը գրաւեցին նաեւ Վերին Քոլիպէկլու (այժմ՝ Ակնալիճ գիւղի տարածքին մէջ) բնակավայրը եւ երկաթգիծին ուղղութեամբ յառաջացան մինչեւ Ղամըշլու կիսակայարանը (այժմ՝ Զարթօնք գիւղի տարածքէն ներս) Երեւանէն 20 քմ․ հեռաւորութեան վրայ։

Երկաթգիծին երկարութեամբ արշաւող թրքական ոjժերուն նպատակն էր յառաջանալ դէպի Զանգիպասար (այժմու՝ Մասիս աւանը)։ Այսպիսով անոնք երկաթգիծէն հարաւ գտնուող հայկական զօրաջոկատները, տեղի բնակչութիւնը եւ մօտաւորապէս 100,000 արեւմտահայ գաղթականութիւնը պիտի դնէին Երեւանէն բեկանուելու եւ կոտորածի մատնուելու սպառնալիքին տակ, սակայն Ղամըշլուէն արեւելք, Արտաշար գիւղին մօտ տեղակայուած հրամանատար-հարիւրապետ Խորէն Իգիթխանեանի հրետանային մարտկոցը կարողացաւ թշնամին գամել իր դիրքին։

Հակառակ նահանջին, Արաքսի քանդուած կամուրջներուն ձախափնեայ պաշտպանութիւնը նշանակալիօրէն զօրացաւ։ Նոյն ատեն, Երեւանէն արագօրէն ռազմաճակատ տեղափոխուեցան օրեր առաջ համալրումի ղրկուած հայկական զօրաջոկատները։

Երեւանեան զօրախումբի հրամանատար՝ Մովսէս Սիլիկեանը իր սպայակոյտի պետ գնդապետ՝ Ա․ Վեքիլեանի հետ մշակեց մարտավարական ծրագիր մը, հակայարձակող թրքական ոյժերուն Սարդարապատէն ետ շպրտելու։ Մայիս 21-ի իրիկուան Սարդարապատի ճակատին գործող բոլոր զօրաջոկատներուն տրուեցաւ յաջորդ օրուայ իրենց մարտական առաջադրանքը՝ ռազմական գործողութիւնները կատարել համակարգուած։ Սարդարապատի ճակատին կռուող հայկական զօրքի կազմին մէջ էին 5-րդ եւ 6-րդ գունդերը, 2-րդ յատուկ կիսաբաժինի Ղարաքիլիսայի հետեւակ գունդը (փոխգնդապետ Արեշան), անկանոն զօրքի հետեւակ գունդը, եզիտիական հեծեալ գումարտակը, արեւմտահայ կամաւորական ջոկատները, հրետանային 4 մարտկոցներ։

Մայիս 21-ի լոյս 22-ի գիշերը Մոլլապայազետ գիւղի շրջանին մէջ, հայ աշխարհազօրայինները եւ Ճանգիր Աղայի գլխաւորութեամբ եզիտիական 300 հոգինոց հեծեալ ջոկատը փոխհրաձգութեան մէջ մտան թրքական զօրքի եւ հոն զինուած անկանոն խումբերուն հետ զանոնք արգիլելով թեւերէն ու թիկունքէն հարուածել հայկական զօրամասերուն։ Այդ հրաձգութիւնը Տոլուխանեանին եւ Փէրէկրէոսթովին հնարաւորութիւն ընձեռեց մարտական կարգի բերելու իրենց գունդերը, իսկ հարիւրապետեր Սերգօ Աթանէսեանին եւ Վլատիմիր Սաքքիլարիին համար առիթ էր դասաւորելու իրենց հրետանին։

Հայկական զօրքի վճռական հակահարուածը գլխաւորեց երեւանեան զօրախումբի փոխհրամանատար, Սարդարապատի ճակատին կռուող ոյժերու հրամանատար, գնդապետ Դանիէլ Բէկ-Փիրումեանը։ Մայիս 22-ի կանուխ առաւօտեան անոր ընդհանուր հրամանատարութեամբ հայկական ոյժերը ամբողջ ճակատով յարձակումի անցան Քիւրաքանլու, Քիորփալու, Հայի Զեյվա, Ղուրտուղուլի գիւղերու բնագիծերէն։ Յարձակումը կատարուեցաւ կեդրոնին մէջ գտուող 5-րդ եւ 6-րդ գունդերուն կողմէ, որոնք յաջողեցան Ղամիշլուի պահեստին քով հրետանիի եւ գնդացիրներու աջակցութեամբ ոչնչացնել թրքական առաջապահ զօրքերը։ Մասնաւրոապէս Խ․ Իգիթխանեանի, Նիքոլայ Քլիչի եւ Ս․ Աթանէսեանի ղեկավարութեան տակ գտնուող ռազմական մարտկոցները, որոնք դիրքաւորուած էին ռազմաճակատին մօտիկ բլուրներուն վրայ, ինչպես նաեւ տարբեր զօրամասերու գնդացիրային ստորաբաժանումները յաջողեցան ճնշել օսմանեան հրետանային կրակը եւ կորուստներ պատճառել անոնց հետեւակային եւ հեծելազօրային շարքերուն, ինչ որ հնարաւորութիւն տուաւ հայ հետեւակին եւ աշխարհազօրին ամբողջ ոյժով անցնիլ հակայարձակման։ Փէրէքրէսթովի կամաւորական գունդը, Իգտիրի, Զէյթունի եւ Խնուսի ջոկատները, 1-ին յատուկ հեծելազօրային գունդը կողքերէն եւ թիկունքէն հարուածներ հասցուցին օսմանցիներուն։ Թրքական ոյժերը դիմադրելու փորձեր ըրին, որոնք կարգ մը կէտերու մէջ ներգրաւուեցան սուիններու մարտերու մէջ, սակայն մեծ կորուստներ կրելէն ետք, ստիպուած եղան փախչիլ։

