Հայկ Պարիկեան

Հայկ Պարիկեան
Ծնած է 1914
Ծննդավայր Եոզկաթ, Թուրքիա
Մասնագիտութիւն բանասէր, բանաստեղծ, խմբագիր

Հայկ Պարիկեան (1914, Եոզկաթ, Թուրքիա), հայ բանասէր, բանաստեղծ եւ խմբագիր։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Եոզկաթ: Տարագրութեան ատեն ծնողքին հետ հաստատուած է Հալէպ, ուր ստացած է իր ուսումը Հայկազեան վարժարանէն ներս: Հեղինակ է գրական, մենագրական եւ մատենագրական երկերու։

Աշխատանքները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1936-էն սկսեալ պաշտօնավարած է Զաւարեան եւ Կիլիկեան վարժարաններուն մէջ։ 1930-1941 եղած է տնօրէն Տէր Զօրի Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանին։ Իսկ 1954-1978 մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը դասաւանդած է հայերէն լեզու եւ գրականութիւն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վրժ.ի երկրորդական բաժինին մէջ։

Եղած է խմբագիր «Եփրատ» թերթի, «Բուրաստան» եւ «Բարձրունք» պարբերականներու, իսկ 1975-էն սկսեալ «Գեղարդ» Սուրիահայ Տարեգիրքի։ Աշխատակցած է գրական յօդուածներով եւ քրոնիկներով, մասնաւորաբար «Զարթօնք», «Արեւ», «Պայքար» եւ «Ժամանակ» օրաթերթերուն, իսկ պատմուածքներով եւ բանաստեղծութիւններով՝ «Շիրակ» գրական ամսագրին։

Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրատարակուած են իր հետեւեալ գործերը.

«Այգեկութք», բանաստեղծութիւններ (1962), «Լեւոն Բաշալեան», մենագրութիւն (1970), «Պատմութիւն Սուրիոյ Հայ Տպարաններու» (1973), «Երգեր Հողի եւ Մարդոց Մասին», բանաստեղծութիւններ (1985):

Հրատարակելի են. «Պատմուածքներ», «Ծածկանուններու Բառարան» գործերը։

Իր բանաստեղծութիւնները տոգորուած են համամարդկային սիրոյ զգացումներով։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[1]

  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։