Լօրէնս Նազար Քիւրքճեան

Լօրէնս Նազար Քիւրքճեան, Այնթապէն սերած երաժիշտ

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այնթապցի Քիւրքճեան ընտանիքէն Տոքթ․ Նազար Քիւրքճեան զաւակն է Լօրէնսին: Ան, 1900-ին հօրը հետ Ամերիկա երթալով հաստատուած է Ուաշինկթըն, Տ․ Գ․, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ Հօրը մահէն ետք, ան մօրը հետ, որ Զուիցերիացի մըն էր, կ'երթայ Զուիցերիա, ուր Ժընեւի երաժշտանոցը կ'ուսանի եօթը տարի, տեղւոյն սիմֆոնիկ նուագախումբի առաջին ջութակահարն ըլլալու պատիւին արժանանալով։ Համաշխարհային Ա․ Պատերազմէն վերջ Ամերիկա վերադառնալով, ան կ'անդամակցի «Պոսթոն Սիմֆընի» նուագախումբին։ Իսկ Գլիվլէնտ գտնուած միջոցին, ան «W. J. A. Y.» ռատիօ կայանին ղեկավար կը նշանակուի եւ 15 տարի Պոլտուին Ուալլէյս գոլէճի ջութակի բաժինը կը գլխաւորէ։

Ան ամուսնացած է Հոնոլուլուէն Ալիս Հէնտրիի հետ, որուն ծանօթացած է Զուիցերիա իր ուսանողութեան շրջանին։ 1938-էն ի վեր անոնք հաստատուած են Լոս Անճէլըս։ Ան կը վարէ նաեւ «Ճէք Պէնի Շօն»-ը եւ կը ղեկավարէ «Գալիֆորնիոյ Աքատէմի աֆ Միւզիք»-ի ջութակի բաժինը։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց, Բ․ հատոր