Շարունակելով յառաջխաղացքը, հայկական զօրամասերը օրուայ ընթացքին ետ գրաւեցին Կեչրլուն, Մոլլապայազէտը, Սարդարապատ գիւղն ու կայարանը եւ անկէ աջ գտուող դաշտային շրջանը։ Հայկական զօրքերուն աջ թեւին 5-րդ գունդի մէկ գումարտակ առաւօտ կանուխ յարձակեցաւ Կոշ-Թալիշ ուղղութեամբ եւ մինչեւ երեկոյ մղուած մարտերով ազատագրեց Ուջան ու Կոշ գիւղերը։ Օրուայ մարտերու ժամանակ թրքական առաջապահ ոյժերը ամբողջովին ջախջախուեցան, կորսնցնելով աւելի քան 500 զինուոր, սպաննուած ու վիրաւոր։ Հայկական զoրքերը յաղթանակ տանելով, առաջ շարժեցան 15-20 քմ․։

Մայիս 22-ին պարտութիւն կրելէ ետք, թրքական ոյժերը օգտուելով այն առիթէն, որ հայերը իրենց սկզբնական նպատակներէն չշեղելու համար դադրեցան հետապնդել զիրենք, նահանջեցին դէպի Արաքս կայարան, դիրքաւորուելով մօտակայ բլուրներուն վրայ։ Յաջորդ օրերուն կայարանէն դէպի հիւսիս գտուող 449 (Տուլկի-թապա) եւ 440 (Չիմնի Գիր) բարձրադիր վայրերը երկու կողմերուն համար ալ մեծ մարտավարական նշանակութիւն ունէին։

Մայիս 23-ին Սարդարապատի գլխաւոր ճակատին վրայ մարտական գործողութիւններ տեղի չունեցան, միայն ձախ թեւին Իգտիրէն նահանջած զօրաջոկատը մարտի բռնուեցաւ Ճաֆարապատին քովը։ Այդ մարտին յաղթելէ ետք, Իգտիրի զօրաջոկատը միաւորուեցաւ Սարդարապատի զօրաջոկատին հետ, Դանիել Բէկ-Փիրումեանի ընդհանուր հրամանատարութեան ներքոյ, իսկ Արաքսի կամուրջներուն պաշտպանութիւնը վստահուեցաւ 2-րդ յատուկ հեծեալ Զէյթունի գունդին ստորաբաժանումներուն, որոնք որպէս պահեստազօր տեղակայուած էին Շահրիար գիւղին մէջ։ Ճակատին միւս ուղղութիւններուն մէջ կողմերը զբաղուած էին իրար դիրքերու հետախուզութեամբ եւ մարտակազմերը յետագայ գործողութիւններուն պատրաստուելով։ Մայիս 22-ին եւ 23-ին զօրքերուն աջակցելու համար ճակատ այցելեցին խումբ մը հոգեւորականներ՝ Գարեգին եպիսկոպոս Յովսէփեանի եւ Զաւէն արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ։ Մայիս 22-ի վճռական մարտէն առաջ հանդիպելով 5-րդ գունդի զինուորներուն եւ ոգեւորիչ ճառ արտասանելով, Գարեգին եպիսկոպոս Յովսեէփեանը Պօղոս Բէկ-Փիրումեանի հրամանատարութեամբ կռուող գունդը մկրտեց «Մահապարտներ» անունով։

Ընդհանուր իրադրութիւնը ճակատամարտի առաջին օրերուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մայիս 22-ի մարտերէն ետք զօրախումբի հրամանատար՝ Մովսէս Սիլիկեանը իր տրամադրութեան տակ եղած զօրաջոկատներուն մէկ մասը (6-րդ գունդը, 2-րդ հեծեալ գունդը, անկանոն զօրքի հեծեալ գունդը եւ այլ ստորաբաժանումներ) շտապ տեղափոխեց Բաշ-Ապարանի ճակատ, կանխելու այդ ուղղութեամբ Երեւանի վրայ արշաւող թրքական զօրքերու յառաջխաղացքը։ Սարդարապատի ճակատին հայերու առաջին յաղթանակը բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ, ոչ միայն զօրքին մարտական տրամադրուածութիւնը բարձրացնելու ու յետագայ յաղթանակներուն համար, այլեւ Երեւան նահանգի բնակչութեան ու արեւմտահայ գաղթականներուն խուճապային տրամադրութիւններուն յաղթահարելու համար։ Մայիս 24-ին սպարապետ Մովսէս Սիլիկեանը ճակատամարտին զինուորագրուելու կոչով դիմեց ժողովուրդին․

