Պաղպաղակ

Պաղպաղակ

Պաղպաղակը հարուստ է փրոթիններով, ֆոսֆորով եւ երկաթով: Պաղպաղակը աւելի առողջապահական կը նկատուի, եթէ պատրաստուած է բնական պտուղներով եւ ոչ քիմիական նիւթերով եւ արհեստական գոյներով: Զայն յանձնարարելի չէ շաքարախտէ եւ գիրութենէ տառապողներուն: Նախընտրելի է անօթի փորով պաղպաղակ չուտել, իսկ ստամոքսը չվնասելու համար զայն պէտք չէ ուտել անմիջապէս ճաշէն ետք: Ատամնաբուժները կը թելադրեն պաղպաղակը ուտել դանդաղ եւ անմիջապէս անկէ ետք տաք ըմպելի չխմել, ինչպէս յաճախ սխալը կ՛ընեն՝ սուրճ խմել պաղպաղակէ ուտելէ ետք:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Առողջութիւնն ու սնունդը, Գոհար Վարդանեան Քեշիշեան, Պէյրութ, 2007