Մկրտիչ Ա. Քհնյ. Մուրատեան

Մկրտիչ Ա. Քհնյ. Մուրատեան
Ծնած է 1881
Ծննդավայր Սասունի Գոմք գիւղին մէջ
Մահացած է 1970
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Աշխատավայր Քահանայ
Ամուսին Վարդուհի Աճեմեան
Ծնողներ Մուրատ եւ Մարի
Երեխաներ

Զապէլ, Վազգէն, Վազգէն բ.,

Մատլէն, Գեղամ, Եդուարդ

Տ. Մկրտիչ Ա. Քհնյ. Մուրատեան (ծնած է 1881 Սասունի Գոմք գիւղին մէջ- մեռած է 1970-ին, Հալէպ):

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մուրատի եւ Մարիի որդին՝ Միքայէլ, լոյս աշխարհ եկած է սասունցի ծնողքէ, Սասունի Գոմք գիւղին մէջ, 1881-ին։

1893-ին համիտեան ջարդերուն պատճառով, ուսումը կ'ընդհատուի։

Այս դժուար պայմաններուն մէջ, Միքայէլ վերադարձած է իր ծննրավայրը, ուր քանի մը ամիս մնալէ ետք, վերջնականապէս որոշած է Հալէպ գաղթել։

Իբրեւ աշակերտ ընդունուած Հալէպի Ներսէսեան Վարժարանը (այժմ Հայկազեան), որուն ուսման հնգամեայ շրջանը օրինաւորապէս աւարտելէ ետք, ստացած է համապատասխան վկայական,1901-ին։

Յաջորդ տարին ան ուսուցչական պաշտօնի կոչուած է նոյն վարժարանին մէջ, եւ իբրեւ սիրուած կրթական մշակ, ան ինը տարիներ անընդհատ պաշտօնավարած է այդ դպրոցին մէջ, դասաւանդելով կրօն, հայերէն լեզու եւ այլ նիւթեր։

Ան իր կեանքին ընկերը ընտրած է իրեն պաշտօնակից ուսուցչուհին՝ Աճէմեան Մովսէսի եւ Աննայի դուստր Վարդուհին, որուն հետ պսակուած է Հալէպի մէջ, 1908-ին։ Ունեցած է վեց զաւակներ՝ Զապէլ, Վազգէն, Վազգէն բ., Մատլէն, Գեղամ եւ Եդուարդ։

Մեծ Հօրմէն ստացած քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւ ուսանած վանքերուն կրօնաբոյր մթնոլորտը կազմաւորած ու ձեւաւորած էին իր նկարագիրը եւ ներաշխարհը լեցուած՝ խունկով, շարանակով, աղօթքով, աւետարանով ու եկեղեցական արժէքներով։

Տէր Մկրտիչ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ սասունցի ընտանիքներուն։

Տարիներ ետք, իբրեւ փորձառու քահանայ, ան կոչուած է ազգային-ժողովական կեանքի։

Երկար տարիներ անդամ եղած է Գաւառական եւ Կրօնական Ժողովներուն։ Իսկ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ՝ լուսահոգի Տ. Յարութիւն քհնյ. Եսայեանի վախճանումէն ետք, Տէր Մկրտիչ կոչուած է փոխանորդութեան պաշտօնին, զոր երկար տարիներ ձեռնհասօրէն վարած է եւ իր վարչական հարուստ փորձառութեամբ օգտակար դարձած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդներուն։

Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր յօդուածները լոյս տեսած են «Արեւելք» օրաթերթին, «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի» գիրքին, «Տարօն Տարեգիրք»ի, «Սուրիահայ Տարեգիրք»ի եւ այլ հայկական պարբերականներու մէջ։ Ունի շատ փոքրածաւալ աշխատութիւն մը «Հայոց դարձն Ի Քրիստոնէութիւն» խորագրով։

Տարիներու իր բարւոք ծառայութեան եւ անխոնջ աշխատանքին համար, ան պարգեւատրուած է Լանջախաչով, Ծաղկեայ փիլոնով եւ Աւագութեան տիտղոսով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսէն։

Մահացած[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դժբախտաբար, այս բազմավաստակ քահանան իր կեանքի վերջալոյսին կորսնցուցած է իր յիշողութիւնը եւ յետ կարճատեւ հիւանդութեան վախճանած՝ Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 1970-ին։

Վերջին օծումն ու թաղման կարգը տեղի ունեցած է Բերիոյ Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Տ. Տաթեւ Վրդ. Սարգիսեանի ձեռամբ, Հինգշաբթի 13 Օգոստոսին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 114-115-116-117-118-119-120-121։