Հայե՛ր, շտապեցէք հայրենիքն ազատելու․․․Ժամանակ չկայ դանդաղելու։ Մինչեւ յիսուն տարեկան բոլոր տղամարդիկ պարտաւոր են զէնքի տակ գալու։ Ես կը պահանջեմ ամէնքէն ներկայանալ իրենց զենքերով ու փամփուշտներով հայրենիքի պաշտպանութեան համար․․․
- Մովսէս Սիլիկեան, (22-Մայիս-1918)

Երեւանէն ու շրջակայ գիւղերէն բնակչութիւնը ջուր եւ սննդամթերք, այլ ահնրաժեշտութիւններ կ'ուղարկէր ռազմաճակատի կռուողներուն։

Սարդարապատի ճակատին առաջին պարտութենէն ետք յաջողութիւն գրանցելու եւ յառաջխաղացումը դիւրացնելու նպատակով, թրքական հրամանատարութիւնը որդեգրեց հայկական զօրքերու թիկունքը թիւրքաբնակ գիւղերու խռովութիւններով թուլցնելու մարտավարութիւնը։ Հայերուն հակայարձակումին առաջին օրը, Մայիս 22-ին այսպիսի խռովութուն եղաւ Դաւալու - Ղամարլու շրջանին մէջ։ Այդ օրը, երբ անվտանգութեան նկատառումներով Դաւալուի հայ բնակչութիւնը շոգեկառքով տեղափոխուեցաւ Ղամարլու, տեղափոխութիւնը ապահովող Վանի 4-րդ գունդը ճամբու առջեւէն եւ ետեւէն ենթարկուեցաւ շրջակայ թրքական եւ քրտական գիւղերու հրոսակախումբերուն (շուրջ 5,000) զանգուածային յարձակումին։ 5 ժամ տեւած կռիւը կատաղի էր յատկապէս Աւշար եւ Շիրազլու գիւղերու մատոյցներուն մէջ, զորս գրաւեց հայկական զօրաջոկատը։ Սակայն օրուայ վերջին գունդը կեդրոնացաւ Եուա գիւղին մէջ։ Հայկական կողմը տուաւ 37 զոհ (նահատակ ու վիրաւոր), թուրքերը 100-է աւելի։

Յետագայ օրերուն, մինչեւ Սարդարապատի ճակատամարտի աւարտը եւ մինչեւ Յունիսի սկիզբները Դիլիջանի ճակատը մեկնիլը, Ղամարլուի շրջանը վերահսկող Վանայ 4-րդ գունդը պաշտպանեց երեւանեան զօրախումբի թիկունքը՝ Շարուրի կողմէն, ինչպէս նաեւ ձախողեցուցին թրքական զօրքի այդ շրջանի Արաքսի գետանցումի փորձը։

Յետագայ մարտնչում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մայիս 24-ին թրքական կողմը յարձակում մը ձեռնարկեց, բայց հայկական հրետանիի դիպուկ կրակոցներէն ծանր կորուստներ կրելով, ետ շպրտուեցաւ։ Երկու կողմերուն ելման դիրքերը մնացին անփոփոխ։ Պարտութիւնները եւ ծանր կորուստները ծածուկ պահելու համար թրքական հրամանատարութիւնը յօրինեց կեղծ պատմութիւն մը՝ թրքական զինուորական աստիճանաշարի ընկղմելու մասին եւ տարածեց իր մամուլին միջոցով։

