Վարդավառ

Վարդավառը Հայաստանի մէջ

Վարդավառը Յիսուսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնը, որ ընդհանրապէս Յուլիս ամսուան ընթացքին կը կատարուի։

Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան նշանակութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ մեծ տօներէն մէկն է։ Հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի կեանքին ընթացքին պատահած դէպքի մը վրայ, երբ Ան իր երեք աշակերտները՝ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը առնելով, Թափօր լեռ կը բարձրանայ ու անոնց դիմաց կը պայծառակերպի։ Իր դէմքը արեգակի նման կը փայլի եւ զգեստները ձիւնի նման կը ճերմկին։

Դէմքը փայլեցաւ ինչպէս արեգակ եւ անոր զգեստները ճերմկեցան ինչպէս լոյսը
- Մտթ. 17.2, հմմտ. Մրկ. 9.2, հմմտ. Ղուկ. 9.29

Հոն կ'երեւին նաեւ Հին Կտակարանի մարգարէներէն Մովսէսն ու Եղիան։ Այս դէպքը խորհրդանիշ մըն էր Յիսուսի փառաւորուման, որ տեղի պիտի ունենար իր խաչելութենէն ու յարութենէն ետք, որ Ան դարձեալ իր աստուածային փառքին պիտի վերադառնար։

Վարդավառը Հայաստանի մէջ

Ղուկաս աւետարանիչ կը պատմէ, որ անոնք կը խօսէին Քրիստոսի երկրային կեանքին վերջին օրերուն դէպքերուն մասին, որոնք տեղի պիտի ունենային Երուսաղէմի մէջ (Ղուկաս 9.31): Սքանչելի տեսարանէն հիացած՝ Պետրոս առաքեալ կը բացագանչէ.

Վարդապե՛տ, լաւ է, որ մենք հոս մնանք. երեք վրաններ լարենք, մէկը` Քեզի, մէկը` Մովսէսի եւ միւսը` Եղիային համար:
- (Ղուկաս 9.31)


Մինչ ան կը խօսէր, լուսափայլ ամպ մը հովանի կը դառնայ անոնց, եւ ամպերուն մէջէն եկող ձայնը կ'ըսէ.

Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ, Անո՛ր լսեցէք:
- (Ղուկաս 9.31)

Հանգստացնելով ու ոտքի կեցնելով գետնամած առաքեալները` Յիսուս անոնց կը պատուիրէ ոչ մէկուն յայտնել իրենց տեսածին ու լսածին մասին`մինչեւ Աստուծոյ Որդիին փառաւորուիլը:[1]

Քրիստոսի  այլակերպութիւնը  աշակերտներուն ցոյց կու տայ անոնց խոստացուած արքայութիւնն ու փառքը: Զանոնք լերան գագաթը կը հանէ եւ ցոյց կու տայ, թէ Ինք ինչպէս պիտի գայ վերջին օրը` աստուածութեան փառքով ու մարմնով եւ կ'ըսէ, թէ Ինք ո՛չ Եղիան է, ո՛չ Մովսէսը, ո՛չ ալ մարգարէներէն մին[2]:

Բարեկենդան Վարդավառի պահոց[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին նախորդող շաբաթապահքը Հայ Եկեղեցւոյ կը կոչուի Վարդավառի պահք: Պահքի վերջին շաբաթ օրը նաւակատիք է[3]:

Վարդավառի տօնը պատմութեան ընթացքին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պայծառակերպութեան տօնը մեր նախնիները կոչած են Վարդավառի տօն, որուն արմատները ժողովուրդը կը կապէ ջրհեղեղէն ետք ծիածանով մարդ-Աստուած հաշտութեան հետ։ Այդ ջուրը իրարու վրայ նետելով՝ կարծես մարդիկ իրարու կը յիշեցնեն ջրհեղեղը, նաեւ կը բացատրեն, թէ ինչո՞ւ եղաւ ջրհեղեղը։ Այսինքն, սթափեցման սովորութիւն մըն է եւ մաքրագործուելու իմաստ ունի»։[4] Ս․Գրիգոր Լուսաւորիչ այս տօնին միացուցած է հին հայ հեթանոս մեր հայրերուն Վարդավառի աւանդութիւնը, երբ վարդերու տօնին մեր հեթանոս հայրերը իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին։ Մինչեւ այսօր կը պահուի այս աւանդութիւնը։ Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսնելով, որ անհնար է այդ տօնը վերացնել հայկական աւանդութիւններէն, տօնը փոխարինուած է Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան տօնով, ինչ որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի տօնախմբուիլ:

Ժողովուրդը Քրիստոնէական շրջանին ալ սիրելով այս տօնը, զայն նշանակած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հինգ տաղաւար տօներէն մին, անգամ մը եւս շեշտելու համար անոր կարեւորութիւնն ու ժողովուրդին կապուածութիւնը:

Վարդավառի տօնակատարութիւնը միշտ ալ Զատկուան տօնէն 98 օր ետք կը նշուի, որ ընդհանրապէս կը զուգադիպի 28 Յունիսէն 1 Օգոստոսի միջեւ:

