Հնչակեան Մամուլ

«Հնչակեան Մամուլ», հայալեզու քաղաքական, հասարակական, գիտական եւ գրական կիսամսեայ թերթ Ֆրանսայի մէջ։ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Ֆրանսայի շրջանի յանձնախումբի հրատարակչութիւն։ Լոյս տեսած է 1929-1931 թուականներուն (ընդհատումներով), Փարիզի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Վ. Կէօքճեան, Բ. Սիւնիք, Ա. Կենճեան։ Անդրադարձած է Հայաստանի տնտեսութեան ու մշակոյթի հարցերուն, նպաստած հայրենիքի հետ հայկական սփիւռքի կապերու ամրապնդման, զգալի տեղ յատկացնել սփիւռքահայ հայրենակցական կազմակերպութիւններու, ՀԲԸՄ, ՀՕԿ-ի գործունէութեան։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]