Մարտերէն ետք, Մ․ Սիլիկեանի հրամանով տեղի ունեցաւ հայկական ուժերու վերախմբաւորում։ Կեդրոնական Սարդարապատ-Արաքս կայարանի ուղղութեամբ դիրքաւորուած էին հայկական գլխաւոր հարուածային ոյժերը, 5-րդ հրաձգային գունդի վաշտերը, ինչպէս նաեւ 1-ին յատուկ հեծեալ գունդի մէկ հեծելավաշտ, երեւանեան զօրախումբի սպայակոյտի պահակապան վաշտը։ Ձախ թեւին երկաթգիծէն հարաւ, Սարդարապատ եւ Մոլլապայազէտ գիւղերու ուղղութեամբ տեղակայուած էին անկանոն հետեւակ գունդը, 1-ին յատուկ հեծեալ գունդին միւս ստորաբաժանումները, երկրորդ մարտկոցի չորս հրանօթ, Քիարիմարխ գիւղին մէջ Իգտիրի զօրաջոկատը (Վանի 1-ին եւ 2-րդ գունդերը), այնուհետեւ, 2-րդ յատուկ հեծեալ (Զէյթունի) գունդը, Ղարաքիլիսայի գունդը, Մակեդոնի եւ Թռուցիկ Յովսէփի կամաւորական ջոկատները, Արաքսի ափամերձ շրջաններուն մէջ։ Սարդարապատի ջոկատի աջ թեւին կեդրոնական ուղղութեան առաջապահ զօրամասերէն աւելի ետ քաշուած, արագ զօրաշարժերու համար նախատեսուած ուժերն էին՝ Խզնաուզի մէջ տեղակայուած Երզնկայի գունդը եւ Խնուսի ջոկատէն կէս վաշտ եւ Կոշի մէջ տեղակայուած Մակուի գումարտակը եւ Ղարաքիլիսայի գունդին մէկ վաշտ։ Աջ թեւի առաջապահ դիրքերուն մէջ Արագածի լանջերուն, հարիւրապետ Պանդուխտի կամաւորական հեծելաջոկատն էր։ Սարդարապատի ջոկատի կազմին մէջ 5-րդ գունդի կարգ մը ստորաբաժանումներ առանձնացուած էին որպէս ընդհանուր պահեստազօր, Վերին Կուլիբեկլիի (Ակնալիճ գիւղի շրջանէն ներս) եւ Թուրքի-Զեյվա գիւղերուն մէջ։

Մայիս 25-ին 5-րդ գունդի առաջապահ ստորաբաժանումները հրետանային 4 մարտկոցներու եւ հարիւրապետ Տաճատ Յովակիմեանի գնդացիրային ջոկատի աջակցութեամբ գրոհեցին 440-րդ եւ 449-րդ բարձունքները։ Սակայն հայկական ոյժերը թուրքերուն յամառ դիմադրութեան առջեւ յայտնուեցան եւ կորուստներ տալով նահանջեցին իրենց ելման դիրքերը։ Այդ ընթացքին հայերու ձախ զօրասիւնը Սարդարապատ գիւղէն երկաթգիծի երկարութեամբ գրոհեց դէպի Արաքս կայարան եւ մօտ 3 Ք․Մ․ հեռաւորութեամբ կանգ առաւ, թուրքերուն առաջապահ զօրամասերու յամառ դիմադրութեան դիմաց յայտնուելով։ Կը պարզուի, որ Արաքս կայարանին մէջ տեղակայուած է թշնամիին բաւական ուժեղ խմբաւորում մը, ինչ որ հայկական հետախուզութիւնը զեկուցած էր, ազդարարելով թէ թուրքերուն հիմնական ոյժերը կանգնած են Ղարաբուրուն կայարանին եւ Ներքին Թալինին մէջ։

Մայիս 26-ի կանուխ առաւօտուն թիկունքէն առաջ քաշուեցան 5-րդ գունդի պահեստային վաշտերը։ Զօրախումբի հրամանատար՝ Մովսէս Սիլիկեանի ռազմական գործողութիւններու ծրագիրով կը նախատեսուէր աջ, կեդրոնական եւ ձախ զօրասիւներու համադէպ յարձակումով գրաւել Արաքս եւ Ղարաբուրուն կայարանները եւ երկաթգիծէն աջ ու ձախ, Արագածի լանջերէն մինչեւ Ախուրեանի ափերը ամբողջ տարածքով գրոհելով թշնամւոյն ետ մղել դէպի Ալեքսանդրապոլ։

Նոյն օրը առաւօտուն 5-րդ գունդի առաջին գումարտակը իր հրամանատարի անձնակազմի-ղեկավար Վարդան Ջաղինեանի կամայական հրահանգով անյաջող յարձակում մը ձեռնարկեց Չիմնի Ղըռ (440) բարձունքին վրայ եւ տալով մեծ կորուստներ, ներառեալ ինքը՝ Ջաղինեանը, ետ քաշուեցաւ դէպի ելման դիրքերը։ Ճակատի միւս հատուածներուն մէջ գործողութիւններ տեղի չունեցան, միայն գնդապետ Ա․ Պերեկրէսթովի կամաւորական գունդը գնդացիրներով հարուածեց Արաքս կայարանին մէջ տեղակայուած թրքական ուժերը։

Մայիս 25-26ի անյաջող գրոհներէն ետք Մովսէս Սիլիկեանը նոր ծրագիր մը մշակեց. Խզնաուզի եւ Կոշի մէջ տեղաւորուած զօրաջոկատներու արագ զօրաշարժ կատարել եւ թուրքերուն գրաւած բարձունքները թիկունքային հարուածներով աջակցիլ ճակատային գրոհներուն։ Միաժամանակ հիմնական ճակատի կեդրոնական եւ ձախ թեւերը ուժեղացան թիկունքէն յառաջ քաշուած Իգտիրի գունդի եւ կամաւորական գունդի պահեստային ոյժերով։

