Երուանդակերտ

Բերդաքաղաք
Երուանդակերտ
Երկիր  Մեծ Հայք
Հիմնադրուած է՝ ՔԱ 3-րդ դար

Երուանդակերտ, Այրարատի Արշարունեաց գաւառին մէջ, Երուանդաշատի մօտ կը դնեն ոմանք Երուանդայ այս դաստակերտին վայրը: Խորենացին ալ առանց դիրքը ճշգրտելու, հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ «Քաղցր է ինձ ասել եւ յաղագս գեղեցիկ դաստակերտին Երուանդակերտի, զոր յօրինեաց նոյն ինք Երուանդ, գեղեցիկ եւ չքնաղ յօրինուածովքս»:

Մ. Խորենացիի գրառումէն կը տեսնուի, որ Երուանդակերտ ճոխացած էր գեղեցկութեամբ եւ ոչ ամսութեամբ, անոր համար շուտով աներեւոյթ եղած է եւ պատմութեան մէջ ալ չի յիշուիր. միայն Առաքել պատմիչ (Գ.) կը յիշէ ըսելով. «Երուանդակերտն որ այժմ ասի Աղջազալայ». եւ անոր հետեւելով, կը դնէ նաեւ Բազրամ աշխարհագրութեանը մէջ, ինչպէս նաեւ Գէորգ՝ Օսմանեան պատմութեան մէջ: Այս Աղջաղալայ ըսուածը չէ անշուշտ համանուն վիճակի բերդը եւ ոչ ալ Կէչուանի մօտ եղած գիւղը. վասնզի ասոնք Երասխէն շատ հեռու են: Ոմանք փոխանակ Ագճագալէի՝ կը համարին Սիւրմէլիի հարաւային եւ Կողբայ արեւելեան կողմը գտնուող Գարագալէն, բայց այս եւս Երասխէն հեռու կը թուի: Հաւանական է Տիւպուայի նշանակածը, Երուանդայ քաղաքին մօտ, Ախուրեանի ձախակողմը, Հաճի Պայրամլուի հարաւակողմը եւ անկէ հեռու, Ռուսաց ընդարձակ աշխարհացոյցին վրայ նշանակուած՝ Գզըլ գայա ըսուած տեղը, Հելուետիացի ճանապարհորդին այս վայրի աւերակներուն վրայ ըրած նկարագիրն ալ կը համաձայնի Խորենացիի նկարագրութեան: Աւերակներուն մէջ կ'որոշուին երկու եկեղեցիներ՝ երկրաշարժէն հիմնայատակ եղած եւ փողոցներու հետքեր. արեւելեան կողմն ալ զանազան ձեւերով գերեզմանաքարեր, որոնք յատուկ քննութեան կը կարօտին: Եթէ ստուգուի մեր յետին պատմիչներն ալ այստեղը համարեցին Երուանդակերտ, այն ժամանակ ԺԷ. դարու սկիզբը Ագճագալէ կը կոչուէր եւ ունէր ամրոց, ուր եկաւ, Առաքեալի ըսածին համեմատ, Շահ Աբաս, լսելով Օսմանեանց սպարապետ Ճէլալօղլի Սինան փաշայի գալուստը եւ սկսաւ հայերը գերի տանիլ Պարսկաստան:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 732: