Պերճ Պռօշեան

Պերճ Պռօշեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Հովհաննես Ստեփանի Տեր–Առաքելյան
Ծնած է 3 Յունիս 1837(1837-06-03)[1]
Ծննդավայր Աշտարակ, Էջմիածին
Մահացած է 23 Նոյեմբեր 1907(1907-11-23) (70 տարեկանին)
Մահուան վայր Պաքու, Ռուսական Կայսրութիւն
Մայրենի լեզու հայերէն[1]
Ուսումնավայր Թիֆլիսի Հոգեւոր Ճեմարան
Ներսիսեան դպրոց
Թիֆլիսի Գիմնազիոն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Սօս եւ Վարդիթեր
Մասնագիտութիւն գրագէտ, վիպասան, բանաստեղծ, արձակագիր
Աշխատավայր Ներսիսեան դպրոց
Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մշակ
Փորձ
Երեխաներ Պռօշ Պռօշեան, Պերճանուշ Պռօշեան, Աշխէն Պռօշեան, Շուշանիկ Պռօշեան եւ Էաչի Պռօշեան

Պերճ Պռօշեան (3 Յունիս 1837(1837-06-03)[1], Աշտարակ, Էջմիածին - 23 Նոյեմբեր 1907(1907-11-23), Պաքու, Ռուսական Կայսրութիւն), հայ գրող։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Աշտարակ: Համեստ, գրեթէ չքաւոր ընտանիքի զաւակ։ 1851-ին, աւարտելէն ետք գիւղական վարժատան ընթացքը, Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսի միջնորդութեամբ, որդեգիր ուսանող (անվճար) կ'արձանագրուի Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին։ 1855-ին յաջողութեամբ կը լրացնէ ուսման ընթացքը եւ կը նուիրուի ուսուցչութեան, Աշտարակի մէջ։ Պաշտօնի բերումով շրջած է գիւղէ գիւղ, դիտած է մեր ժողովուրդի կեանքը՝ իր արտին մէջ, իր տան, իր աւանդութիւններուն եւ սովորութեանց։

1858-ին կը հրաւիրուի Թիֆլիս, ուսուցչական պաշտօնով:

1859-ին իր առաջին բանաստեղծական փորձը կ'երեւի «Մեղու Հայաստանի»ի մէջ։

1860-ին մաս կը կազմէ «Կռունկ» խմբագրութեան։ Քառասունեւհինգ տարիներու իր ուսուցչական գործունէութեան ընթացքին, պաշտօնավարած է նաեւ Շուշիի եւ Ագուլիսի մէջ։ Այս վերջին քաղաքին մէջ հիմնած է աղջկանց վարժարան մը, 1876-ին։

1876-ին Ասրախարն է, ուր եւս ծխական վարժարան մը կը հիմնէ։ Երեք տարի ետք, կը նշանակուի Երեւանեան թեմի եւ Կարսի շրջանի կրթական քննիչ։

1885-ին, երբ հայկական վարժարանները կը փակուին, անձկութեան կը մատնուի։ Պաշտօնի կը հրաւիրուի Ներսիսեան վարժարանին մէջ։ 1898-ին հանգստեան կը կոչուի։

1907-ին կը վերադառնայ Աշտարակ, ուրկէ կ'անցնի Պաքու։ Կը մեռնի նոյն տարին, Պաքուի մէջ։

Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պռօշեանի գործերը վիպական բնոյթ ունին առաւելապէս։ «Սօս եւ Վարդիթեր»էն ետք, 1877-ին, Աբգար Յովհաննէսեանի «Փորձ» ամսագրին մէջ հրատարակութեան կու տայ «Կռուածաղիկը»ը, 1879-ին՝ «Հացի Խնդիր» եւ 1883-ին՝ «Շահէն»:

Գրած է «ցեցեր»ը, «Բղղէ» (1890), «Սկիզբն Երկանց» (1892) եւ վերջին գործը՝ «Յունոն» (1900)[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохоров — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  2. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։