Հագուստ

Հագուստ, կը պատրաստուի հիւսուած կամ գործածուած կտորեղէններէ, որ մարդիկ կը հագնին իրենց մարմինը ծածկելու համար։

Նախնադարեան շրջանին մարդիկ որպէս հագուստ կ'օգտագործեն բոյսերու տերեւներ, յետագային՝ գազաններու մորթերը, շատ աւելի ուշ բուրդն ու զանազան կենդանիներու մազերը կը գործածեն նաեւ տարբեր զգեստներ պատրաստելու համար։

19-րդ դարուն մանածագործութեան զարգացման հետ սկսած է հագուստի մեքենայական արտադրութիւնը, եւ հագուստը ստացած է աւելի բարետես, ժամանակակից տեսք։

Հագուստը ունի իր առանձնայատկութիւնները: Անիկա կը ծածկէ մարդու մարմնի մերկութիւնը, կը պաշտպանէ շրջակայ միջավայրի անցանկալի ազդեցութիւններէն՝ ցուրտէն, տաքէն, խոնաւութենէն, եւայլն, կը ստեղծէ որոշակի առողջապահական միջավայր եւ կը ծառայէ որպէս վայելչանքի միջոց։

Հագուստի տեսակներն են՝ վերնազգեստը (վերնաշապիկ, տաբատ, թիկնոց, վերարկու, շրջազգեստ, կիսաշրջազգեստ, մուշտակ եւ այլն), ներքնազգեստ (շապիկ, կրծկալ, կիսավարտիկ, վարտիկ եւ այլն):

Հագուստի ուրոյն տեսակ են նաեւ գլխարկը, կօշիկը, ձեռնոցը, գուլպան, կիսագուլպան եւ այլն։

Հագուստի Օգտագործման Պատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հագուստի առաջին տարրը թուզի տերեւն է, որով Ադամն ու Եւան ծածկած են իրենց մերկութիւնը։ Աւելի ուշ օգտագործուած են ծառի կեղեւը, կենդանական մորթին, ձկան կաշին եւ այլն։

Ուշ քարի դարու յուշաձաններէն յայտնաբերուած է քարէ ամրակներ եւ ոսկորէ ասեղներ, որոնցմով մշակած եւ կարած են մորթին։ Նոր քարի դարուն մանածագործութեան գիւտը յեղաշրջած է մարդու կենցաղը. հագուստի համար մարդն սկսած է օգտագործել բամպակէ, վուշէ, բուրդէ եւ այլ թելեր։ Կարուած հագուստի առաջին նմուշները եղած են մորթէ թիկնոցները, աշդրակալները, տերեւները եւ այլն։ Հասարակութեան զարգացման զուգընթաց կը տարբերին տղամարդու եւ կնոջ, աղջիկներու ու տղոց հագուստները, ստեղծուած են առօրեայ, տօնական, հարսանեկան, սուգի հանդերձներ։ Մարզանքի զարգացման զուգընթաց, մարզիկները սկսած են կրել տարբեր մարզահագուստներ։ Աշխատանքի բաժանման հետեւանքով ստեղծուած են նաեւ մասնագիտական հագուստներու զանազան ձեւեր՝ բանուորական, հրշէջի, ոստիկանի, կրօնաւորի եւ այլն։

Զարգացած երկիրներու հագուստները ոճն ու ձեւուածքը քիչ մը կը տարբերին իրարմէ։ Ան մասամբ պայմանաւորուած է արհեստագիտութեան՝ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութեամբ։ Բացի այդ, խոշոր արդիւնաբերողները, թէեւ հագուստի արտադրական ձեռնարկութիւններ ունին տարբեր երկիրներու մէջ, սակայն կ'արտադրուին նոյն ոճի հագուստներ։

Մոտելներ (նմուշօրինակներ)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակակից հագուստը վաղուց արդէն դադրած է զուտ զգեստ ըլլալէ. այսօր անիկա դարձած է նորաձեւութեան միտքը շարժող յատուկ ոլորտ, որով կը զբաղին մոտելագործներ։ Ան որոշում է, թէ ինչպիսի պէտք է ըլլայ այս կամ այն կարգի հագուստը, եւ ինչպէս յարմար է զայն արտադրելը։ Ընտրելու ընթացքին նկատի կ'առնուի նոյնիսկ կտորեղէնի խտութիւնը (անիկա շատ ծանր պէտք չէ ըլլայ), տեղի եղանակային պայմաններուն (լրիւ, թէ մասնակի պիտի ծածկէ մարմինը) եւ այլն։

Մոտելագործի գլխաւոր խնդիրը նմուշի ստեղծումն է, ըստ որուն պէտք է պատրաստուին հարիւրաւոր կամ հազարաւոր նմանօրինակ զգեստներ։

Մոտելագործը կը պատրաստէ ձեւուածքը եւ կը փորձէ մանեքէնի վրայ։ Ձեւուածքին համապատասխան կը կտրեն (ելեկտրական կամ լազերային մկրատներով) զգեստի առանձնամասերը։ Մեր օրերուն հագուստի ոճի մշակման կ'օգնեն նաեւ համակարգիչները, որոնց միջոցով կարելի է որոշել, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ նմուշօրինակը, եւ զայն փորձարկել համակարգիչի ցուցասարքի վրայ։

Խոշոր գործարաններ, ուր ամէն օր կը կարեն հարիւրաւոր զգեստներ, աշխատանքի հիմնական փուլերը մեքենայացուած են։ Մեքենաները կը ձեւեն կտորը, կը կարեն, ապա կը մշակեն կարերը։ Համակարգչային կառավարմամբ հաստոցները կրնան նախածրագրաւորել ոճերու յաճախակի փոփոխութիւնները։ Երբ հագուստի բոլոր մասերն արդէն կարուած են, անիկա մանրակրկիտ կ'արդուկուի։ Վաճառքի ուղարկելէ առաջ, հագուստը անգամ մը եւս կը վերստուգուի։

Ազգային Հագուստ (Տարազ)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բոլոր ժողովուրդները յատուկ ազգային հագուստ ունին, որ կը կոչուի ազգային տարազ։

Պատմական տարբեր դարաշրջաններուն, տարազը զանազան երկիրներու, ժողովուրդներու, էթնիք (տոհմային, ցեղային, յետագային՝ ազգային) եւ տարածքային խումբերու, բնակչութեան տարբեր շերտերու հագուստն է, որ ունի ձեւուածքի, գոյնի, նիւթի տեսակի, արտաքին յարդարանքի (զարդեր, սանրուածք, պեխեր, մօրուք, դաջուածք, ներկուածք եւ այլն) առանձնայատկութիւններ։ Իւրաքանչիւր ժողովուրդի տարազ պայմանաւորուած է տեղւոյն բնակլիմայական պայմաններով, մարդոց կենցաղով, երկրի բնական արտադրանքով եւ այլն։ Մ.Թ.Ա. 9-6-րդ դարերուն յուշարձաններուն վրայ պահպանուած է բնակչութեան տարբեր շերտերու տարազներու պատկերներ։ 20-րդ դարու սկիզբը հայկական տարազները դուրս ձգուած են կիրառութենէն եւ այժմ կ'օգտագործուին իբրեւ բեմական զգեստ (երգի-պարի անսամպլներու, ազգագրական խումբերու եւ այլն):

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։