Արսէն Քհնյ. Գաթարոյեան

Տ. ԱՐՍԷՆ ՔՀՆՅ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆ
Ծնած է 1900
Ծննդավայր Ուրֆա
Ազգութիւն Հայ
Ծնողներ Կարապետ Գաթարոյեան եւ Սողոմէ
Երեխաներ Գիգոր, Ներսէս, Գէորգ, Հոիփսիմէ եւ Նուարդ

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տ. ԱՐՍԷՆ ՔՀՆՅ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆ (1900 - 1953) Աւազանի անունով՝ Գէորգ, որդի Կարապետի եւ Սողոմէի, ծնած է ուրֆացի ծնողքէ, Ուրֆայի մէջ, 1900-ին:

Հայրը՝ պրն.Կարապետ Գաթարոյեան՝ Ուրֆայի երեւելի ընտանիքներէն, Ռագգա աքսորուած ու Ճըռ Թոսուն վայրին մէջ անխնայ կոտորուած ուրֆացի տասնվեց մեծամեծներէն մէկը, ունեցած է հինգ զաւակներ՝ Գրիգոր, Ներսէս, Գէորգ, Հռիփսիմէ եւ Նուարդ։

Գէորգ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Ուրֆայի ծխական վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք, նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ դարձած՝ իր հօր արհեստակից։

Մեծ Եղեռնին երբ ընտանեօք կը գաղթեն Ռագգա, ճամբու ընթացքին կը մահանան Գէորգի երկու քոյրերը՝ Հոիփսիմէն ու Նուարդը։ 1916-ին, անոնք դարձեալ վերադարձած են Ուրֆա եւ անապահով պայմաններու մէջ ապրած՝ մինչեւ 1921-1922 թուականը եւ ապա վերջնականապէս գաղթած են Հալէպ:

Շնորհիւ իր տոկուն նկարագրին, աննկուն կամքին ու աշխատասիրութեան, Գէորգ ընտելացած է կեանքի դաժան պայմաններուն եււ յարատեւութեամբ ժամանակի ընթացքին յաղթահարած է տնտեսական դժուարութիւնները եւ ինքզինք գտնելէ ետք, ձեռնարկած է անձնական գործի։ Յետագային յաջողութիւններ արձանագրելով դարձած է ինքնաբաւ։

Իր կեանքի ընկերը ընտրած է Կարապետ եւ Մարիամ Գոնտրաճեանի դուստրը՝ Ովսաննան, որուն հետ պսակուած է Հալէպի մէջ 1929-ին։ Ունեցած է հինգ զաւակներ Հռիփսիմէ, Կարապետ, Նուարդ, Աբրահամ եւ Յովհաննէս։

Տան մէջ իր գաղափարապաշտ ու նահատակ հօր ագգային կրթութիւնը եւ կրօնասէր ու բարեպաշտ մօր կրօնաբարոյական սկզբունքները կազմաւորած են Գէորգի նկարագիրը եւ անոր մանկական ու պատանեկան հոգին լեցուցած՝ ազգային ու բարոյական արժէքներով։ Ան իր սրտի պարտքը կատարած է ագգային կեանքով, հետաքրքրուելով, ծանօթանալով ու յարաբերելով ագգայիններուն հետ։ Ժամանակ մը ետք ասիկա իրեն համար դարձած է մտասեւեռում եւ իր ժողովուրդին ծառայելը՝ հանապագօրեայ հացի չափ անհրաժեշտութիւն։ Ատոր համար ալ յաճախ իր անձնական գործը երեսի վրայ ձգած ու ագգային գործերու ետեւէ եղած է։

Նոյն եռանդով ու թափով հետաքրքրուած է նաեւ իր հայրենակիցներով։ Անոնց օգտակար դառնալու միտումով կապուած է անոնց եւ հայրենակից համախոհներուն հետ համագործակցաբար, կազմակերպած է հայրենակցական միութեան ներքին կեանքը, իբ ջանքերով զօրացուցած է հայրենակիցներուն փոխադարձ կապուածութիւնը եւ անոնց մէջ արթնցուցած՝ գիտակցութիւնը յաւելեալ զոհողութեամբ եւ առաւել չափով նիւթապէս ու բարոյապէս օգնելու կարօտեալ ու չքաւոր հայրենակիցներուն։ Եւ այս աշխատանքով ազնիւ վերաբերումով ու յաջող նախաձեոնութիւններով ժամանակի ընթացքին դարձած է համակրելի եւ յարգելի անձնաւորութիւն մը ե՛ւ ազգային, ե՛ւ հայրենակցական միութեան շրջանակին մէջ։

Տարիներ ետք, կեանքի պայմաններու բերումով, ուրֆացիներու ծխատէր քահանան՝ Տէր Աստուածատուր քհնյ. Գասապեան կը տեղափոխուի այլ թեմ եւ հայրնակիցները կը մնան աոանց քահանայի։ Բոլորին աչքերը կր սեւեռին Գէորգ Գաթարոյեանին վրայ, որպէս քահանայութեան յարմարագոյն թեկնածու, որովհետեւ տարիներու փորձով զինք լաւ ճանչցած են, ապրած ու տեսած անոր առաքինի կեանքը, նկարագիրն ու ամուր հաւատքը։

Ապա, Գէորգի փափաքով, Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ ու հսկողութեամբ՝ քահանայական պատրաստութեան համար մէկ տարուան դասընթացք կր հաստատուի։ Ունեցած է երկու դասատուներ Տ, Գարեգին քհնյ, Քիրագեան կր դասաւանդէ շարական ու կրօնական գիտելիքներ, իսկ դպրեվանքի շրջանաւարտ եւ Հայկազեան Վարժարանի ուսուցիչ՝ պրն․ Կարապետ Նագգաշեան հայերէն լեզու, գրաբար եւ հայոց պատմութիւն։ Ան մանկութեան, տարիներով դպիր եղած է եւ շատ սիրած՝ եկեդեցին ու եկեղեցական կեանքը։

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Զարեհ եպս, Փայասլեանի ձեռամբ քահանայ ձեռնադրուած է Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ, 1950-ի ամրան, վերակոչուելով Տէր Արսէն եւ օծակից ունենալով Տէր Բաբգէն՝ Հասաքէի եւ Տէր Գուրգէն Գուտուլեան Մուսուլի համար։

Նորընծայ Տէր Արսէն նշանակուած է հոգեւոր հովիւ Ս, Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ եւ ուրֆացի հայրենակիցներուն։

Սակայն ճամբու ընթացքին օր մր յանկարծ կը կտրի իր կեանքի թելը։ 23 Դեկտ. 1953-ին, անակնկալ սրտի տագնապ մը իր կեանքը կր խլէ ընտանիքէն, եկեղեցիէն եւ իր շատ սիրելի ծխական ժողովուրդէն, ձգելով զաւակները եւ հօտը որբ ու անտէր։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի կ՚ունենան Կիրակի, 25 Դեկտ. 1953-ին, Ս, Քաոասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ, ձեոամբ Տ. Զարեհ եպս, Փայասլեանի (յետագային կաթողիկոս), որ սրտաճմլիկ դամբանականով կր դրուատէ Տէր Հօր արժանիքները։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[1]


  1. https://drive.google.com/file/d/0B3y6i3_uKbktSDlQY29jaU9VU2s/view?usp=sharing