Լեպրոն Ռեյմոն Ճէյմս Աւագ

Լեպրոն Ռեյմոն Ճէյմս Աւագ (անգլ.՝ LeBron Raymone James Sr.), 30 Դեկտեմբեր, 1984, ամերիկացի աշխարհահռչակ պասքէթպոլիստ։ Ան կը խաղայ պասքէթպոլի ազգային միութեան (NBA) «Լոս Անճըլըս Լեյքըրս» ակումբէն ներս որպէս թեթեւ եւ ծանր յարձակող: Ան կը նկատուի NBA-ի պատմութեան մեծագոյն պասքէթպոլիստներէն մէկը։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Օհայօ նահանգի Ակրոն քաղաքը։ Տեղւոյն Սենթ Վինսենթ-Սենթ Մերի աւագ դպրոցին մէջ անցուցած տարիներուն մամուլի կողմէ քանի մը անգամներ ներկայացուած է որպէս NBA-ի ապագայ գերաստղ։ Դպրոցը աւարտելէ ետք Ճէյմս կ'որոշէ չյաճախել համալսարան եւ մուտք կը գործէ 2003 թուականի պասքէթպոլի ազգային միութեան մարզումներուն, ուր առաջին իսկ առիթով կ'ընտրուի հայրենի Օհայօ նահանգը ներկայացնող «Կլիվլենտ Կաւալիերսի» կողմէ։ «Կլիվլենտի» կազմին մէջ Ճեյմս հասած է մինչեւ 2007 թուականի NBA-ի գերեզրափակիչ՝ 0:4 ընդհանուր հաշիւով պարտուելով «Սան Անթոնիօ Սփըրսին»։ 2010 թուականին Ճէյմս կ'որոշէ հեռանալ Կլիվլենտէն եւ նոր պայմանագիր կը կնքէ «Մայամի Հիթի» հետ՝ միանալով խումբի առաջատարներ Տուէյն Ուէյտին եւ Քրիս Պոշին։ «Մայամիի» կազմին մէջ Ճէյմս երկու տարի անընդմէջ՝ 2012 եւ 2013 թուականներուն ապահոված է NBA-ի առաջնութիւնը։ 2014 թուականին վերադարձած է «Կլիվլենտ Կաւալիերս»։

2016 թուականին «Կաւալիերսի», իսկ 2020 թուականին «Լեյքըրսի» կազմին մէջ ճանչցուած է NBA-ի ախոյեան։ Ակումբային խաղերէն զատ, Ճէյմս Միացեալ Նահանգներու պասքէթպոլի ազգային հաւաքականի անդամ է, որուն կազմին մասնակցած է 2004 թուականի Աթէնքի, 2008 թուականի Պեքինի եւ 2012 թուականի Լոնտոնի ողոմպիական խաղերուն։

Մարզական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պասքէթպոլի մասնագիտական երթի ընթացքին, Ճէյմս չորս անգամ գրաւած է NBA-ի առաջնութիւնը, երեք անգամ արժանացած է գերեզրափակիչի ամենաարժէքաւոր խաղցողի (MVP) տիտղոսը, չորս անգամ ճանչցուած է կանոնաւոր մրցաշրջանի ամենաարժէքաւոր խաղցող, ինչպէս նաեւ մեկնարկային մրցաշրջանին ճանչցուած է որպէս «Տարուայ նորեկ»։ Տասնվեց անգամ ճանչցուած է որպէս աստղ եւ հանդէս եկած՝ բոլոր աստղերու ամէնամեայ ցուցադրական խաղին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ անգամներ մաս կազմած է «All-NBA» եւ «All-Defensive» խորհրդանշական հաւաքականներուն։

Արտաքին Յղում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%BC%D5%A5%D5%A2%D6%80%D5%B8%D5%B6_%D5%8B%D5%A5%D5%B5%D5%B4%D5%BD