Մանզումէի էֆքիար

Մանզումէի էֆքիար
Մանզումէի Էֆքեար եւ Manzoumé-i-efkiar
Տեսակ թերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1866
Երկիր  Օսմանեան Կայսրութիւն
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս

«Մանզումէի էֆքիար» («Կարծիքներու շարք»), Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1866-1917 թուականներուն հրատարակուած հայկական թերթ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչեւ 1896 թուականը հրատարակուած է հայատառ թրքերէնով, այնուհետեւ՝ հայերէնով։ Ունեցած է ժողովրդավարական ուղղութիւն, հանդէս եկած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բարենորոգումներ կատարելու օգտին։ Լուսաբանած է Արեւմտեան Հայաստանի բնակչութեան հասարակական, տնտեսական, ազգային ծանր վիճակը, մերկացուցած թրքական հարստահարողներուն եւ այդ պատճառով քանի մը անգամ արգիլուած։

1878 թուականին թերթի հեղինակութիւնը ինկած է Հայկական հարցը արեւմտահայութեան համար վնասակար համարելու պատճառով։ Ըստ Կ. Փանոսեանի՝ Հայկական հարցի միջազգայնացումը հայերու ապագայ դժբախտութիւններու պատճառ կարող է դառնալ։ Թերթը հաւատացած է Թուրքիոյ բարենորոգման եւ անոր լծորդած Արեւմտեան Հայաստանի կացութեան բարելաւումը։

1908 թուականի երիտթուրքական յեղաշրջումէն ետք «Մանզումէի էֆքիարը» քննադատած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը, մասնաւորապէս՝ թուրք-գերմանաական մերձեցումը։ Հայկական հարցի առնչութեամբ հանդէս եկած է Արեւմտեան Հայաստանի վարչական ինքնավարութեան օգտին։ Թերթը առանձնապէս ընդգծած է հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութեան գաղափարը եւ հակադրուած ոչ իսլամական ժողովուրդներու մէջ հակասութիւնները սրելու երիտթուրքերու ձգտումներուն։

«Մանզումէի էֆքիարը» կարեւոր ուշադրութիւն դարձուցած է արտասահմանի հայանպաստ կարծիքի ամրապնդման եւ բանավիճած հայատեաց ռուսական մամուլի հետ։ Լուսաբանած է Պալքանեան պատերազմները, 1912-1914 թթ. հայկական բարենորոգումներու վերաբերեալ բանակցութիւնները, քննարկած մեծ տէրութիւններու հակասութիւնները, որոնք արգելք էին Հայկական հարցի լուծման ճանապարհին։

Խմբագիրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Կարապետ Փանոսյան
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։