Jump to content

Լեւոն Ն. Զէնեան

Լեւոն Ն. Զէնեան (1895, Այնթապ - ․․․), քահանայ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնածէ Այնթապ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի ազգային դպրոցներուն մէջ: 1913-ին մուտք գործած է Այնթապի Ամերիկեան գոլէճ եւ երկու տարի ուսանած է մինչեւ գոլէճի փակումը Համաշխարհային Ա. Պատերազմին պատճառով:

Գոլէճէն ներս իր դասերուն մէջ յառաջդիմութիւն ցոյց տալով, յատկապէս ատենախօսութեան դասին մէջ, ան արժանացած է սքալըրշիբի, բարձրագոյն ուսումը շարունակելով Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատէլֆիոյ Թէմբըլ, Բէնսիլվանիոյ եւ Պոսթոնի համալսարաններուն մէջ:

1929-ին Պոսթոնի համալսարանի կրօնական ճիւղէն ստացած է (Պէչըլըր աֆ րիլիճըս էճուքէյշըն) տիտղոսը։

1923-ին իբրեւ գործիչ ծառայած է եկեղեցիներու եւ դպրոցներու մէջ դասախօսութիւններ տալով:

1 Յունիս 1941-ին վարիչ տնօրէնի պաշտօնը ընդունած է Հ.Բ.Ը Միութեան եւ Ամերիկայի մէջ պաշտօնավարած է շուրջ վեց տարիներ: Ծառայած է նաեւ Բարեգործականի Նիու Եորքի շրջանակին մէջ, իբր շրջուն գործիչ ու կազմակերպիչ։ Սուրիա եղած միջոցին, Հ.Բ.Ը.Միութեան ծառայած է իբրեւ պատուակալ քննիչ վարժարաններու:

Հայց. առաքելական կիրակնօրեայ դպրոցի հիմնադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որպէս հասարակական գործիչ, Կիրակնօրեայ Դպրոցի գոյութեան կարիք կը զգայ եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի առաջին գործը կը սկսի Այնթապի մէջ, 1919-ին: Այս առթիւ իր ծննդավայրին մէջ կը կազմակերպէ հայ Առաքելական ժողովուրդին համար կիրակնօրեայ դպրոց մը, իր տեսչութեան տակ ունենալով 750 ուսանողներ եւ 35 ուսուցիչներ:

Կիրակնօրեայ դպրոցի գործունէութիւնը կը սկսի 1929-ին: Այս գործին յաջողութեան համար Ամերիկայի մէջ իր բարեկամներէն կ'ապահովէ նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւն եւ որով կրնայ շարունակել այդ մեծ գործը տարիներով: Ան, շուրջ քառորդ դար, իբրեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու հիմնադիր ու վերատեսուչ՝ ունեցած է օգտաշատ գործունէութիւն: Իր ազատ ժամերուն դասաւանդած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս: Այդ տարիներուն, իր նախաձեռնութեամբ Կիրակնօրեայ Դպրոցին համար տարեկան խորհրդակցական համաժողովներ տեղի կ'ունենան։ Իր տեսչութեան ներքոյ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի թեմերուն մէջ 38 կիրակնօրեայ դպրոցներ կը գործեն, որոնք ունէին 4500 երկսեռ հայ ուսանողներ եւ 300 ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ։ Նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցներ կային Եգիպտոսի, Պաղեստինի, Իրաքի, Իրանի եւ այլ տեղեր, որոնց բոլորին յաջողութիւնները արդիւնքն են իր եւ իր տիկնոջ Արաքսիի անխոնջ աշխատանքին:

Լեւոն Զէնեան իբրեւ քարտուղարը Պէյրութի Այնթապի Պատմութեան Գրքի ենթայանձնախումբին, ձիրաբար աշխատած է եւ իր թանկագին աջակցութիւնը նուիրած է գիրքի լիազօր խմբագրապետին ու աշխատասիրողին։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց», Բ. Հատոր, Լոս Անճելըս, Քալիֆոռնիա, 1953։