Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիր (1916)

Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրին կցուած քարտէսը

Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիր, գաղտնի համաձայնագիր, որ կնքուած է 1916 թուականի Մայիս 16–ին, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, որ վաւերացուցած էին Ռուսական կայսրութիւնը եւ Իտալիան, Օսմանեան կայսրութեան ասիական տիրոյթներու ասիական, առաջին կարգին՝ արաբական նահանգներու բաժանման մասին։

Համաձայնագիրի նախագիծը պատրաստած էին դիւանագէտներ՝ անգլիացի Մարք Սայքսը եւ ֆրանսացի ժորժ Փիքոն, ուրկէ յառաջացած է Սայքս-Փիքոյի անուանումը։ Գաղտնի ստորագրած են Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Քրէյն ու Ֆրանսայի դեսպան՝ Պ. Գամպոնը Լոնտոնի մէջ, 1916-ի Մայիսին։

Համաձայնագիրի նպատակն էր բեղմնաւոր կիսալուսինը բաժնել Ֆրանսայի եւ Բրիտանիայի միջեւ, սահմանել ազդեցութեան տարածքներ Արեւմտեան Ասիայի եւ բաժնել Օսմանեան կայսրութիւնը, որ վերահսկում էր այդ շրջանը Առաջին համաշխարհային պատերազմին։ Համաձայնագիրը հիմնուած էր այն նախադրեալի վրա, որ Եռակի Անտանտը կը յաջողի յաղթել Օսմանեան կայսրութեան, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ եւ կազմեց շարք մը գաղտնի համաձայնագրեր, որոնք յոյս ունէին բաժնել զայն: Նախնական բանակցութիւնները, որոնք յանգեցուցին համաձայնագրին, տեղի ունեցան 1915 թուականի Նոյեմբերի 23-էն մինչեւ 1916 թուականի Յունուարի 3-ը, այն օրը, երբ ֆրանսացի դիւանագէտ Ֆրանսուա-Ժորժ-Փիքոն եւ բրիտանացի Մարք Սայքսը ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագրեր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ: Բրիտանիան եւ այն ժամանակ ցարական Ռուսաստանը՝ այդ երկիրներու կառավարութիւնները համաձայնագիրը վաւերացուցած են 1916 թուականի Մայիսի 9-ին եւ 16-ին։

Համաձայնագիրը փաստացի բաժնեց Արաբական թերակղզիէն դուրս գտնուող օսմանեան արաբական պետութիւնները՝ Անգլիայի եւ Ֆրանսայի կողմէ վերահսկուող կամ ազդեցութեան տակ գտնուող տարածքներու։ Համաձայնագրով Մեծ Բրիտանիային յատկացուած է ներկայիս Պաղեստինը, Յորդանանը, Իրաքի հարաւը եւ լրացուցիչ փոքր տարածք, ներառեալ Հայֆա եւ Ակր նաւահանգիստները, որպէսզի թոյլ տան մուտք գործել դէպի Միջերկրական ծով: Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսային, ապա ան կը վերահսկէ հարաւ-արեւելեան Թուրքիան, հիւսիսային Իրաքը, Սուրիան եւ Լիբանանը։ Ներառուած Սազոնով-Պալեոլոկ համաձայնագրի արդիւնքով՝ Ռուսաստանը Կոստանդնուպոլսէն բացի՝ ձեռք կը բերէր նաեւ Արեւմտեան Հայաստանը եւ Կոստանդնուպոլսի պայմանագրով (1915թ.) արդէն խոստացուած թրքական նեղուցները։ Իտալիան համաձայն գտնուեցաւ այս համաձայնագրին 1917 թուականին՝ Սեն-Ժան-դե-Մորենի պայմանագրով, որպէսզի ունենայ հարաւային Անատոլիան: Ինչ կը վերաբերի Պաղեստինի տարածաշրջանին, որ աւելի փոքր սահմաններ ունի, քան աւելի ուշ լիազօրուած Պաղեստինը, ապա անիկա կը գտնուի «միջազգային կառավարման» ներքեւ։

Համաձայնագիրն ի սկզբանէ օգտագործուած է որպէս ուղղակի հիմք՝ 1918 թուականի անգլօ-ֆրանսական ժամանակաւոր կարգաւորման համար: Աւելի մեծ մասշտաբով ուղղակի արշաւանքը պէտք է յանգեցնէր Օսմանեան կայսրութեան բաժանման, 1918 թուականին անոր պարտութենէն յետոյ: Պատերազմէն անմիջապէս յետոյ ֆրանսացիները Պաղեստինը եւ Մոսուլը զիջեցան բրիտանացիներուն: Լեւանտը եւ Միջագետքը մանդատի տակ դրուեցան Սան Ռեմոյի համաձայնագրով, 1920 թուականի Ապրիլին՝ համաձայն Սայքս-Փիքոյի շրջանակին: Բրիտանական մանդատը Պաղեստինի նկատմամբ շարունակուեցաւ մինչեւ 1948 թուականը եւ բրիտանական մանդատը Իրաքի նկատմամբ փոխարինուեցաւ մանդատային Իրաքի հետ համանման պայմանագրով, իսկ ֆրանսական մանդատը Սուրիոյ եւ Լիբանանի նկատմամբ շարունակուեցաւ մինչեւ 1946 թուականը: Անատոլիական մասերը սահմանուեցան Սեւրի պայմանագրին համաձայն՝ մինչեւ Օգոստոս, 1920 թ.: Բայց այս յաւակնութիւնները խափանուեցան 1919-1923 թուականներու թրքական անկախութեան պատերազմով։

Շատերը համաձայնագիրը կը համարեն շրջադարձային՝ արեւմուտք-արաբական յարաբերութիւններուն մէջ: Միացեալ Թագաւորութիւնը չեղեալ յայտարարեց արաբներուն տրուած իր խոստումները՝ կապուած Մեծ Սուրիոյ տարածաշրջանին մէջ արաբական ազգային հայրենիքի հետ՝ Օսմանեան կայսրութեան դէմ Բրիտանիային աջակցելու դիմաց: Պայմանագրի պայմանները բացայայտուեցան, երբ 1917 թուականի Նոյեմբեր 23-ին բոլշեւիկները եկան Ռուսաստան եւ կրկնուեցան 1917 թուականի Նոյեմբերի 26-ին բրիտանական The Guardian թերթին մէջ տեղ գտած տողերը. «անգլիացիները կամչնային, արաբները դժգոհ էին եւ թուրքերը հիացած էին»։ Համաձայնագրի ժառանգութիւնը կը շարունակէ ստուեր ձգել տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւններուն վրայ:[1]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։
  1. (արաբերեն) اتفاقية سايكس بيكو, 2024-01-10, https://ar.wikipedia.org/w/index.php?title=%D8%A7%D8%AA%D9%81%D8%A7%D9%82%D9%8A%D8%A9_%D8%B3%D8%A7%D9%8A%D9%83%D8%B3_%D8%A8%D9%8A%D9%83%D9%88&oldid=65672789, վերցված է 2024-05-04