Մայիս 27-ի լուսաբացին, Խզնաուզի ջոկատը սկսաւ զօրաշարժ կատարել եւ արդէն կէսօրին յաջողութեամբ շրջանցեց թրքական յառաջապահ ուժերուն ձախ թեւը։ Նոյն ժամանակ Խզնաուզի ջոկատէն աջ յարձակող Կոշի ջոկատը, չկարողանալով յաղթահարել թուրքերու դիմադրութիւնը, Ներքին Կալակուտ (Պարտիզակ գիւղէն արեւմուտք) գիւղին քով, ստիպուած կանգ առաւ։ Որպէս օգնութիւն Երզնկայի գունդի հրամանատար գնդապետ Կ․ Հասան-Փաշաեանը ղրկեց երկու վաշտ։

ժամը 9-ին, Սարդարապատի գլխաւոր ճակատին վրայ, հայկական հրետանային ստորաբաժանումները կէս ժամ հզօր հարուածներ կը հասցնեն թշնամիի դիրքերուն, մարտադաշտի միւս հատուածէն ճնշելով հրետանային եւ գնդացիրային ստորաբաժանումներու կրակը։ Անկէ ետք կեդրոնական ջոկատները յարձակումի կ'անցնին թշնամիի դիրքերուն վրայ սպասելով թիկունքէն յարձակումի մը։

Գնդապետ Դանիէլ Բէկ-Փիրումեանը, զօրքը ոգեւորելու համար զինուորական համազգեստի կարմիր աստառը դուրս դարձուցած, անձամբ ղեկավարեց կռիւը։ Խզնաուզի ջոկատը, թրքական ձախ թեւը կէսօրին շրջանցելէն ետք, կտրուկ հակեցաւ դեպի հարաւ, դուրս գալով 440 եւ 449 բարձունքներու թիկունքը։ Մարտավարական այս փայլուն զօրաշարժէն ետք յարձակումի անցան Սարդարապատի ջոկատի կեդրոնական ուղղութեան հիմնական ոյժերը եւ Երզնկայի գունդի աջակցութեամբ մօտաւորապէս ժամը 14-ին վերջապէս կարողացան գրաւել զայն եւ յարակից միւս բարձունքները։

․․․­Ճա­կա­տա­մար­տը շա­հո­ւած էր, ­Հա­յաս­տա­նը՝ փրկո­ւած. շղթա­նե­րը ոտ­քի ե­լան եւ «ու­ռա» գո­ռա­լով ա­ռաջ վա­զե­ցին, իսկ թուր­քե­րը խու­ճա­պի մատ­նո­ւե­ցան, ո­րով­հե­տեւ անոնց թի­կունքն ան­ցած ջո­կա­տը կրակ բա­ցած էր պա­շա­րա­կիր սայ­լե­րու եւ թի­կուն­քի վրայ։ ­Քիչ անց թուր­քե­րը փա­խուս­տի դի­մե­ցին՝ լքե­լով ամ­բողջ ռազ­մամ­թեր­քը, վի­րա­ւոր­նե­րն ու սպա­ննո­ւած­նե­րը։
- Ա­լեք­սանդր Շ­նէուր

Նոյն օրը Պէրէկրէսթովի ձախ զօրասիւնը, երկաթգիծի երկարութեամբ յարձակելով, գրաւեց Արաքս կայարանը, իսկ երեկոյեան նաեւ Մաստարա կիսակայարանը (այժմու՝ Դալարիկ գիւղը), ուր կանգ առաւ։ Իսկ Պանդուխտի հեծեալ ջոկատը, Ներքին Կալակուտէն հարաւ յարձակումի անցնելով, Կոշի ջոկատի եւ Խզնաուզի օգնութեան հասած վաշտերուն հետ միասին յաղթահարեց թրքական ոյժերու դիմադրութիւնը, ապա խորին ճեղքում մը իրականացուց դէպի հիւսիս-արեւմուտք։ Մայիս 27-28ին, ճնշելով թշնամիին մանր ջոկատները, Պանդուխտի ջոկատը սրընթաց ռազմարշաւով Թալինի, Գիուզլուի եւ Քիրմըզլուի վրայօք հասաւ մինչեւ Սոգիութլու, ուր անոր միացաւ այդտեղի 1000 հոգինոց ջոկատը։ Հայերը թշնամիէն գրաւեցին մէկ հրանօթ, մեծ թիւով գերիներ վերցուցին։

Եւ այսպէս Մայիս 27-ի վճռական մարտերու ընթացքին թուրքերը կատարեալ պարտութիւն կրեցին, խուճապահար նահանջելով դէպի Ղարաբուրուն կայարան-Ղարաբուրուն լեռ գիծը։ Ճակատամարտը շահած, սակայն հանգիստի կարիք ունեցող Սարդարապատի ջոկատը հրաման ստացաւ կանգ առնել եւ ամրանալ Մաստարա կիսակայարանին բարձունքներուն վրայ։ Այդ օրուայ ընթացքին Մարգարայի քով ետ մղուեցաւ նաեւ Արաքսը գետանցել փորձող քրտական 100 հոգինոց հրոսակախումբ մը։

