Զարթօնքի Քաղաքական Նախադրեալները

Զարթօնքի Քաղաքական Նախադրեալները ԺԹ. դարու սկիզբը հայոց համար կը նշանաւորուի մեծ իրադարձութեամբ, որ ռուսերու յառաջխաղացքն էր դէպի հարաւ։ 1804-1813ի ռուս-թրքական պատերազմին Արեւելահայաստանի կարգ մը գաւառներ կ‏՛անցնին ռուսաց իշխանութեան տակ, իսկ 1826-28ի պատերազմին ռուս զօրքը հայ կամաւորականներու եւ ժողովուրդի օգնութեամբ կը գրաւէ նաեւ Երեւանի խանութիւնը եւ կը տապալէ պարսից տիրապետութիւնը։

Արեւելահայաստանի ազատագրութիւնը պարսից լուծէն մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ նաեւ հայ գաղթօճախներու մէջ ու յոյսեր կ՛արծարծուին՝ շուտով նաեւ Արեւմտահայաստանի ազատագրումը տեսնելու։

Այս իրադարձութեամբ արեւելահայութիւնը ո՛չ միայն կը փրկուի մշտական կրօնական հալածանքներէ ու կեանքի ապահովութիւն կ’ունենայ, այլ նաեւ հնարաւորութիւն կը ստանայ ռուսական մշակոյթին շփուելով՝ եւրոպական յառաջադէմ գաղափարներու ծանօթանալ։ Այսուամենայնիւ բուն երկրին մէջ մշակութային շարժումը գաղթօճախներէն երեք-չորս տասնամեակով ետ կը մնար։

Քաղաքական ասպարէզին մէջ Ռուսիոյ նախայարձակ քայլերը անուղղակիօրէն կ՛ազդեն նաեւ արեւմտահայ ժողովուրդի վիճակին վրայ, որովհետեւ Ռուսիոյ յառաջխաղացումը թուրք ղեկավարութեան կը ստիպէ վերանայիլ իր ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը։

Պատրուակ ունենալով Թուրքիոյ քրիստոնեայ հպատակներու կրօնական անիրաւահաւասարութիւնն ու հալածանքները՝ Ռուսիա յաճախ սպառնալիք կը կարդար Թուրքիոյ։

Արտաքին քաղաքական միջամտութիւններէ ազատելու, երկրին քրիստոնեայ, յատկապէս հայ բնակչութեան ռուսամէտ ձգտումներէն խուսափելու եւ երկիրը միջնադարեան խաւարէն մասամբ մը հանելու մտահոգութեամբ՝ Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարները որոշեցին բարեկարգութիւններ մտցնել ներքին՝ ազգային-կրօնական, ինչպէս նաեւ՝ արտաքին յարաբերութիւններու ծիրէն ներս։

1839ին հռչակուեցաւ նոր օրէնսդրութիւնը՝ «Թանզիմաթ», որ կարգ մը ասպարէզներու մէջ կը վերականգնէր քրիստոնեայ հպատակներու իրաւունքները եւ կը փորձէր կամուրջներ նետել դէպի եւրոպա։

Իբրեւ ուշիմ եւ գործունեայ տարր՝ այդ բարելաւումէն առաջին օգտուողները կ՛ըլլան հայերը, յատկապէս մեծ քաղաքներու՝ Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ առեւտրական դասակարգը։ Անոնք, տնտեսական-առեւտրական կապեր ստեղծելուն զուգընթաց, սնունդի պէս կը ներմուծեն եւրոպական ընկերային, մշակութային նոր գաղափարներ։ Կարճ ժամանակի մէջ թրքահայոց մշակութային կեանքը կ՛աշխուժանայ։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայկական Համառօտ Հանրագիտարան, 4 հատոր, ՀԽՀ գլխ. խմբ, 1990-2003թթ., Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութիւն ՊՈԱԿ, 2003