Արարատ (ժապաւէն)

Բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան
Արտադրիչ Ատոմ Էկոյեան, Ռոպերթ Լանդոս
Գրագէտ Ատոմ Էկոյեան
Երաժշտութիւն Մայքըլ Տաննա
Թողարկման
թուական
20 Մայիս 2002
Տեւողութիւն
115 վայրկեան
Երկիր Քանատա, Ֆրանսա
Լեզու Անգլերէն, Հայերէն, Ֆրանսերէն, Գերմաներէն
Պիւտճէ 15.5 միլլիոն տոլլար

Արարատ 2002-ի Քանատա-Ֆրանսական պատմական ժապաւէն, որ գրուած է եւ վարած՝ Ատոմ Էկոյեան: Գլխաւոր դերասաններն են՝ Շարլ Ազնաւուր, Քրիսթոֆըր Փլամըր, Տէյվիտ Ալփէյ, Արսինէ Խանճեան, Էրիք Պօղոսեան, Պրուս Կրինուտ եւ Իլիաս Քոթէաս:

Ժապաւէնը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր ընթացքին ծաւալած շարք մը կարեւոր դէպքեր, յատկապէս՝ Վանի հերոսամարտը։ Անիկա նաեւ զննման կ'ենթարկէ ճշմարտութեան բնոյթն ու անոր ճանաչումը՝ արուեստի միջոցով։

Նիւթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ականաւոր քանատահայ բեմադրիչ Եդուարդ Սարոյեան (յօրինուած կերպար), որուն մայրը վերապրող է, ֆիլմ մը կը նկարէ 1915-ի իրադարձութիւններուն մասին: Ուրիշ կերպար մը` Անին, հայկական ծագումով արուեստի պատմաբան է, տարագրութեան մէջ անձնասպան նշանաւոր հայ նկարիչ եւ Փոլլոքի ժամանակակից Արշիլ Կորքիին նուիրուած մենագրութեան հեղինակը: Ան հանրութեան դասախօսութիւններ կու տայ` փորձելով վերծանել Կորքիի կեանքն ու արուեստը պարուրող առասպելները[1]:

«Արարատի» հիմնական հերոսները` արդէն ծերացող ժապաւէնի ղեկավար Սարոյեանը (Շարլ Ազնաւուր), արուեստաբան Անին (Արսինէ Խանճեանը), անոր պատանի զաւակը`Րաֆֆին (Տէյվիտ Ալփէյ), մեր ժամանակակիցներն են` Ցեղասպանութեան տարիներուն գաղթականներուն կամ փախստականներուն ժառանգորդները: Սփիւռքն է, որուն ազգային կենսատարածքը հայրենի հողը չէ, այլ՝ ոգին: Ապրելով ուրիշ ժողովուրդներու եւ ուրիշ մշակոյթներու մէջ` անոնք կ'ապաւինին «ներքին հայկական իրականութեան», որ հիւսուած է լեզուէն, պաշտելի երգերէն («Արարատ»ը կը սկսի «Կռունկով», եւ հայու հոգեկերպարին միաձուլուած մեղեդիները կը դառնան ֆիլմին հնչիւնաշարքը), ընտանեկան մասունքներէն ու պատմութիւններէն, որոնք յաճախ դառն են եւ իւրայատուկ հայելին՝ ընդհանուր ազգային ճակատագիրին:

Վերնոյի «Մայրիկ»էն ետք, ասիկա երկրորդ ու աւելի հեռուն գացող փորձն է` նկարագրելու եւ քննելու Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւններն ու հոգեբանական հարցերը: Իւրաքանչիւր հերոսի գիտակցութեան խորքը կայ «վէրք» մը, որ համազգային ճակատագիրի հետքն է`պատմական անարդարութենէն գոյացած:

