Հաց

Հաց

Հաց, հացահատիկի առաջին արտադրութիւնը:

Հացին գոյութիւնը առնչուած է այն ժամանակաշրջանին հետ, երբ նախամարդը սկսած է օգտագործել հացահատիկը:

Հացը սկսած են պատրաստել նախ ձեռքով, ապա մեքենաներով: Իբրեւ սննդեղէն, հացին պատրաստութիւնը կարելի է նկատել որ կանխած է ձէթի եւ գինիի[1] պատրաստութիւնը:

Հաց ստեղծելու կարիքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարդկային մարսողական գործարանները չեն կրնար մարսել հացահատիկները, հետեւաբար անոնք կը վերածուին զանազան տեսակի արտադրանքներու: Հին ժամանակաշրջանէն մարդը կը սկսի հացահատիկներէն պատրաստել իր կարիքները գոհացնող արտադրանքները, որոնցմէ կ'ապահովէր իր ածխաջուրերու պահանջքը միսերէ[2] ստացած սպիտակուցի կողքին: Այս պատճառով գարիէն պատրաստուած նախնական հացը կը նկատուի առաջին արտադրուած սննդեղէնը[3] մարդկային սննդամթերքի պատմութեան մէջ:

Ուսումնասիրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն, թէ մարդը հացը[4] ստեղծելէ առաջ սկսած է եփած հացահատիկներով սնանիլ:

Մշակոյթներու պատմութեան ընթացքին յիշուած է, թէ հացը կը պատրաստուէր այն հացահատիկներէն, որոնք կը գտնուէին մարդոց տիրապետած հողատարածքներուն սահմաններէն ներս: Ինչպէս նկատելի է, թէ ցորենը կ'օգտագործուէր Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ, Եգիպտացորենը՝ Ամերիկայի, իսկ բրինձը՝ Ասիոյ մէջ:

ՀԱՑ

Հացին կապուած աւանդութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակին ընկերութեան դասակարգերը իրարմէ կը զանազանէին հացի փշրանքի գոյնին միջոցով. օրինակ՝ աւելի աղքատ դասակարգը հացը կը պատրաստէր քարիէն, որմէ պատրաստուած հացին գոյնը մուգ կ'ըլլար, իսկ բարձր դասակարգը կը սնանէր ցորենով պատրաստուած սպիտակ հացով:

Աշխարհի զանազան տարածաշրջաններու զանազան մշակոյթներու մէջ նկատելի է, թէ հացը մաս կը կազմէ ընկերային եւ կրօնական շատ մը ծէսերու, որովհետեւ աիկա կը նկատուի տնտեսական սակագիներու մակարդակը որոշող անհրաժեշտ տարրը. նոյն սակագիները, որոնք կը կոշմնորոշեն ապրուստի մակարդակի զարգացումը ազգերու մէջ:

Հացին խորհուրդը՝ հայերուն մօտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ իրականութեան մէջ դարերէ ի վեր հացը նոյնացած է ճաշի, հիւրընկալութեան, խաղաղութեան, հաշտութեան, խնճոյքի եւ տօնի հետ:

Հայերը հաց շատ ուտող ժողովուրդ են: Հին Հայաստանի մէջ հացը եղած է առատութեան, հիւրասիրութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ: Եթէ հայը հիւրին առջեւ հաց դնէր, կը նշանակէր, որ իր տան դուռներն ու սիրտը բաց են անոր համար: Հոնկէ ալ եկած է աղուհացով դիմաւորելու հայկական սովորութիւնը:

Հացին Հետ Կապուած Հետաքրքրական Գիտելիքներ

  • Հայաստանի հեռաւոր գիւղերուն մէջ մինչեւ օրս ալ հացը դանակով չեն կտրեր, այլ կը բաժնեն ձեռքով, որպէսզի հացը ցաւ չզգայ դանակի սուր շեղբէն:
  • Հայկական աւանդական հարսանեկան արարողութեան մէջ հացը գլխաւոր դեր ունի. տան շեմին փեսային հայրը մէկական լաւաշ կը փռէ նորապսակներու ուսերուն, որպէսզի հարսը «հացով մտնէ տուն»:
  • Հայերը սուրբ համարած են թոնիրը, որուն մէջ հացը թխուած է: Բոլոր գիւղերուն մէջ թոնիր շինելու ատեն կանչած են քահանան, որպէսզի օրհնէ: Թոնիրէն հանուած առաջին հացը կը ղրկուէր այն տունը, ուր հիւանդ կար: Հացը տեսնելով` հիւանդը ապաքինելու հաւատքով կը լեցուէր:
  • Հին Հայաստանի մէջ հացթուխը չէին դատեր ու չէին սպաններ, ան անձեռնմխելի էր:
  • Դատարաններուն մէջ հայ ժողովուրդը երդուած է հացով` զայն սուրբ համարելով:
  • Հացերէն ամէնէն երկարակեացը լաւաշն է. անիկա իր թարմութիւնը կը պահէ շուրջ վեց ամիս: Լաւաշը կարելի է չորցնել, յետոյ տեղ-տեղ վրան ջուր ցանելով` ստանալ նախկին փափկութիւնը:
  • Կը պատմուի, թէ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին սովորութիւն ունէր մագաղաթին վրայ գրելու ժամանակ կտոր մը հաց դնելու իր առջեւը. ատիկա նշան էր, որ ինք ճշմարտութիւնը կը գրէր. «Հացին նայելով մարդ եօթնապատիկ ճշմարտախօս կը դառնայ», կ'ըսէր ան:
  • Հեթանոս հայերը Ոսկեմայր կը կոչէին Անահիտ աստուածուհին: Արտերը հնձելէ ետք, առաջին բերքի հասկափունջերով կը ծածկէին անոր արձանը` այն հաստատ համոզումով, որ զոհաբերութեամբ կ'ապահովէին իրենց բերքին առատութիւնը եւ զայն կը պաշտպանէին բնութեան աղէտներէն:
  • Հայկական սովորութիւն է Կաղանդի ծիսական տարեհացի պատրաստութիւնը, անիկա կ'ըլլայ կլոր կամ ձուաձեւ, իսկ չափը` ըստ ընտանիքի անդամներու թիւին: Տարեհացին երեսը կը զարդարուի սերմերով եւ չոր ու մանր պտուղներով: Հացին մէջ կը դնեն «միջինք»` լուբիա, կորիզ, մետաղեայ դրամ: «Միջինք»ը տան այդ տարուան բախտաբերութեան եւ հարստութեան խորհրդանիշն է. ուտելու ատեն, որուն որ բաժին իյնայ, այդ անձը կը դառնայ տարուան բախտաւորը[5]:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Toussaint-Samat, Maguelonne (1994). A History of Food (en inglés) (primera edición). Wiley-Blackwell. p. 824
  2. Heinrich Eduard, Jacob; Peter Reinhart (2007). Six Thousand Years of Bread: Its Holy and Unholy History (en inglés) (primera edición). Skyhorse Publishing. p. 416.
  3. Dorwin Teague, Walter (2008). Flour for Man's Bread: A History of Milling (en inglés) (MINNE edición). Univ Of Minnesota Press. p.
  4. Belderok, Bob; J. Mesdag , Hans Mesdag, Dingena A. Donner (1958). Bread-Making Quality of Wheat (en inglés) (MINNE edición). Maynard Smith. p
  5. Հացին Խորհուրդը հայոց մօտ