Դէպի երկիր

«Դեպի երկիր», գրականութեան եւ արուեստի պարբերագիրք։ Լոյս տեսած է 1945-1947 եւ 1949 թուականներուն, Հալէպի մէջ։ Խմբագրական կազմ՝ Հայրենադարձ հայերու ընդհանուր միութեան, յետագային՝ սովետական Հայաստանի հետ մշակութային կապի հալէպահայ ընկերակցութեան հրատարակութիւն։ Փորձած է նպաստել հայրենադարձութեան։ Տպագրած է սփիւռքահայ գրողներու հայրենասիրական գործերը, նմուշներ արաբական եւ սովետական գրողներէ։ Աշխատակցած են Վահէ Վահեանը, Զ․ Մելքոնեանը, Ս․ Սեզան, Ա․ Նաճարեանը եւ ուրիշներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։