Էմմանուէլ Եսայեան

Էմմանուէլ Եսայեան
Ծնած է 28 Սեպտեմբեր 1839(1839-09-28)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս[1][2]
Մահացած է 25 Օգոստոս 1907(1907-08-25)[1][2] (67 տարեկանին)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս[1][2]
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Ուսումնավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան[1]
Մասնագիտութիւն թատերագիր, բանաստեղծ

Էմմանուէլ Եսայեան (28 Սեպտեմբեր 1839(1839-09-28), Կոստանդնուպոլիս[1][2] - 25 Օգոստոս 1907(1907-08-25)[1][2], Կոստանդնուպոլիս[1][2][3]), թատերագիր եւ բանաստեղծ, շրջանաւարտ Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանէն, որ ժամանակին յարգուած դէմքերէն մէկը եղած է. իր գրած «Հռիփսիմէ» ողբերգութիւնը 1872-ին լոյս տեսած է Կ. Պոլիս, Արամեան տպարանէն.

Հայ բարբառին բիւրեղացած մաքրութեան վրէժխնդիր մնացած էր. նորութեանց չափազանց հակառակ էր. զուարճալի էր երբ Ռուսինեան կը կազմէր նորանոր բառեր. շատերէն մէկը՝ օր. Տիար բառը. Յակոբ Պլեան էֆ. զայն կ'ուզէ տարածել եւ ընդունիլ տալ. ասոր դէմ Եսայեան կ'ըմբոստանայ: Սակայն Պալեան էֆ. Օրթագիւղի թատրոնին մէջ դերասաններուն կը խոստանայ մէկական օսմանեան ոսկի, ամէն անգամ որ «Պարոն»ի փոխարէն «Տիար» գործածեն: Գլխաւոր դերամաններն էին Հրաչեայ եւ Պետրոս Ադամեան, Պալեանի օթեակին մէջ այդ բառը գործածողներուն հաշիւը կը բռնէին: Հրաչեայ երբ առիթը կու տար «պարոն» ըսելու, կրկին շահելու համար կրկին կ'արտասանէր տիա՜ր տիա՜ր: Հանդիսականց մէջէն ոտքի կ'ելլէր երիտասարդ մը եւ բարձրաձայն կը գոչէր.

— Պարո՜ն պարո՜ն:

Այդ երիտասարդը՝ Էմանուէլ Եսայեանն էր: Ան իր Վենետիկի դաստիարակման Մխիթարեան մեթոտին հաւատալով, կ'ըսէր, կը քարոզէր թէ՝ «աշխարհաբարը պէքտ է մաքրել ու ազնուացնել»: Եւ անդրադառնալով նորաձեւութեանց, կը գրէ. «Բաւական են ցարդ մեր մէջ երեւցած նորահնար հայերէն լեզուները յօրինելու անտեղի ջանքերը. մենք ունինք, կայ արդէն շատ իսկ կատարեալ. նախ սորվինք զայն. ուսումնասիրենք եւ մշակենք: Խրատ ըլլան մեզ անօգուտ ճգունք Ռուսինեանի եւ այլոց նմանեաց որք անյաջողութեան մատնուեցան, նոյնիսկ ինքեանք հրաժարել պարտաւորուելով՝ ուղիղ զատողութեան հոսանքին առջեւ»:

Եսայեան իր աւագ եղբայրը կ'անուանէ Սրապիոն Հէքիմեանը. հոս կ'արտագրեմ Սրապիոն Հեքիմեանի նուիրած նուագէն այն տողերը՝ ուր կը յայտնէ այն ինչ էր համոզումը իր գրչի երկու ընկերներուն մասին. ան կ'երգէ.

«Դու հէյ թատրոնին նախկին ետուր կեանք

Պէշիքթեշլեանի ըներ ախոյեան,

Իր հանճարով ի վեր քան զնա՝

Ներդաշնակ լեզուաւ լոկ յաղթէր քեզ նա»:

Եսայեան այդ իր տաղանդաւոր երկու ընկերներուն շաւիղէն ընթանալով, գրեց իր ողբերգութիւնը «Արշակ-Գնէլ-Օլիմբիա» եռաբանութիւնը: Նոյն ոգիով եւ իր ընկերներուն ազգաշունչ խանդով երգեց իր «Մեծաձորի ներշնչմունք քերթուածները»: Սակայն հարկ է ըսել, որ թատերական գործին մէջ իր այն երկու երկերուն հաւասար չէ կրցած աշխատիլ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 691: