Քարիւղ

Աշխարհի վրայ սպառող ուժանիւթի մեծ մասը կը ստացուի քարիւղէն։ Ջերմութեան ձեւի տակ արտադրուած ուժանիւթը կ'օգտագործուի շարժանիւներ դարձնելու համար։ Քարիւղը կը դասուի բրածոյ վառելանիւթերու կարգին, որովհետեւ կազմուած է միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին փտած բոյսերու եւ փոքրիկ անասուններու մասսաներէն։

Քարիւղին օգտագործումները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անզուտ քարիւղը օգտագործելի չէ։ Պէտք է զայն զտել զտարանի մը մէջ։ Առաջին հանգրուանը կը կայանայ զայն մինչեւ 385 °C տաքցնելու մէջ, որպէսզի իր պարունակած կազերը արձակուին։ Այս կազերը կ'անցնին թորումի աշտարակաձեւ սարքերու մէջէն։ Ամենաթեթեւ արտադրանքները, պիւթան եւ բրոբան, կը գտնուին աշտարակին վերի մասին մէջ։ Ամենածանրերը, իւղ եւ կուպր, յատակէն կը հանուին։

Անզուտ քարիւղէն զտարանները կը ստանան շուրջ 550 տիպի արտադրանք՝ պիւթան եւ բրոբան կազերը, պենզին, կազոլ, մազութ, քերոսէն վառելանիւթեր, իւղեր, կուպր, արուեստական բնաթելեր, արուեստական ձգախէժ, ռետին, կպչուն նիւթ, կերպընկալ նիւթեր, պարարտացուցիչ, ներկեր, ջնարակ, լուացքադեղ, շրթունքի ներկ, կարգ մը բժշկական դեղեր եւ նոյնիսկ արջառի կերին մէջ գործածուող բրոթէին:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 24-25

°