«Արարատը» հարց կու տայ նաեւ եթէ կարելի է վերջնականապէս ձերբազատիլ այդ վէրքէն` անցեալը մոռացութեան մատնելու գնով: Ան կը ներկայացնէ անցեալի ահռելի բեռը. անարդարութեան զգացումը եւ ցաւը, որ ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրողներուն սերունդը փոխանցած է իր ժառանգորդներուն, որոնք իրենց կարգին, փոխանցած են իրենց զաւակներուն, թոռներուն, սփիւռքի հայ համայնքին: Ժապաւէնին դրուագներէն մէկուն մէջ, հանդիսատեսը վկան կը դառնայ այդպիսի յուսահատ ճիգի մը, երբ Րաֆֆիին խորթ քոյրը կը փորձէ պատռել Արշիլ Կորքիին հանրայայտ կտաւը` մօր եւ որդիին դիմանկարը,- յուշ մը՝ հին երկիրի, աղէտի, նախնիներու, կորուստի ու մշտական ցաւի մասին,- բայց «Արարատի» ամբողջ հոգեբանական ենթակառոյցն ու բարոյափիլիսոփայութիւնը վճռականօրէն կը յուշեն, որ մարդ ըլլալ կը նշանակէ յիշատակներ ունենալ:

Պատմական նկարիչ Արշիլ Կորքի, խաղցուած Սիմոն Ապքարեան

Ժապաւէնին մէջ կը վերակենդանանայ օրհասական ժամանակներու Վանը: Էկոյեան գիտակցաբար կը դիմէ վաւերագրական սկզբնաղբիւրներու` ամերիկացի բժիշկ-ականատեսի վկայութիւններու եւ Ի. դարու նշանաւոր նկարիչներէն մէկուն` Արշիլ Կորքիի մանկական յիշողութիւններուն, կեդրոնանալով Վանի ինքնապաշտպանութեան եւ բռնագաղթի ճամբուն հայերուն կրած տառապանքներուն վրայ: Սակայն հեղինակին հարցը անով չի սահմանափակուիր: «Արարատ»ի գրեթէ բոլոր գործող անձինք այս կամ այն չափով առնչութիւն ունին «ներքին ժապաւէն»ին հետ, եւ իրենց կեանքը ոչ մէկ ձեւով կրնայ այդ ժապաւէնին ազդեցութենէն անկախ ընթանալ:[2]

Կորքիի կտաւին կամ, աւելի ճիշդ, անոր ստեղծման պատմութիւնը ֆիլմին ամէնէն ազդեցիկ ու գեղարուեստօրէն յագեցած նիւթերէն է: Ամէն ինչ կը սկսի լուսանկարուելէ ետք: Պատանին եւ իր տխրադէմ մայրը կը նստին լուսանկարի խցիկին առջեւ, մինչ ամէն տեղ վտանգ, տեղահանութիւն սպառնալիք ու ապագայ կեանքի անորոշութիւն կը տիրէ: Այդ փոքրիկ, մռայլ եւ տժգոյն լուսանկարը կը յայտնուի Կորքիի արուեստանոցին մէջ, որուն հիման վրայ ալ ան կը ստեղծէ իր գեղանկարչական գործը: Բոլոր այս դրուագները յուզական լարուածութիւն ունին: Էկոյեան այս տեսարաններուն մէջ հնարաւորինս կը խուսափի բառերէ, պատկերն ու գործողութիւնը կը դառնան բաւարար: Իսկ հնամաշ վերարկուին կոճակը ամրացնելու տեսարանը (այդ կոճակը կը կարուի Կորքիի մօր ձեռքով) Էկոյեան անսպասելիօրէն կը կրկնէ ժապաւէնին աւարտին, իբրեւ ուժեղ ու խորհրդանշական վերջակէտ,- այսպէս, հանդիսատեսին հոգիին խորքը, ագուցուած է նախնիներու կերպարը, հայուն անհատական ու ընդհանրական կենսագրութիւնը:

Սարոյեան այս մասին մէջ այլ արժէքներու ալ կ'անդրադառնայ՝ Արշիլի մայրը կը շփոթի եւ ամօթխածութենէն ձեռքերը կը քաշէ, երբ լուսանկարիչը կը դպչի անոնց՝ դիրքը փոխելու նպատակով: Այս պահը մեր անհետացած նախնիներուն հետ կապուած շատ բան կը բացայայտէ, շատ բան կը պատմէ անոնց ապրումներու աշխարհին ու արժէհամակարգին մասին:

