Վիրաբուժութիւն

Սիրտ
An appendectomy in progress
Գլխուղեղ

Վիրաբուժութիւն, բժշկագիտութեան բաժին, հիմնականին մէջ կ՛ուսումնասիրէ վիրահատական բուժում պահանջող հիւանդութիւնները, կը մշակէ վիրահատութեան հնարքները, ձեւերն ու արուեստագիտութիւնը։ Վիրաբուժական հիւանդութիւնները խիստ սահմանազատուած հիւանդագին գործընթացներ չեն, բժշկական շարք մը գործնական ու տեսական գիտելիքներու զարգացման հետ կապուած այդ հասկացութեան սահմաններն կ՛ընդարձակուին։ Ս

Մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը սիրտի հիւանդութիւնները կ՛ուսումնասիրուէին եւ կը բուժուէին բուժագիտութեան ոլորտէն ներս։

20-րդ դարու 2-րդ կիսուն արագօրէն զարգացաւ սիրտ-երակային համակարգի վիրաբուժութիւն, որ կը զբաղի սիրտի թերութիւններու, ծաւալներու, կրծքային հեղձուկի եւ սրտի կաթուածի ուսումնասիրութեամբ ու վիրահատական բուժմամբ։ Հնագիտական աղբիւրները եւ հին ձեռագիրները կը վկայեն, որ վիրաբուժական բուժման փորձեր առնուած են դեռեւս քարէ դարի ատեն, Եգիպտոսի մէջ 2—3 հազար տարի Քա․ կատարած են արեան արձակում, յօդախախտումներու ուղղում, կեսարեան հատում, միզապարկէն քարերու հեռացում։ Հին Հնդկաստանի մէջ քիթի ձեւախախտումները վերցուցած են մաշկային փոխպատուաստումով։ Հին յունական բժշկագիտութիւնը Հիփոքրաթի դարաշրջանին ցգած է վիրաբուժութեան նուիրուած երկեր, ուր նկարագրուած են գանկահատման, խոռոչներու կիտադրութիւն, կոտրուածքներու բուժման դէպքեր եւ այլ վիրաբուժական միջամտութիւններ ու վիրաբուժական գործիքներ։ Հին յոյն գիտնական Ս․ Ցելսուսի երկերուն մէջ նկարագրուած են ծայրատման գործողութիւններ՝ արիւնահոսութեան դադարեցմամբ (խոշոր անօթները կապելով)։ Միջնադարու բժշկագիտութիւնը, հետեւելով կրօնական կանոններուն, կը խուսափէր արիւնային միջամտութիւններէն եւ կ՛արգիլէր դիակներով զբաղիլ։ Վերածնունդի դարաշրջանին վիրաբուժութեան զարգացման հիմքը անդամազննութեան բնագաւառի յաջողութիւններն էին։ Հրազէնի ի յայտ գալը եւ անոր հետ կապուած պատերազմական շրջանին զանգուածային բորբոքումները զօրացուցին վէրքերու բուժման պահանջը։ Դիտական վիրաբուժութեան հիմնադիրներէն Ա․ Պարեն մշակած է ծայրատման արուեստագիտութիւնը, վիրակապերու եւ հրազէնային վիրաւորումներու վերաբերեալ ուսմունքը։ Ֆրանսացի վիրաբուժ Պ․ Ֆրանկոն կատարելագործած է աճուկային ճողուածքահատման, քարահատման արուեստագիտութիւնը։

