Յովհաննէս Վարդապետ

Յովհաննէս Վարդապետ
Ծնած է 1826
Ծննդավայր Սայտա, Լիբանան
Մահացած է 21 Նոյեմբեր 1908(1908-11-21)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Մասնագիտութիւն աստուածաբան

Յովհաննէս Վարդապէտ Կարգաթող Յակոբ Եպիսկոպոս Պոլուցիին զաւակն է: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ապէյի (1826, Սայտա, Լիբանան - 21 Նոյեմբեր 1908(1908-11-21), Պէյրութ, Լիբանան) միսիոնարներու վարժարանին մէջ։ Մենք հայերս զինք պիտի կոչենք Բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ, որովհետեւ ի վերջոյ կրօնական ասպարէզէն բոլորովին հրաժարած եւ բժշկութեան նուիրուած է։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերապատուելի բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ ծնած է Սայտա 1826-ին։ Ժամանակի ընթացքին գտնուած ըլլալով օտար միջավայրի մէջ, Յովհաննէս կը փոխուի Ճանի եւ կը կոչուի Ճան Ուորդապետ կամ Եուհաննա Վորդապետ, ինչպէս կը ճանչնան զինք տեղացիք։

Անոր աննկուն կամքը եւ ինքնազարգացման մեծ պապակն է որ խթանած են այս հայը գրաւելու արտակարգօրէն բարձր դիրք մը եւ հանդիսանալու ո՛չ թէ լոկ Սուրիոյ եւ Լիբանանի, այլ իր ժամանակին Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մին։

Ան դժբախտութիւնը կ'ունենայ կանուխէն կորսնցնելու իր ծնողքը եւ իբր ուշիմ տղայ կ'արժանանայ միսիոնարներու գուրգուրանքին։ Երկար տարիներու քրտնաջան աշխատանքէն յետոյ, առիթը կը տրուի իրեն երթալ Սկովտիա, ուր կը կատարելագործէ իր երկրորդական եւ բարձր ուսումը, քարոզիչ կը ձեռնադրուի եւ կը ղրկուի նախ Հասպայեա (Լիբանան), քիչ ետք 1850-ին՝՝ Թրիփոլի եւ յետոյ Հալէպ, իբր Սկովտիական եկեղեցիի միսիոնար։

Միեւնոյն ժամանակ ինքնաշխատութեամբ եւ տոքթոր Գորնէլիոս Վանտայքի աջակցութեամբ բժշկութիւն կ'ուսանի։

Քանի մը տարի յետոյ կը հրաւիրուի բժշկութիւն ուսուցանելու Պէյրութի Սուրիական Բողոքական Գոլէճին մէջ (այժմու Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը) եւ կը հանդիսանայ սոյն հաստատութեան հիմնադիր փրոֆէսէօրներէն մին։ Հոս կը պաշտօնավարէ տասնեօթ ձիգ տարիներ, նաեւ էտինպուրկ (Անգլիա) եւ Նիւ Եորք, ուր կարճ ժամանակ մը բժշկութիւնը կատարելագործելէ յետոյ, պաշտօնապէս կ'ընդունի բժիշկի տիտղոսը։

1853-ին տոքթոր Վարդապետ կ'ամուսնանայ կարգաթող Դիոնեսիոս Եպիսկոպոս Կարապետեան Գտրթալցիի դստեր Սալոմէ Գարաբէթի հետ։ Սալոմէ ուսանած էր Պէյրութի միսիոնարներու աղջկանց վարժարանը եւ Մուսուլի մէջ ուսուցչութիւն կ'ընէր։ Քիչ գիտենք իրենց ընտանեկան կեանքին մասին։ Ունեցած են տասնէ աւելի զաւակներ, որոնցմէ 1933-ին վեցը ողջ էին։ Ուիլյըմ, բժիշկին սիրելի զաւակը, մեռաւ շատ երիտասարդ տարիքի մէջ, մեծ ցաւ պատճառելով հօրը։ Ինչպէս յետոյ պիտի տեսնենք, ծերութեան տարիներուն, խաչուող հայ ազգին տառապանքը եւ անհետացած որդւոյն վիշտն է որ կը քայքայեն իր առողջութիւնը։ Ինչպէս ինք, զաւակներն ալ ականաւոր անձեր հանդիսացան՝ ուսուցիչ, գրագետ, հիւանդապահուհի եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ըլլալով։

Ճարտար բժիշկ մը եւ հմուտ գիտնական մը ըլլալէ զատ, Յովհաննէս Վարդապետ էր նաեւ քաջ լեզուագէտ մը։ Քաջահմուտ էր անգլիերէն եւ արաբերէն լեզուներու։ Արաբերէնը ուսած ըլլալով մեծանուն գրագէտ, կատարելագործած էր այս լեզուն։ Ո՛չ խօսուածքէն, եւ ո՛չ ալ գրուածքներէն ամենակարող արաբագէտն իսկ կրնար կասկածիլ թէ ան օտարական մըն էր։ Նոյն էր իր անգլիերէն լեզուի հմտութիւնը։ Օտարականի նմանող իր արտաքին երեւոյթով երբ անգլիերէն խօսէր, ճշմաէիտ անգլիացիի մը տպաւորութիւնը կը թողուր։ Բացի ասոնցմէ, բժիշկ Յովհաննէս Վարդապէտ գիտէր Ֆրանսերէն, Թրքերէն, յունարէն, լատիներէն եւ եբրայերէն։

Ինչպէս նշդրակի, նոյնպէս գրչի վարպետ եղող բժիշկը սկսաւ գրով ու գրչով խաղալ շատ կանուխէն, եւ չդադրեցաւ խաղալէ մինչեւ խոր ծերութիւն։ Գրած է բազմաթիւ անգլիերէն եւ արաբերէն յօդուածներ տեղական եւ արտասահմանի թերթերուն մէջ։ Աշխատակցած է British Medical Journal-ին, Lancel-ին ու բազմաթիւ անգլիական եւ սկովտական թերթերուՍփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]