Րաֆֆի մեկնած է Արեւմտեան Հայաստան` վերջապէս տեսնելու իր պապերուն բնօրրանը, Վանը, Վանայ լիճն ու Ախթամար կղզին, Անիի աւերակները (որ նաեւ իր մօր անունն է) եւ Արարատ լեռը: Վերջինիս համար այդ ֆիլմը Ցեղասպանութեան մերձենալու միջոց է, նոյնը իր հօր համար եղած է թուրք դիւանագէտը սպաննելու փորձը, որ պատճառ դարձած է իր մահուան: Րաֆֆի կը հաւատայ, որ իր հայրը այդ մէկը ըրած է, որպէսզի վրէժ լուծէ 70 կամ աւելի տարիներ առաջ թուրքերուն գործածին համար: Ան բազմաթիւ նկարահանումներ ըրած է տեղացիի մը հովանաւորութեամբ, իսկ այդ մարդն ալ իր հերթին խնդրած է, որ Րաֆֆին թիթեղեայ տուփերու մէջ զմռսուած ժապաւէններ տեղափոխէ Ամերիկա: Բայց այդ տուփերուն մէջ, ինչպէս տարաբախտօրէն կը պարզուի մաքսատան մէջ, ժապաւէններու փոխարէն թմրանիւթեր են: Երկարատեւ ամբողջ օր մը երկարող հարցաքննութիւնը կը դառնայ չճանչցուած ցեղասպանութեան բացայայտում: Էկոյեան հմուտ համադրութիւններով կը ներհիւսէ այս գիծը ժապաւէնին ընդհանուր զգացումներուն, իսկ երկու դերասանները` բազմափորձ վարպետ Փլամերը եւ երիտասարդ Ալփէյը փոխադարձաբար կը հարստացնեն իրավիճակին յուզականութիւնը:

Ուշ երեկոյեան, երբ քաղաքի շարժապատկերի սրահներէն մէկուն մէջ կը սկսի Սարոյեանի ֆիլմին շնորհահանդէսը (այս մականունը պատահականօրէն չէ ընտրուած, անմիջապէս զուգորդումներ կը յառաջացնէ «համաշխարհային հայուն»` Ուիլիըմ Սարոյեանին հետ, իսկ Ազնաւուրի պարագային, կ'ակնարկէ նաեւ Ֆրանսուա Տրիւֆոյի «Կրակեցէ՛ք դաշնակահարին վրայ» հանրածանօթ շարժապատկերի հերոսին, որովհետեւ Սարոյեան մականունը կրող այդ դերը Ազնաւուրը կը խաղայ), մաքսատան ծառայողը ազատ կ'արձակէ Րաֆֆին: Ակնյայտ է, որ այս թնճուկը հեղինակը կը լուծէ «բարոյական օրէնսդրութեան» տեսանկիւնէն`մեզի առաջարկելով «Արարատի» ամէնէն կարեւոր ընդհանրացումներէն մէկը`խիղճի թեման:

Վերջապէս, Րաֆֆիին խորթ քոյրը` Սելիան, որուն հայրը Անիին երկրորդ ամուսինն է եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, անձնասպան եղած է, կը հաւատայ, որ անոր մահը կապուած է թէ՛ Կորքիին եւ թէ՛ Րաֆֆիին հօր մահուան հետ: Անձնասպան ըլլալով` ան փորձած է իրեն վերագրել այդ երկու խիզախ եւ քաղաքականապէս հասուն տղամարդոց մահերը, անոնց, որոնցմով այնքան կլանուած է Անին, այդ ձեւով ապացուցելով Անիին, որ ինքն ալ արժանի էր անոր սիրոյն եւ կապուածութեան:

