Զարդիս մատենաշար

Զարդիս մատենաշար․ Մանկապատանեկան մատենաշար։ Կը հովանաւորուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէն։ Իր յատուկ էջը ունի Զնտուկին մէջ։

Հակիրճ տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զարդիս մատենաշարը ստեղծուած է ներշնցուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած Նորարարութեան Աշխատանոցէն՝ Յուլիս 9-17, 2016, Քուլարէշ, Փորթուկալ։

Մանկապատանեկան գրականութեան մաս կազմող այս մատենաշարը, ընթերցողներուն կը հրամցնէ ժամանակակից եւ հետաքրքրաշարժ գիրքեր, որոնք ընդհանրապէս զանազան լեզուներէ թարգմանութիւններ են։ Զարդիսի գիրքերը, յաճախ փիլիսոփայական բնոյթ ունենալով, կ՛արթնցնեն մեծ տարիքի պատանիներու եւ չափահասներու հետաքրքրութիւնը։ Կը գործածուի նաեւ դպրոցական ծրագիրներու մէջ։

Նպատակը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զարդիս մատենաշարին առաջնահերթ նպատակն է ընթերցելու հաճոյքը զարգացնել։ Զնտուկի «իր էջին մէջ» առաջարկուած տարիքային բաժանումները ընդհանուր գաղափար մը կու տան եւ ընթերցանութեան ընտրութիւնները կախեալ են ընթերցողին տարիքէն, ինչպէս նաեւ անոր լեզուային պատրաստութենէն եւ նախասիրութենէն։

Զարդիս մատենաշարի ցուցակ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]