Մայիս 27-28-ի գիշերը հայկական ոյժերը յառաջանալով հասան Ղարաբուրուն կայարան-Կարմրասար լեռ գիծը։ Իսկ Մայիս 28-ի ցերեկը Ղարաբուրուն-Աշնակ բնագիծին տեղի ունեցած կարճատեւ մարտէն ետք, դարձեալ չդիմանալով հայկական կողմի գրոհներուն, թուրքերը սկսան նահանջել դեպի Արագած կայարան, Ղրմըզլու, Վերին-Աղջաղալա, բայց այդ բնագիծին եւս չդիմանալով, շուտով ետ մղուեցան դէպի աւելի հիւսիս։ Այդ օրուայ մարտերու արդիւնքով հայկական կողմը գրաւեց Ղարաբուրուն եւ Արագած կայարանները, ինչպէս նաեւ Ներքին ու Վերին Թալինները եւ Մաստարան, իսկ հայկական հետախուզական ջոկատները հասան մինչեւ Անի կայարան, պարզելով որ մինչեւ Անի եւ Աղին կայարաններ թրքական ոյժեր չկան, բոլորը կը նահանջեն։ Սակայն յաջորդ օրը՝ Մայիս 29-ին, մեծ համալրում ստանալով, թուրքերը հակայարձակումի անցան Արագած կայարանի վրայ։ Հայկական առաջապահ ոյժերը, թրքական հրետանիի ճնշումին եւ թրքական հեծելազօրին կողմէ ձախ թեւի շրջանցումի վտանգին տակ յայտնուելով ստիպուած նահանջեցին եւ ամրացան Ղարաբուրուն կայարանին մէջ։ Մինչդեռ ռազմաճակատի աջ թեւին հայկական ոյժերը ամբողջ օրը ծանր մարտեր մղեցին Շիրվանջուղ գիւղին կից։ Ճիշդ այդ օրը՝ Մայիս 29-ին, երեւանեան զօրախումբի հրամանատար սպարապետ Մովսէս Սիլիկեանը երկրորդ անգամ կոչով դիմեց զօրքին ու ժողովուրդին դէպի Աղեքսանդրապոլ յաղթական մարտերը շարունակել յորդորելով։

«­Հա­յե՛ր։ ­Մեր քա­ջա­րի զօր­քե­րի հե­րո­սա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նակ­ւում է, եւ թիւրք զօր­քե­րը նա­հան­ջում են։

­Մենք պէտք է յետ առ­նենք Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը, ո­րը այն­պէս նեն­գօ­րէն գրա­ւե­ցին թիւր­քե­րը։

Մեր բո­լո­րիս մտքե­րը ամ­բող­ջո­վին պէտք է սե­ւե­ռած լի­նեն դէ­պի Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը. մենք պէտք է յետ առ­նենք այն եւ ա­պա միայն թիւր­քե­րի հետ բա­նակ­ցու­թեան մէջ մտնենք հաշ­տու­թիւն կնքե­լու հա­մար։

­Մեզ բո­լո­րիս շատ լաւ պէտք է յայտ­նի լի­նի, թէ ո՛ր աս­տի­ճա­նի գրգռո­ւել է ան­կուշտ եւ միա­ժա­մա­նակ թոյլ թիւրք կա­ռա­վա­րու­թեան ա­խոր­ժա­կը։ ­Նա պա­հան­ջում է ամ­բողջ Ա­խալց­խա­յի, Ա­խալ­քա­լա­քի, Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի եւ Էջ­միած­նի գա­ւառ­նե­րը՝ Էջ­միա­ծին վան­քի հետ միա­սին եւ Ե­րե­ւա­նի, ­Նա­խի­ջե­ւա­նի գա­ւառ­նե­րի մեծ մա­սը։

­Մի­թէ՞ մենք պէտք է տա­նենք այդ­պի­սի ա­նար­գանք։ ­Մի­թէ՞ հեշտ ու հան­գիստ սրտով պէտք է տանք թշնա­մուն մեր հայ­րե­նի հո­ղե­րը, որ կե­րակ­րել, կե­րակ­րում են եւ պի­տի կե­րակ­րեն մեզ եւ մեր սրբա­տե­ղին՝ ­Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը։

Ո՛չ, եր­բեք, հա՛յ ժո­ղո­վուրդ, դու չպի­տի թոյլ տաս այդ­պի­սի ա­նար­գանք։

Եւ այդ ա­նար­գան­քը, տե­ղի չի ու­նե­նայ, ե­թէ մենք հաս­նենք մին­չեւ Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ։

­Քի՛չ է մնա­ցել մին­չեւ Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ, հար­կա­ւոր է միայն օգ­նել խրա­մատ­նե­րում գտնո­ւող մեր քա­ջե­րին եւ մի ե­րեք-չորս օ­րից յե­տոյ մենք կը հաս­նենք մեր նպա­տա­կին։

