Ճաշակ Ոսկեղէնիկ Դպրութեան

Ճաշակ Ոսկեղէնիկ Դպրութեան (ամսագիր), պատմական, գիտական, բանասիրական ամսագիր, 1887-էն՝ տարեգիրք։ Լոյս տեսած է 1886-1887 թթ. , 1889 թ.-ին, Կ․ Պոլսոյ մէջ։ Խմբագիրներ՝ Մ․ Գարագաշեան, Հ․ Գուրգէն։ Գրաբարով ընթերցողներուն ներկայացուցած է պատմական յօդուածներ (Մեսրոպ Մաշտոցի կենսագրութիւնը ըստ Կորիւնի, հայոց լեզուի ծագումն ու զարգացումը, տպագրութեան գիւտն ու ազդեցութիւնը մշակոյթի առաջընթացի վրայ եւ այլն), մատենագիտական, բանասիրական, լեզուաբանական տեսութիւններ, հայ եւ օտար (Լամարթին, Հիւկօ, Լաֆոնտնն, Վոլտէր, Ռասին, Ֆենելոն եւ ուրիշներ) հեղինակներու ստեղծագործութիւններ, առակներ, աշխարհագրական տեղեկութիւններ։ Ունեցած է գրաբար-աշխարհաբար բառարանային բաժին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։