Ռուսաստանի մէջ վիրաբուժական օգնութիւն սկիզբը ցոյց կո տային բժիշկները եւ «ոսկրահարդարները»։ 15—16-րդ դարերուն մոսկոֆեան մեծ իշխանի պալատին մէջ արդէն կը գործէին արտասահմանէն եկած վիրաբուժներ։ 17-րդ դարու զօրամասերուն մէջ կային բժիշկներ, սափրիչներ, որոնք արիւն կ՛արձակէին, վիրակապեր կը դնէին։ 1707 թուականին, Պետրոս I-ի հրամանով, Մոսկուայի գլխաւոր հիւանդանոցին մէջ բացուեցաւ հիւանդանոցային դպրոց։ 1773 թուականին այդպիսի դպրոցներ կազմակերպուեցան Փեթերպուրկի մէջ եւ Կրոնշտատի մէջ։ 1806 թուականին Փեթերպուրկի մէջ բացուած է ռուսական առաջին վիրաբուժական բուժարանը, որու ղեկավար Ի․ Բուշ գրած է վիրաբուժութեան ռուսերէն առաջին գիրքը եւ հիմնած վիրաբուժներու դպրոց։ 19-րդ դարու վիրաբուժութեան զարգացումին նպաստեցին գործնական վիրաբուժութեան մէջ թմրեցուցիչի եւ անապականի ներդրումը։ Ընթերադիտումով հնարաւոր դարձաւ միզուղիներու, կերակրափողի, ուղիղ աղիքի հետազօտումը։ Անգլիացի վիրաբուժները մշակած էին հիմնականին մէջ խոշոր կամարաշարքերու վիրակապման, ճողուածքահատման, ոսկորներու եւ յօդերու վիրահատման արուեստագիտութիւնը։ 19-րդ դարու վերջերը վիրաբուժութիւնը բուռն զարգացաւ Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ։ 19-րդ դարու վերջերը եւ 20-րդ դարու սկիզբին վիրաբուժութիւնը արագօրէն զարգացաւ ԱՍՆ-ի մէջ՝ կապուած վիրաբուժական խոշոր հիմնարկներու արուեստագիտութեան․ բարձր հագեցուածութեամբ։ Համաշխարհային հռչակ վայլած են Հ․ Քուշինկի, Ջ․ Քրայլի եւ այլոց աշխատանքները։ ժամանակակից վիրաբուժութեան (ինչպէս ընդհանրապէս բժշկագիտութեան) բնորոշ է նեղ մասնագիտութիւններու առանձնացումը։ Դեռեւս XIX դ․ վիրաբուժութենէն առանձնացան ակնաբուժութիւնը, քիթ կոկորդ-ականջաբանութիւնը, միզաբանութիւնը, ուղղամարմնութիւնը եւ վիրաբանութիւնը, XX դ․՝ ուռուցքաբանութիւնը։ Հետագային, հետազօտման եւ բուժման նոր ձեւերու ի յայտ գալու հետ կապուած, 20-րդ դարու կիսուն ձեւաւորուեցան նաեւ թափանաբանութիւնը, թոքային եւ անօթային վիրաբուժութիւն։ 20-րդ դարու վիրաբուժները կը նախընտրեն ոչ միայն հեռացնել ախտահարուած մարմնի անդամները, այլեւ ձեւակերտ գործողութիւններու միջոցով վերացնել ու շտկել բնածին ու ձեռքբերովի թերութիւնը։ Վիրաբուժութեան առաջընթացը զգալի չափով պայմանաւորուած է նաեւ արեան փոխներարկման, մանրէասպաններու (antibiotic) օգտագործման ձեւերու մշակմամբ։ 20-րդ դարու 2-րդ կիսուն առանձնայատուկ յաջողութիւններու հասաւ սրտային վիրաբուժութիւնը, ժամանակակից անզգայութեան, արհեստական արեան շրջանառութեան, օրկանիզմի սառեցման գործիքներու կիրառմամբ։ Վիրաբուժութիւն կը դասաւանդէ բժշկական հիմնարկներու եւ ասպարէզներու վիրաբուժութեան աթոռին, վիրաբուժներու հետագայ մասնագիտացումը եւ վերապատրաստումը կ՛իրականացուի վիրաբուժական բուժարաններուն մէջ (ԽՍՀՄ-ի ՝ նաեւ բժիշկներու կատարելագործման հիմնարկներուն մէջ) ու խոշոր հիւանդանոցներու բաժանմունքներուն մէջ։ Վիրաբուժական գիտական հետազօտութիւններու կենդրոններն են՝ վիրաբուժական խոշոր բուժարանները, ԴՀԻ-ները:1873 թուականին Մոսկուայի մէջ հիմնուած են վիրաբուժներու առաջին ռուսական, 1902 թուականին՝ միջազգային ընկերութիւնները։ 1953 թուականէն վերջինիս կազմին մէջ ընդգրկուած է վիրաբուժներու համամիութենական ընկերութիւնը։ Արեւելեան Հայաստանը Ռուսաստանին միանալէն ետք վիրաբուժական օգնութիւնը հիմնականին մէջ կը կազմակերպէին վիրաբուժութեան հիւանդանոցներուն կից։ Հ․ Յովհաննիսեանի նախաձեռնութեամբ 1894-ին Արտաշատի, իսկ 1895-ին՝ Երեւանի քաղաքային հիւանդանոցներուն կից բացուած են վիրաբուժական բաժանմունքներ (12 մահճակալով), 1905-ին Ա․ Տէր-Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ Ալեքսանդրապոլսոյ մէջ եւս կազմակերպուած է վիրաբուժական բաժանմունք (10 մահճակալով)։ Հետագային, արեւմտահայութեան գաղթի հետ կապուած, այդ բաժանմունքները ընդարձակուած են, եւ արդէն 1920 թուականին մահճակալներու թիւը դարձած է 40—50։ Այդ բաժանմունքները կը ղեկավարէին վիրաբուժներ Կ․ Տէր-Միքայէլեանը, Ա․ Մելիքեանը, Գ․ Մելքոնեանը, Ա․ Գրիգոր եանը եւ ուրիշներ։ Հայաստանի մէջ սովետական կարգերու հաստատումէն յետոյ քաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ կառուցուեցան բազմաթիւ հիւանդանոցներ՝ մասնագիտացուած բաժանմունքներով։ Հայրենական պատերազմէն ետք ՀԽՍՀ-ի մէջ վիրաբուժական բաժանմունքներ ունէին 11 քաղաքներ ու շրջաններ, ուր կը կազմակերպուէր միջշրջանային վիրաբուժական օգնութիւն։ Այնուհետեւ վիրաբուժական բաժանմունքներ ստեղծուեցան գրեթէ բոլոր շրջկենդրոններուն մէջ, իսկ Լենինականի մէջ բացի անորմէ կը գործեն նաեւ վիրային մասնագիտացուած առանձին բաժիններ։ Վերոյիշեալ վիրաբուժական բաժանմունքները ապահովուած են ժամանակակից սարքաւորումներով ու գործիքներով, բարձր որակաւորումով վիրաբուժներով։ Ընդարձակուած է նաեւ դարմանատուներու վիրաբուժական աշխատասենեակներու գործունէութիւնը։ Ներկայիս Երեւանի մէջ կը գործեն 8 վիրաբուժական բուժարաններ։ Շրջանային հիւանդանոցներու մեծ մասին մէջ կը կատարուին բարդ վիրաբուժական միջամտութիւններ։ Անհրաժեշտութեան պարագային ծրագրուած արագ օգնութիւն կը կազմակերպեն Երեւանէն մեկնող բարձրորակ մասնագէտները։