Արդ, ու­րեմն, մի՛ դան­դա­ղէք, հա­յե՛ր, շտա­պով խմբո­ւե­ցէ՛ք խիտ ու հա­մե­րաշխ շար­քե­րով, վռնտե­ցէ՛ք թշնա­մուն մեր հայ­րե­նի ա­րիւ­նա­ներկ հո­ղից եւ թո՛ղ ձեզ հետ լի­նի մեր յետ­նորդ­նե­րի օրհ­նու­թիւ­նը։

Դէ­պի՛ զէնք բո­լորդ։

Դէ­պի՛ Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ»։ (Աշխատանք // Գ․ տարի, Չորեքշաբթի, 5 (23) Յունիս, 1918, թիւ 5 (205) - Մովսէս Սիլիկեան)

Սակայն Պաթումի մէջ հայկական պատուիրակութեան կողմէ թրքական եռօրեայ ժամկէտով վերջնագիրի ընդունումէն ետք (Մայիս 26-29), նոյն օրը զինադադար հաստատուեցաւ։ Սպարապետ Թովմաս Նազարբէկեանի հրամանով հայկական բոլոր զօրքերու յարձակումները դադրեցան։ Այս մէկը ազդարարեց Սարդարապատի ճակատամարտին վերջը։ Զինադադարի եւ յարձակումի դադրեցնելուն մասին լուրը խիստ դժգոհութեամբ ընդունուեցաւ ինչպէս Սարդարապատի ճակատի զինուորներուն, այնպէս ալ հրամանատարական կազմին կողմէ։ Ըստ հայկական հրետանիի հրամանատար գնդապետ Քրիստափոր Արարատեանի, թէեւ զինադադարի հաստատման ժամանակ երեւանեան զօրախումբի դրութիւնը մեծապէս նպաստաւոր էր, սակայն Ղարաքիլիսայի ճակատին վրայ հայերուն կրած լիակատար անյաջողութիւնը ստիպեց դադրեցնել յարձակումը, քանի որ Երեւանը բաց կը մնար հիւսիս-արեւելքէն հակառակորդի ներխուժումին առջեւ։ Ըստ կարգ մը տեսակէտներու, Սարդարապատի ճակատին յարձակումին դադարեցումը կապուած էր նաեւ հայկական կողմի զինապահեստներուն գրեթէ պարապ ըլլալուն եւ միւս կողմէն թրքական ոյժերուն համալրումներ ստանալէն ետք հակայարձակումին անցնելուն վտանգով։

Պաթումի մէջ զինադադարի հաստատումէն ետք Սարդարապատի ճակատին վրայ կարգ մը հատուածներու մէջ մարտական գործողութիւնները շարունակուեցան, սակայն մեծ փոփոխութիւններ տեղի չունեցան։ Պաթումի հաշտութեան պայմանագիրի կնքումէն ետք՝ Յունիս 14-ին, հայկական բոլոր ոյժերը իրենց դիրքերէն ետ քաշուեցան պայմանագիրին մէջ կարգուած սահմանագիծը։

Սարդարապատի մարտին, թրքական կորուստները հասան 3,500-ի, մինչդեռ հայկական կողմի կորուստները շատ աւելի քիչ էին, թէեւ ճշգրիտ տուեալներ չկան։

Արդիւնք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սպարապետ Սիլիկեանը, օսմանեան զօրքերու չարաչար պարտութենէն ետք կ'ուզէր շարունակել յառաջխաղացքը այն յոյսով, որ պիտի կարենար զանոնք վտարել Ալեքսանդրապոլէն ու Կարսէն։ Սակայն գրեթէ անմիջապէս, ան կը տեղեկանայ թէ Թիֆլիսի մէջ Հայոց Ազգային Խորհուրդի եւ օսմանցիներու միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մասին եւ զօրաբանակի հրամանատար Թովմաս Նազարբեկեանէն հրաման կը ստանայ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու։ Թէեւ այն ժամանակ Ազգային Խորհուրդի անդամները լայն քննադատութեան ենթարկուեցան, սակայն այս որոշումը կայացուցին, քանի որ զինամթերքի պահեստները սպառած էին եւ օսմանեան հրամանատարները նոր համալրումներ ստացած էին։

Սարդարապատի իննօրեայ մարտը լմնցաւ հայոց լիակատար յաղթանակով, որու արդիւնքով թշնամին 50-65 քմ․ ետ մղուեցաւ եւ Երեւանի անմիջական սպառնալիքը վերացաւ։ Սարդարապատի ճակատամարտին հայոց յաղթանակը, Վանաձորի (Ղարաքիլիսա) եւ Վերին-Ապարանի յաղթութիւններուն կողքին, մեծ դեր խաղցաւ թուրքերուն արեւելեան Հայաստան ներխուժումը ձախողցնելուն մէջ։ Հերոսամարտը փրկեց արեւելեան Հայաստանի բնակչութիւնը, արեւմտեան Հայաստանէն հոն հաստատուած տարագրեալներուն կողքին։ Այս յաղթանակը ո՛չ միայն նպաստեց Երեւանի մէջ քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ գործիչներուն դերակատարութեան աճին (մինչ այդ Երեւանը փոքր քաղաք մըն էր), այլ անիկա դրաւ նորանկախ Հայաստանի հիմքը։