ֆիլմին խորագիրն ալ կրկնակի հասցէ ունեցող նամակի նման է`հայկական ու համամարդկային, որովհետեւ հայութեան համար ամէնէն սրբազան լեռը ի սկզբանէ կը միաւորէ ժողովուրդներու հոգեւոր գիտակցութիւնը, ուստի եւ անիկա, ինչ որ Էկոյեան կը պատմէ աշխարհի բոլոր ծայրերէն Արարատին նայող ժողովուրդի մը մասին, դժուար, թէ արձագանք չգտնէ նաեւ շատ ու շատ ոչ հայերու սիրտերուն մէջ:

Դերասաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շարլ Ազնաւուր
Վանի պաշտպանութիւնը ժապաւէնին մէջ

Նկարահանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նկարահանման համար, Էկոյեան աշխատակցած է իր գործընկերոջ՝ Փոլ Սարոսիին հետ: Նկարահանումները տեղի ունեցած են աւելի քան 45 օրուան ընթացքին, 2001-ի ամրան: Վանի պաշտպանութիւնը նկարագրող մարտական ​​տեսարանները նկարահանուած են Տրումհելերի Ալպերթա քաղաքին մէջ։ Զինուորները համակարգիչով ստեղծուած կերպարներ են: Վանի գիւղերը նոյնպէս համակարգիչով իրականացած են:

Այլ տեսարաններ նկարահանուած են Թորոնթոյի Չերի Պիչ շրջանին մէջ (Cherry Beach): Ֆիլմը կարելի չէ եղած նկարահանել Թուրքիոյ կամ Արարատ լերան լանջերուն, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման պատճառով:[3][4]

Ներկայացումը Թուրքիոյ մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Արարատ»ը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելու իրաւունքը 12 տարի առաջ գնած էր թրքական «Պելկէ ֆիլմ» ընկերութեան սեփականատէր Սապահէտտին Չեթինը, սակայն ժապաւէնը ցարդ Թուրքիոյ մէջ չէ ցուցադրուած, քանի որ Չեթին կը վախնայ, որ նման քայլ մը կը վտանգէ սրահներու սեփականատէրերու ապահովութիւնը:

Չեթի կը կարծէ, որ Թուրքիա փոխուած է եւ կը փափաքի Թուրքիոյ մէջ ցուցադրել ժապաւէնը: Ան տեղեկացուցած է, որ ժապաւէնը ցուցադրելու առաջարկներ ստացած է բազմաթիւ սրահներէ, սակայն չէ յստակացուցած, թէ ե՛րբ կրնայ տեղի ունենալ առաջին ցուցադրութիւնը:

Միջազգային Փառատօններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ֆիլմը արտամրցոյթային կարգով ներկայացուած է Քանի Միջազգային փառատօնին։

2003-ին կայացած Genie Awards միջազգային փառատօնին անիկա արժանացած է հինգ մրցանակի։ Միջոցառման վարողներէն է ֆիլմի դերակատարներէն՝ Արսինէ Խանճեանը, որ տնօրէն Ատոմ Էկոյեանի կինն է։

Վկայութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոսկուայի փառատօնին, թղթակիցներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով, Ատոմ Էկոյեան ըսած է.

Անցեալը շարունակ կը հետապնդէ մեզ, նոյնիսկ եթէ մենք չենք ուզեր յիշել զայն:

Այս խօսքերը ուղղակիօրէն կը վերաբերին «Արարատ» ֆիլմին, ուր, մերթ իրարու հետ բախելով, մերթ միահիւսուելով, կ'ապրին երկու ժամանակներ` 1915-ի Ցեղասպանութիւնը եւ մեր օրերու կեանքը, իսկ աւելի ճիշդ` երեք սերունդներու հայեր, որոնց մէջ անդադար կը խօսի յիշողութիւնը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Ժապաւէնը
  2. Արարատ ֆիլմ
  3. Nellie Hogikyan, "Ararat," The Armenian Genocide: The Essential Reference Guide, ABC-CLIO, 2015, p. 39.
  4. Leung Marlene (24 April 2015)։ «The political game: How one MP fought to have Canada recognize the Armenian Genocide»։ CTV News։ արտագրուած է՝ 3 December 2016