Երուանդաշատ

Քաղաք
Երուանդաշատ
Երկիր  Հայաստան

Երուանդաշատ, Երուանդայ գաւառ կամ Մարմէտ, Այրարատայ Արշարունեաց գաւառի կամ Երուանդ Բ. թագաւորի անուամբ կոչուած: Երուանդայ գաւառին մէջ կառուցուած էր հին արքայանիստ մայրաքաղաքը, Երասխայ ձախ Ախուրեանի արեւմտեան կողմը: Խորենացին (Բ.ԼԹ) քաղաքի շինութեան պատճառը եւ շինութեան նկարագրութիւնը հետեւեալ տողերուն մէջ կը ստորագրէ. «Յաւուրս սորա (Երուանդ Բ.) փոխին արքունիքն յԱրմաւիրն անուանեալ բլրոյն. քանզի էր հեշացեալ գետն Երասխ, եւ յերկարել ձմերայնոյն, եւ ի դառնահոտ փչմանէ հիւսիսոյ պաղացեալ ձուլեալ վտակն, ոչ ուստեք արբուցումն բաւական թագաւորականի գտանէր տեղւոյ»: Երուանդ նեղուած, արքունիքը արեւմտեան կողմը, բլուրի մը վրայ կը փոխադրէ. կը պարսպապատէ բլուրը եւ միջնաբերդը կ'ամրացնէ բարձր պարիսպներով եւ պղնձեայ դռներ դնելով: Երուանդ՝ այս ամէն ամրութիւններով ու որոգայթներով չկարողացաւ իր փափաքին հասնիլ, վասնզի թագաւորութեան օրինաւոր ժառանգն՝ Արտաշէս Բ., իր Այրաքաջ Սմբատ սպարապետին ձեռքով, յաղթեց Երուանդայ բանակին Երուանդաւան կոչուած տեղը, եւ հալածեց ու քշեց զինքը, մինչեւ իր քաղաքը ուր զինուորէ մը սպանուեցաւ Երուանդ եւ իր մահուամբը մարեցաւ ու նսեմացաւ նաեւ քաղաքիս փառքը, վասնզի Արտաշէս Բ. Արտաշատը շինելէ վերջ, Երուանդաշատի արքունի վայելչութիւնները եւ գահը հոն փոխադրեց: Իսկ Երուանդայ շէնքերը՝ արքունի կալուածք եղան, զորս յետոյ մեծն Տրդատ պարգեւեց Կամսարականաց ցեղին. որոնք իրենց իշխանական աթոռը հաստատեցին քաղաքիս մէջ:

Թէեւ քիչ ժամանակ վերջը՝ Տրդատայ թոռնորդին Արշակ Բ. յափշտակեց Երուանդաշատը Կամսարականներէն, բայց իրմէ զօրաւորն ալ եւ իր անհաշտ թշնամին՝ Շապուհ Պարսից թագաւորը իր ձեռքէն առաւ եւ բոլոր շէնքերը կործանել տուաւ, գերի տանելով, ըստ Բիւզանդայ. «երդս քսան հազար հայ եւ երդս երեսուն հազար հրեայ, եւ զքաղաքն ի հիմնաց տապալեալ բլրեալ յատակէին»: Հաւանական է այս աւերումէն վերջ, լքեալ աւերակ մնացած ըլլայ ճարտարարուսետի նմոյշ եւ ամուր բերդը, վասնզի ալ չի յիշուիր հայոց ամրոցներու եւ զօրանիստ վայրերու կարգին մէջ: Բայց քաղաքը վերստին շինուեր եւ դարձեալ Կամսարականներու ոստան եղեր է մինչեւ Ը. դար, կոչուելով ուրիշ անուամբ ՄԱՐՄԷՏ, որ ծագած է Մար-Ամատ պարսիկ կոչումէն: Քաղաքս ստէպ Խորենացիէն եւ ուիշներէ կոչուած է նաեւ Երուանդայ քաղաք եւ ամրոցին գրից պատճառաւ՝ Երուանդաքար եւս կոչուած է: Մարմէտ անուամբ կը յիշուի Բագնայրի արձանագրութեանց մէջ. ԺԳ. դարու սկիզբ՝ 1209-ին, Խաչերս անուամբ Լոռեցի ոմն Աբրահամու որդի, Ս. Աստուածածին վանաց կը նուիրէ իրեն այգին, եւ Սարգիս անուամբ մէկն ալ նոյն դարուն մէջ՝ կը նուիրէ իրեն «այգին որ ի Մարմէտ՝ ի վերայ Երասխայ»: Անանիա Շիրակացին եւս երկու անգամ կը յիշէ Մարմէտ անունն իր համազօրական գրոց մէջ: Չի գիտցուիր թէ ե՞րբ բոլորովին անչքացաւ քաղաքը, բայց կը թուի վերջին դարերուն, թուրքերու եւ պարսիկներու պատերազմներու միջոցին: Այս կողմերս առաջին անգամ խնամքով քննած է Տիւպուա Հելուետիացին, որ միայն Երուանդաշատը կը շփոթէ Երուանդակերտի հետ: Ցանկալի էր եւ արժանի է քաղաքին վայրը նորանոր քննութեանց եւ պեղումներու ենթարկել: Բերչի քարաբլրան մօտ կայ ուրիշ բլրակ մը, ուր կան շատ գերեզմաններ:

733 էջի պատկերը կը ներկայացնէ Երուանդաշատի մօտ գտնուած մահարձան մը, 1425 թուականով արձանագրութեամբ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 733: