Փաուլօ Քոելօ

Փաուլօ Քոելօ
փորթ.՝ Paulo Coelho
Ծնած է Օգոստոս 24, 1947
Ծննդավայր Ռիօ տը Ժանէյրօ
Քաղաքացիութիւն  Պրազիլ
Ուսումնավայր St. Ignatius College?
Ազդուած է Ժորժի Ամադու?, Հենրի Միլեր?, Ուիլյամ Բլեյք?, Քրիստինա Լեմբ? եւ Խորխե Լուիս Բորխես?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Ալքիմիկոսը, The Fifth Mountain?, Վերոնիկան որոշում է մահանալ?, Տասնմեկ րոպե?, Բրիդա?, By the River Piedra I Sat Down and Wept?, Սատանան և օրիորդ Պրիմը?, Զահիրը? եւ Պորտոբելլոյի վհուկ?
Տեսակ վէպ եւ music of Brazil?[1]
Մասնագիտութիւն Գրագէտ, բանաստեղծ
Աշխատավայր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն
Անդամութիւն Բրազիլական գրականության ակադեմիա?
Ամուսին Քրիստինա Օյտիցիցա?
Կայքէջ paulocoelhoblog.com(անգլերէն)[2]

Փաուլօ Քոելօ (Paulo Coelho, ծնած է 24 Օգոստոս, 1947-ին, Ռիօ տը Ժանէյրօ), Պրազիլցի գրող և բանաստեղծ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փաուլօ Քոելօ ն ծնած է 1947-ին Ռիօ տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ։ Կանուխ հասակէն ան մեծ սէր կը ցուցաբերէր գրականութեան եւ թղթակցութեան հանդէպ, որու պատճառով ալ կէս ձգած է համալսարանի իրաւաբանական կրթութիւնը եւ սկսած է լրջօրէն զբաղիլ իր սիրած գործով։ Ան ունէր բուռն ու մեւնոյն ժամանակ հակասական խառնուածք։ Խորապէս հետաքրքրուած է նաև թատրոնով եւ ճամբորդութեամբ։ Հեղինակ է 16 վէպերու և վիպակներու, ինչպէս՝ «Հրաշագործի օրագիրը», «Ալքիմիկոսը», «Վալկիրիան», «Մակթուբը», «5-րդ սարը», «Վերոնիկան որոշում է մահանալ», «Տասնմէկ րոպէ» և այլն։

Մտքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Երբ ես գտայ բոլոր պատասխանները, փոխուեցան բոլոր հարցումները։
  • Իրականութեան մէջ ես այնպէս եմ, ինչպէս բոլորը՝ կ՛ընդունիմ ցանկութիւնները՝ իբրեւ իրականութիւն, կը տեսնեմ աշխարհը ոչ թէ այնպէս, ինչպէս որ է, այլ այնպէս ինչպէս ես կ՛ուզեմ զայն տեսնել։
  • Որպէսզի ապրինք լիարժէք կեանքով, պէտք է գտնուինք անընդհատ շարժման մէջ, միայն այդ պարագային մեր օրերը նմանօրինակ չեն ըլլար։
  • Սէրը դժուար ճանապարհ է։ Դժուար, որովհետև ան քեզ կա'մ կը հասցնէ ամպերուն, կա'մ կ՛իջեցնէ գետնին տակ։
  • Կեանքն այն պահի սպասումն է, երբ ապագան կախուած է քու վճռական քայլէն։
  • Երբ քեզ միշտ կը շրջապատեն միեւնոյն մարդիկը, ինքնաբերաբար այնպէս կ՛ըլլայ, որ անոնք կը դառնան քու կեանքիդ մէկ մասնիկը։ Բայց մտնելով քու կեանքիդ մէջ՝ անոնք կարճ ժամանակ անց կը փափաքին փոխել զայն։ Եւ եթէ դուն չսկսիս ըլլալ այնպէս, ինչպէս իրենք կ՛ուզեն քեզ տեսնել, կը նեղանան։ Չէ՞ որ իւրաքանչիւրը կը գիտակցի, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ այս աշխարհի մէջ։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Montreux Jazz Festival Database
  2. Knowledge Graph — 2012.