Անասնապահական վիրաբուժութիւն հիմնականին մէջ կը մշակէ գիւղատնտեսական կենդանիներու վնասուածքներու հետ կապուած հիւանդութիւններու ախտորոշման, բուժման, կանխարգիլման ձեւեր։ ԽՍՀՄ-ի մէջ անասնաբուժական վիրաբուժութիւն կ՛ընդգրկէ ընդհանուր եւ մասնաւոր վիրաբուժութիւն, ակնաբուժութիւնը, մանկուղղութիւնը գործնական վիրաբուժութիւն՝ տեղագրական անդամազննութեան հետ։ Մինչեւ 1945 թուական անոր բաղկացուցիչ մասերէն էր նաեւ անասնաբուժական ռազմադաշտային վիրաբուժութիւն։ Անասնաբուժական վիրաբուժական օգնութիւնը ԽՍՀՄ-ի մէջ կը կատարուի խիստ հաշուառման կարգով՝ ելլելով բուժման տնտեսական նպատակայարմարութենէն։ Սովետական անասնաբուժ-վիրաբուժները մշակած եւ ներդրած են գործողութիւններու տնտեսապէս օգտակար բազմաթիւ նոր եղանակներ, ուսումնասիրած տարբեր կենդանիներու վէրքերու առանձնայատկութիւնները, վերջերս բազմացման, մարսողական ու օրկանիզմի այլ համակարգերու վիրահատումներու ժամանակ ցաւազրկման եւ այլ հարցեր։ Անասնաբուժական վիրաբուժութեան բնագաւառի գիտահետազօտական աշխատանքներով կը զբաղին անասնաբոյժ․ ուսումնական հաստատութիւններու համապատասխան ամպիոնները եւ ԳՀԻ բաժինները։ Աշխատանքները կը համադասէ ՀամԳԳԱ անասնաբուժութեան բաժինը։ Անասնաբուժական վիրաբուժութիւն կը դասաւանդէ անասնաբուժական համալասարաններուն եւ արուեստագիտութիւններուն մէջ։ Հայաստանի մէջ անասնաբուժական վիրաբուժութեան հարցերով կը զբաղին ՀԽՍՀ անասնաբուժութեան ԳՀԻ եւ Երեւանի անասնաբուծա-անասնաբուժական հիմնարկի համապատասխան բաժինը եւ ամպիոնը։