Ճապաղջուր

Գիւղ
Ճապաղջուր
Երկիր  Թուրքիա
ԲԾՄ 1153 մեթր
Բնակչութիւն 160 165 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Պաշտօնական կայքէջ bingol.bel.tr(թուրք.)

Ճապաղջուր, Արեւմտեան Հայաստանի բնակավայր, յայտնի է նաեւ այլ տարբերակներով՝ Ճարալջուր, Ճապաղ եւ այլն։ Հին ժամանակ կը կոչուէր Կթառիճ։ Այժմ թուրքերը վերանուանած են Պինկէօլ։ Ճապաղջուր կոչուած է գետակներու բազում ճիւղերու առկայութեան պատճառով։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճապաղջուրը, Արեւմտեան Հայաստանի հարիւրաւոր այլ բնակավայրերու նման, տարբեր ժամանակներու համարուած է տարբեր` գիւղ, աւան, ամրոց կամ բերդաքաղաք։ Կը գտնուի Արածանիի հովիտին մէջ, Բալու գիւղաքաղաքէն արեւելք։

11-րդ դարուն կը յիշատակուի իբրեւ եպիսկոպոսանիստ աւան եւ կը մտնէր Թոռնիկ Մամիկոնեանի իշխանութեան մէջ։ Թրքական տիրապետութեան շրջանին համանուն գաւառակի կեդրոնն էր, որ մինչեւ 1829 թուականը կը մտնէր Տիարպէքիր նահանգին, անկէ ետք՝ Բաղէշ-Պիթլիս նահանգին մէջ[1]։ Իսկ այժմ կը կոչուի Պինկէօլ եւ կը համարուի նոյնանուն նահանգի կեդրոնը։

Ճապաղջուրի մասին մեզի հասած պատմական տեղեկութիւնները սակաւ են: 13-րդ դարու 40-ական թուականներուն այն կը գրաւեն մոնղոլները, իսկ 16-րդ դարու սկիզբները՝ օսմանեան թուրքերը։

Մինչեւ առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը, Ճապաղջուրի բնակչութեան մեծ մասը կը կազմէին հայերը, որոնք գլխաւորաբար կը զբաղէին արհեստներով ու առեւտուրով։ Անոնք ունէին վարժարան եւ եկեղեցի[2]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «ՃԱՊԱՂՋՈՒՐ. գաւառակ»։ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն (en-US)։ 2011-02-27։ արտագրուած է՝ 2023-03-27 
  2. «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը․ Ճապաղջուր»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2023-01-24։ արտագրուած է՝ 2023-03-27