Սարդարապատի, Վերին-Ապարանի (Բաշ, արտայայտութիւնը թրքերէն է՝ Baş) եւ Ղարաքիլիսէ-ի (Վանաձոր) մէջ Օսմանցիներու պարտութիւններէն ետք եւ հայոց յաղթանակները հնարաւոր դարձուցին «Հայոց Ազգային Խորհուրդ»-ին յայտարարել «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան» անկախութիւնը։ Թէեւ հայերուն կողմէ ընդունուած Պաթումի դաշնագրի (4 Յունիս 1918) պայմանները դժնդակ էին, բայց հայոց զօրքերը կարողացան դիմակայել մինչեւ 1918-ի վերջերը՝ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի աւարտը, երբ օսմանեան թուրքերը ստիպուեցան ետ քաշուիլ շրջանէն։

Ժառանգութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սարդարապատի իննօրեայ ճակատամարտը մեծ տեղ կը գրաւէ հայկական պատմական յիշողութեան մէջ։ Ան աւարտեցաւ հայերու լիակատար յաղթանակով, որու արդիւնքով թշնամին ջախջախուեցաւ ու ետ շպրտուեցաւ 50-65 քմ․, վերացաւ Երեւանին սպառնացող անմիջական վտանգը։ Յաղթանակը վճռական դեր խաղաց Արեւելեան Հայաստանի դէմ թրքական զօրքերու արշաւանքի մասնակի ձախողումին եւ մասնաւորապէս միւս ճակատներուն վրայ՝ Բաշ-Ապարանի յաղթական հակահարուածին եւ Ղարաքիլիսայի հերոսական պաշտպանութեան գործին։ Սարդարապատի հերոսամարտը տեղի բնակչութիւնն ու արեւմտահայ գաղթականները փրկեց անխուսափելի ջարդերէն։ Կազմակերպչական մեծ ջանքերու գնով տարած յաղթանակը նպաստեց նաեւ Երեւանի մէջ գործող քաղաքական ու հասարակական կազմակերպութիւններուն, ինչպես նաեւ ղեկավար մարմիններուն եւ առաջատար գործիչներու դերի ամրապնդումին․ փաստացի հիմք դրուեցաւ նորահռչակ Հայաստանի Հանրապետութեան կայացումին։

Խորհրդային միութեան (Սովետական) պատմագրութեան մէջ այս հերոսամարտը շատ չնչին ուշադրութեան արժանացած է մինչեւ Ե․ Սթալինի մահը։ 1960-ականներուն կարգ մը խորհրդային պատմաբաններ սկսան խօսիլ ճակատամարտի կարեւորութեան մասին, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերու կողքին։

Առ ի օրինակ, խորհրդային ռազմական պատմաբան Եւկենի Ֆ․ Լուտշուվէթը կը պատմէ թէ այս մարտերը տարուած են «Հայկական Դաշնակցական Ուժերուն» կողմէ (թէեւ ամբողջ ազգը, այո Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ բայց բոլոր ոյժերու մասնակցութեամբ տարաւ այս մարտը)։ Իւան Բաղրամեանը, Խորհրդային Միութեան բանակի մարշալ մը եւ ինքը ճակատամարտին մասնակիցներէն մէկը, կը պատմէ հերոսամարտի նշանակութեան մասին հետեւեալ բառերով՝

«Սարդարապատի ճակատամարտին նշանակութիւնը մեծ է... Եթէ անոնք [հայկական ուժերը] այդտեղ չյաղթէին օսմանցիներուն, անոնք պիտի շարունակէին շարժը դէպի Էջմիածին եւ Երեւան՝ Հայաստանէն ոչինչ կը մնար, ոչ մէկ բան կը փրկուէր… Հայերը յաղթեցին եւ անոնց շնորհիւ մեր ազգը պահպանեց իր գոյութիւնը Հայաստանի ներկայիս սահմաններուն մէջ»։

1965 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան յիսուներորդ տարեդարձի նշումէն ետք, Խորհրդային (Սովետական) իշխանութիւնները համաձանեցան, ճակատամարտի վայրին մօտ Հայոց յաղթանակին նուիրուած յուշահամալիր կառուցելուն։ Ճարտարապետ Ռաֆայել Իսրայէլեանին յանձնարարուեցաւ յուշարձանին ուրուագծումը, որու կառուցումը աւարտեցաւ 1968 թուականին։

Սարդարապատի, Վերին-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերը միահամուռ կը կոչուին «Մայիսեան Հերոսամարտեր»։

Ամէն տարի, Մայիսի 28-ին, Հայաստանի նախագահը կ'այցելէ յուշահամալիր։ Այդ օրուայ ընթացին մշակութային եւ ռազմական (մինչեւ 2018թ․) միջոցառումներ տեղի կ'ունենան։