Վոյէճըր-2

Վոյէճըր-2 (անգլ.՝Voyager 2) տիեզերական կայան մըն է արձակուած ՆԱՍԱ-ի կողմէ 20 Օգոստոս, 1977-ին: Իբրեւ բաժին մը Վոյէճըր ծրագրին, ճամբայ ելաւ 16 օր առաջ իր երկւորեակ կայան Վոյէճըր-1-ի արձակումէն: 38 տարիէ ի վեր Վոյէճըր-2-ը տակաւին կ'աշատի ղրկելով տարբեր տեսակի տեղեկութիւններ որոնք հաւագած կ'ըլլայ իր ճամբորդութիւններու ժամանակ: Ծրագրէն աւելի ժամանակ խլեց այս կայանը հասնելու համար Ճուփիթըր եւ Սէթըրն, բայց նաեւ ատոր կողքին ունեցաւ առիթը հանդիպելու Իւրանուսի եւ Նեփթունի հետ: Միակ տիեզերական արհեստական կայանն է, որ այցելած է Իւրանուսն ու Նեփթունը:

Իր զկսբնական ծրագիրը ստացուեցաւ Նեփթունի հետազօտութեամբ 2 Հոկտեմբեր 1989-ին՝ հետազօտելէ ետք Իւրանուսը 1986-ին, Սէթըրնը 1981-ին, եւ Ճուփիթըրը 1979-ին: Վոյէճըր-2-ն հիմա իր երկարաձգուած ծրագրին մէջ է հետազօտելու արտաքին տիեզերքը Ծիր Կաթինին 38 տարիէ ի վեր: Տակաւին կապ կը պահէ ՆԱՍԱ-ի հետ:[1]

111 AU (1.66×1010 քմ) հեռաւորութեամբ արեւէն (Յունիս 2016-ի տեղեկութիւն) Վոյէճըր-2-ն ամէնէն աշխարհէ հեռու արհեստական կայաններէն մէկն է Վոյէճըր-1-ի, Փիյոնիր 10-ի եւ Փիյոնիր 11-ի կողքին: Կայանը կը շարժի 15.4քմ/եկվ առագութեամբ (Դեկտեմբեր 2014-ի տեղեկութիւններ):[2] Հասնելէ ետք միջաստղային տիեզերք (interstellar space), Վոյէճըր-2-էն կ'ակընկալուի հոնկէ ուղիղ չափեր ղրկէ օդի ջերմաստիճանի եւ ուրիշ հատկութիւններու հետ կապ ունեցող տեղեկութիւններ:[3]

Տե՛ս Նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]