Փոլ Կօկէն

Փոլ Կօկէն
ֆրանսերէն՝ Paul Gauguin
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Eugène Henri Paul Gauguin
Ծնած է 1848 յունիս 7
Ծննդավայր Փարիզ, Ֆրանսա
Մահացած է 1903 մայիս «
Մահուան վայր Ատուոնա, Hiva-Oa
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա[1][2][3]
Ուսումնավայր lycée Pothier?
Ազդուած է Կացուշիքա Հոքուսայ?[4], Էօժէն Տելաքրուա[5], Փոլ Սեզան[5], Կլոդ Մոնե?[5], Կամիլ Պիսսարո?[5] եւ Էդգար Դեգա?[5]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Դեղին Քրիստոսը, Մեռածներուն ոգին չի ննջեր, Առլի իրիկուան Սրճարանը, Դուն ե՞րբ կ՛ամուսնանաս, Մարիամ, քեզ համար կ՛աղօթենք, Ուկէ՞ ենք մենք եկած։ Ո՞վ ենք։ Ո՞ւր կ՛երթանք։, Թայիթիի կանայք, լողափին եւ Կարմիր ծաղիկներով կուրծքերը
Տեսակ դիմապատկեր[6][7], Բնանկար[6], Մարդապատկեր[7], Կենցաղային ոճ[7] եւ լուռ բնութիւն[7]
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ, քանդակագործ, գծանկարիչ, գծագրիչ, նկարիչ-փորագրող, խեցեգործ, նկարազարդող, տեսողական արուեստագէտ
Ամուսին Mette Sophie Gad?
Ծնողներ հայր՝ Քլովի Կօկէն, մայր՝ Ալին Շազալ
Երեխաներ Քլովիս Կօկէն, Ժան Ռենէ Կօկէն, Փօլա Կօկէն[8], Էմիլ Կօկէն, Emile Gauguin? եւ Germaine Chardon?
Ստորագրութիւն

էօժէն Հանրի Փօլ Կօկէն (ֆրանսերէն՝ Henri Eugռne Paul Gauguin) (ծնած է 1848 Յունիս 7, Փարիզ, Ֆրանսա - մահացած է 1903 Մայիս 8, Ատուոնա, Մարգիզեան կղզինէրուն մէջ, Ֆրանսական Փոլինեզիա), ֆրանսացի յետ-տպաւորապաշտ նկարիչ, քանդակագործ, քանդակագործ եւ փորագրիչ, արուեստի մէջ նկարչական նոր տեսակներու՝ Խորհրդապաշտութեան, հնաւանդապաշտութեան հիմնադիր եւ նախակարապետ։[9] Կօկէնի յետ-տպաւորապաշտական աշխատանքները նախագնացն են արտայայտչապաշտութեան շարժումին:

Կոկէնի պարագային, առածը՝ «Առասպել դարձաւ, ողջ կեանքին ընթացքին» իրականութիւն է։ Անոր մահուան, յաջորդեցին վէպեր, ժապաւէններ։

Կօկէնի ստեղծագործութեան կանուխ շրջանը կապուած է տպաւորապաշտութեան հետ։ Փ․ Կօկէնի՝ ինքնանկար (1903, Սալմանովիչի հաւաքածոյ, Ժընեւ) ընդհանրացուած կերպարներու, երեւոյթներու խորհրդաւոր իմաստի որոնումները, կեանքի վաղնջական, քարացած ձեւերու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը («Տեսիլք քարոզէն ետք, 1888, «Դեղին Քրիստոսը, 1889) Կօկէնին ստեղծագործութիւնը կը մօտեցնեն խորհրդապաշտութեան, կը յանգեցնեն գեղանկարչական նոր համակարգի` համադրականութեան․ կը բնորոշէ ձեւերու եւ գիծերու ընդհանրացումը եւ պարզեցումը, մաքուր գոյներու առանձին հարթութիւններու ռիթմիկ համադրումը («Սրճարան Առլումէ, 1888):

Ստեղծագործական որոնումներով եւ «գաղափարատիպ հասարակութեան» երազանքներով համակուած, ան 1891 թուականին կը մեկնի Թայիթի կղզին (Ովկիանիա)։ Կը վերամշակէ իր նկարչութիւնը․ հոգ կը տանի գոյներուն արտայայտման, հեռանկարի, կերպարանքի եւ ծաւալի բովանդակութեան։ Նկարները կ՛ազդուին արեւադարձային մթնոլորտէն, Փոլինիզեան մշակոյթէն եւ աւելի «զօրաւոր են»։ Գործերուն մէ կը շեշտուի բնութեան եւ մարդու ամբողջականութեան գաղափարը, օրինակ՝ «Թայիթեան հովուերգութիւնները, 1893, Էրմիտաժ, Ս․ Փեթըրսպուրկ, «Ծանծաղոտ», 1901, Փուշկինի անուան կերպարուեստի թանգարան, Մոսկուա։ Կատարած է քանդակագործական, փորագրական եւ խեցեգործական գործեր, գրած է իր ստեղծագործական սկզբունքները պարզաբանող գրական եւ քննադատական յօդուածներ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանկութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոլ Կօկէնը ծնած է 1848Յունիս 7-ին։ Հայրը՝ Քլովիս Կօկէնը, ֆրանսացի խմբագիր էր, իսկ մայրը՝ Ալին ԹրիսԹան, Փերուական արմատներով սպանուհի։[10] Հօր աշխատանքին մէջ յառաջացած խնդիրներէն (Նափոլէոն Գ.-ի վարչաձեւին․ կապուած 1848 թ.-ի փետրուարեան յեղափոխութեան հետ), Քլովիս քաղաքական դրդապատճառներով կ՛որոշէ ընտանեօք տեղափոխուիլ Հարաւային Ամերիկա՝ Փերու, ուր կ'ապրէին Կօկէնի մօր հարազատները։ Երկար ճանապարհորդութեան ընթացքին, դեռ Փերու չհասած, նաւուն վրայ Քլովիսը կը մահանայ․ զայն կը թաղեն Մակելանի նեղուցի փոքրիկ նաւահանգիստներէն մէկուն մէջ։ Կօկէնի մայրը յետագայ 4 տարիներուն, երկու զաւակներուն՝ Կօկէնի եւ մեծ քրոջ հետ, կ'ապրին Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի մէջ, անոնց քեռիին տունը։ Չորս տարի յետոյ՝ 1853 , Փերուի քաղաքացիական պատերազմը կը սկսի, Կօկէնի ընտանիքը կը վերադառնայ Ֆրանսա: Կօկէնը այդ ժամանակ 7 տարեկան է։

Երիտասարդութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օրլէան քաղաքի մօտ (Կեդրոնական Ֆրանսա), ուր կ'ապրի Կօկէնի քեռին՝ Իսոտորը,[11] Կօկէնը մինչեւ 1864 կը յաճախէ գիշերօթիկ դպրեվանքը Petit Seminaire de la Chapelle-St-Mesmin։ Այդ ընթացքին, մերթ ընդ մերթ

կ'այցելէ մօրը՝ Փարիզ. վերջինս կար ու ձեւի աշխատանոց բացած է։ Կօկէնը ուսումը կը շարունակէ Փարիզի ռազմածովային կաճառին մէջ։

1864 17 տարեկան, Կօկէնը, իր ցանկութեամբ, հինգ տարուայ համար առեւտրական ծովուժին կը ծառայէ ու 1865-ին շուրջ երեք տարի կը գտնուի զինուորական ծառայութեան մէջ՝ ֆրանսական ռազմական նաւատորմի, իբրեւ նաւային փոխ գնդապետ։ Յաջորդաբար կը ճամբորդէ Եւրոպա եւ Հարաւային Ամերիկա՝ Հավր - Ռիօ Տէ Ժանէյրօ, Պայիա Պլանքա- հիւսիսային Եւրոպա երթուղիով եւ դէպի Հարաւային Ամերիկա, Հնդկաստան, ինչպէս նաեւ հետազօտական արշաւ դէպի Հիւսիսային բեւեռ: Այդ ազատ տարիները մեծապէս կ՛ազդեն Կօկէնի աշխարհայեացքի եւ բնաւորութեան ձեւաւորման վրայ։ 1867ին , երբ Կօկէն հերթական հեռաւոր ճանապարհորդութեան մէջ է, մայրը կը մահանայ։ Կօկէնի խնամակալ կը դառնայ ընտանիքի վաղեմի բարեկամ Կուստաւ Արոզան: 1871ին կը վերջանան Կօկէնի ճանապարհորդութիւնները։

1871, Փարիզ, ընտանեկան բարեկամի մը միջնորդութեամբ, կը մտնէ արժէթուղթի միջնորդի ասպարէզին մէջ։ Յաջորդող տասը տարիներուն ան ընտանիքի տէր կը դառնայ յարգուած եւ յաջող գործարար։ Կ՛ամուսնանայ տանիմարքացի Մեթէ Սօֆի Կանտին հետ եւ կը բախտաւուրուի 5 զաւակներով։

Միաժամանակ, կը հետաքրքրուի եւ կը զբաղի նկարչութեամբ։ Սկզբնական շրջանին, գործերը կը նախընտրէ ցուցադրել տպաւորապաշտներուն հետ։

1882ի տնտեսական դժուարութիւնները իբրեւ պատրուակ կը գործածէ ու գործարարութեան ասպարէզը կը ձգէ, որպէսզի լծուի սիրած նկարչութեան։ Սակայն, եկող տարիները լեցուն են դժուարութիւններով։ Կինը, զաւակներուն հետ ապաստան կը գտնէ իր ընտանիքին մօտ, Քոփենհակըն․ Կօկէն ժամանակի մը համար անոնց կը միանայ։ Յետոյ կը մեկնի ու նորէն չի վերադառնար։

Փոլ Կօկէն

Հասուն ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կօկէն՝ մտածումներու մէջ

1887ին, կը մեկնի ճանապարհորդութեան իր ընկեր նկարիչ Շարլ Լաւալի հետ։ Անոնք միասին կ'իջնեն Փանամայի ափը եւ այնտեղ կ'ընդունուին ծանր բանուորական աշխատանքի, բայց շուտով՝ անարդարութիւններու եւ ծաղրանքներու պատճառով Կօկէն եւ Լաւալ կը ձգեն այդ աշխատանքը եւ կը մեկնին Մարթինիքա։

Այնտեղ Կօկէն կը սկսի նկարել իր առաջին նկարները, որոնց վրայ պատկերուած են տարաշխարհիկ տեսարաններ։ Անոր մօտ կը բացուին նոր զգացումներ, որոնք աւելի կ՛ ոգեւորեն զայն։ Մարթինիքա նկարած ստեղծագործութիւններէն յատկանշական է «Մարթինիքա կղզիին բնապատկերը» գործը: Բայց այստեղ եւս Կօկէն կը հետապնդէ աղքատութիւնը։

Այս շրջանին կը հիւանդանայ նկարիչին ընկերը՝ Լաւալը։ Կօկէն կը խնամէ զայն ու երբ Լաւալը մղձաւանջի մէջ կը փորձէ ինքնասպան ըլլալ, կը փրկէ զայն։ Սակայն ան ալ թանչախտէ եւ մալարիայէ կը վարակուի։ Լաւալը, տանջուած ու յոգնած

կ'որոշէ Փարիզ մեկնիլ։ Նոյն որոշումը Կօկէնն ալ կը կայացնէ։ Դէպի հայրենիք ճամբորդութեան գումարը վաստակելու համար, կ՛աշխատի վաճառական նաւերէն մէկուն վրայ։ Փարիզ կը վերադառնայ 1887ի սկիզբը, իսկ Լաւալ՝ 1888։ այնուհետեւ երկրորդ անգամ ըլլալով կը մեկնի Պրեթանյը:

1888, յուսալքուած տպաւորապաշտութենէն, նկարելու ոճը կը մօտեցնէ ափրիկեան եւ ասիական արուեստաոճին։ Նոյն տարին կը ճանչնայ Վինսենթ Վան Կոկ նկարիչին եւ մօտիկ բարեկամներ կը դառնան։ Անոնք երկու ամիս միասին կ'ապրին Արլ Arles (կ՛ընդառաջէ Վան Գոկի հրաւէրին)։

Արլի պատահարը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկուքն ալ, Կօկէն եւ Վան Կօկ, ընկճուածութենէ կը տառապին։ Կը սկսին երկուստեք վէճերը։ Հետեւանքն է՝ Վան Կոկ սպառնայ սպաննել Կոկէնը եւ կտրէ իր ձախ ականջէն մաս մը։

[12]

Վերջին տարիները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգեկան վատ վիճակի մէջ, Կօկէնը անվերադարձ կը հեռանայ Փարիզէն, 1891։ Նախ Թահիթի կը հաստատուի եւ աւելի վերջ՝ Մարքեզ կղզեխումբը։ Կեանքին մնացեալ մասը հոն պիտի անցընէ․ Ֆրանսա պիտի այցելէ միայն մէկ անգամ։

Այս ժամանակաշրջանի գործերը, Կօկէնի ամենալաւ ստեղծագործութիւնները կը համարուին։ Կօկէնի գործերը կը փաստեն թէ ան ազդուած է բնիկներու մշակոյթէն։ Գործերուն մէջ գոյներու փորձարկութիւնները կարեւոր դեր խաղցան եւ ազդեցին 20-րդ դարու արուեստի հոսանքներուն, մասնաւորաբար՝ «Ֆօվիզմ»ը․ արուեստի յեղփոխական հոսանք մը, գլխաւորաբար՝ 20-րդ դարասկիզբին։ «Ֆօվիզմ» բառը առաջ եկած է ֆրանսերէն «fauve» բառէն որ վայրի կենդանի կը նշանակէ։

Կօկէնի աղջիկը՝ Ալին, կը մահանայ։ Կօկէնը անյաջող ինքնասպանութեան փորձ կը կատարէ:

Կօկէնը կ'աւարտէ նոր սկսած նկարները։ Այդ ժամանակարջանին նկարած ստեղծագործութիւններէն մէկն է՝ «Կին մանկօ ծառի տակ», «Բարբարոսական բանաստեղծութիւններ», «Երբեք», «Բուրաւէտ օրեր»:

Կօկէնը Փարիզեան ցուցահանդէսին կը մասնակցի այժմ ամենածանօթ գործով՝ «Ուրկէ՞ եկած ենք, ո՞վ ենք մենք, դէպի ո՞ւր կ՛երթանք»( 1897), սակայն սկիսբին հանրութենէն անհասկնալի էր։

«Ուրկէ՞ եկած ենք, ո՞վ ենք մենք, դէպի ո՞ւր կ՛երթանք» D'ou venons-nous Que sommes-nous Ou allons-nous

Կօկէնը կ'ապրի առանձին։ Ան յաճախ բնիկներուն իրաւունքներուն պաշտպանութեան տէր կը կանգնի։ Նկարիչին մօտ խնդիրներ կը ծագին իր թերթի տպագրման հարցին մէջ։ Սակայն հիւանդութիւնը արագ կը քայքայէ մարմինը։ Մահուան ստուերին սպառնալիքին տակ, ան անգամ մը եւս կը փորձէ փախուստ տալ։ 1901 . նոյեմբերին ան Թահիթիէն կը մեկնի Տոմինիքի կղզին․ նկարիչին վերջին ճանբորդութիւնը։ Խիւա-օա կղզին, ենթարկուելով բանտի ու տուգանքի՝ կը նկարէ իր վերջին նկարները ` «Եւ ոսկին իրենց մարմիններուն», «Ձիաւորներ ափի մօտ», «Կանայք սպիտակ ձիով»: 1903 մայիս 8-ին Կօկէնը կը կնքէ իր մահկանացուն։ [13], [14][15]

Մէջբերումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

անոր համար, որ կը կարողանայ տեսնել արուեստի ստեղծագործութիւնը, հայելի է, որուն մէջ կ'արտացոլւուի նկարիչի հոգեվիճակը:
- Փոլ Կօկէն
իմ աչքերը կը փակեմ, որպէսզի տեսնեն, չնայած չեմ հասկնար այդ` երազանքը անսահման տարածութեան, որ կը կորչի իմ առջեւ:
- Փոլ Կօկէն
արեւը կը ջերմացնէ անոր կտաւներուն ներկերը: Ներկերուն հիւթը, փայլող ու զուարդ գոյնը, կը թափւուի կտաւներէն: Սեւ երկինք, շագանակագոյն աւազ, ինչպէս երեխայի մարմինը: Սուր կրծքերով կանայք եւ ալիքներուն ծանր պատերը: Կիտրոններուն մէջի ոսկին, երեկոներուն եւ կանանց կոնքերի մէջի ոսկին:

Ստեղծագործութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կոկէնին կենաքն եւ գործը, Կոկէն - Տակլաս Մանրիկ, Bridgman Art Library գործակցութեամբ. յունարէնի թարգմ․ ՝ Եանիս Թոմոփուլոս

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Շվեդիայի Ազգային թանգարանի նկարիչների ցանկ — 2016.
  2. Ժամանակակից արվեստի թանգարանի առցանց հավաքածու
  3. RKDartists
  4. https://www.theartstory.org/artist/hokusai-katsushika/
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 https://www.theartstory.org/artist/gauguin-paul/
  6. 6,0 6,1 https://www.tate.org.uk/art/artists/paul-gauguin-1144
  7. 7,0 7,1 7,2 7,3 https://rkd.nl/explore/artists/30451
  8. Union List of Artist Names — 2021.
  9. Փօլ Կոկէն. Կենսագրութիւն Յ. Տորմաշի. 1963 թ. Խմբագրութիւն «արտիյաէ (ռուս.)
  10. http://www.jadu.de/jaduland/kolonien/suedsee/suedsee/inseln/gauguin.html
  11. http://www.dieterwunderlich.de/Paul_Gauguin.htm
  12. [Փօլ Կոկէն եւ Վինսենթ Վան Կոկ․ ուսումնասիրական ժապաւէն - հեղինակ՝ Քաթռին Աւանթիւռիէ, 5-21 Փետրուար 2016 թ․ France հեռատեսիլի կայանէն Paul Gauguin – Vincent van Gogh, Huis clos sous le soleil du Midi, documentaire de Catherine Aventurier, diffusé sur France 5 le 21 février 2016.(ֆր.)]
  13. Փօլ Կօլէնին նամակները Georges Daniel de Monfreid-ին(անգլերէն)
  14. Փօլ Կօկէն, նախապէս եւ ետքը - Ինքնակենսագրութիւն, համադրած է՝ Leipzig, Kurt Wolff, 1918 (ֆր.)
  15. Կօկէն, ուր ապրեցաւ եւ սիրուեցաւ, Փրիսիլա Պէյն Սմիթ, 2-4-2015

Կօկէնի մասին հայերէնով[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Արուեստի մատենաշար։ Կօկէն Փոլ, Նոայ Նոայ, Առաջ եւ Յետոյ, Յօդուածներ, Նամակներ, Սարգիս Խաչենց, հրատ. Երեւան, 1994, ISBN 5-8079-0852-X, Շտրիխ կօդ։ 2000000134017, էջերի քանակը՝ 313:

Տես նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]