Նախաքրիստոնէական շրջանին Վարդավառի տօնը կապուած էր հայկական դիցարանի ջուրի, սիրոյ, պտղաբերութեան ու գեղեցկութեան Աստուծոյ`Աստղիկին: Այդ օրերէն իսկ Վարդավառը կը տօնախմբուէր մեծ հանդէսներով: Մարդիկ Աստղիկ Աստուածուհիին կը նուիրէին վարդեր ու իրարու վրայ ջուր կը թափէին: Վարդավառը միաժամանակ եղած է ջուրի պաշտամունքի, պտղաբերութեան ու արգասաւորութեան ուժերուն նուիրուած տօն: Տօնը նաեւ առիթ եղած էր անցեալին, որ մեր նախահայրերը անձրեւ խնդրելու աղօթք եւ ծէս կատարէին:

Քրիստոնէական գետնի վրայ եւս անցեալին Վարդավառը տօնուած է աւելի մեծ տարողութեամբ: Մարդիկ Վարդավառի տօնին իրենց տուները կը զարդարէին կանաչ ոստերով, ծաղկեփունջեր կը նուիրէին իրարու, եկեղեցւոյ հասկեր կը նուիրէին, իբրեւ արտերու եւ այգիներու օրհնութիւն: Անասնապահներ իրենց անասունները ծաղիկներով կը զարդարէին ու ժողովուրդը խնճոյքներ եւ ջրախաղեր կը կազմակերպէր: Մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ Վարդավառը կը տօնախմբուի մեծ հանդիսութիւններով ու ջրախաղերով, որոնց համար գոյութիւն ունի նաեւ յատուկ Վարդավառի միջազգային փառատօն:

Մ.Խորենացիի մեկնութեամբ, «Վարդավառի խորհուրդին մասին» ճառին մէջ կ'իմանանք, որ աստուածային միջամտութեամբ բոլոր ֆիզիքական զեխութիւններն ու սանձարձակութիւնները Այլակերպութեան (կերպարանքի փոփոխութիւն) խորհուրդով կը վերածուին եւ կը փոխակերպուին հոգեւոր աննիւթական վայելքներու եւ պարգեւներու բաշխման հետ:

Նոր Սիոնի վրայ հրեշտակներու դասերու օրհնութիւնները քաղցրանուագ կը հնչեն` պայծառահրաշ լոյսով պարուրուած: Երկինքն ու երկիրը ամբողջութեամբ կը նորոգուին եւ լեռները կը ցնծան Տիրոջ առջեւ: Ոչ միայն անէծքները կը մերժուին օրհնութիւններով, եւ տարրերը կը նորոգուին, այլ բնութիւնը փառքով կը պսակուի: Երկինքը վերէն պայծառ զգեստներ կը հագցնէ շարժող լուսաւորներուն` վճիտ ու մաքուր լոյս սփռելով աշխարհի վրայ:
- Մ.Խորենացի

Խորենացի այլակերպութեան պատկերին ընդմէջէն կ'ուզէ ներկայացնել, թէ ինչպէ՛ս Աստուած իր գիտութեան ողորմութեան անձրեւները կը տեղացնէ բնութեան վրայ: Ինչպէ՛ս մարդ եւ Աստուած կը միանան իրարու` մարդը դարձնելով ստեղծագործ:

Եւ ինչպէս Վարդը բացուելով կը յայտնուի ու կ'երեւի, այնպէս ալ Տէրը այսօր պայծառակերպուելով` կը յայտնէ իր Աստուածութիւնը:
- Գրիգոր Տաթեւացի

Տօնակատարութիւն, ժողովրդական սովորութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ջրախաղ, Վարդավառ

Անցեալին սովորութիւն էր Վարդավառը տօնել սարերու վրայ, աղբիւրներու ակունքներուն մօտ, այդ առիթով կը կազմակերպուէին ուխտագնացութիւններ դէպի սրբավայրերը:

Այդ առիթով տեղի ունեցող քանի մը աւանդութիւններէն են.

  • Բաց դաշտերուն մէջ, ակունքներու մօտ կողով մը կը զարդարէին. յատակը ցորենի հասկեր կը դնէին, մէջտեղը խաչափայտ մը, զայն կը զարդարէին եղանակի ամէն տեսակի բանջարեղէններով եւ պտուղներով: Կը զետեղէին տախտակի մը վրայ եւ շուրջը շրջանակներ կազմելով, երիտասարդ թէ տարեց, միասին կը պարէին ի նշան միասնականութեան եւ կենսունակութեան:
  • Հայերը գիշերը պարտադիր խարոյկ կը վառէին եւ խնձոր կը խորովէին: Եկեղեցիներուն դռներն ալ կը զարդարէին վարունգով, վարդով եւ խորոված խնձորով:
  • Իրարու վրայ ջուր թափել եւ թրջուած հագուստներով մնալ ամբողջ օրը՝ կը նշանակէր ջուրերու առատութիւն եւ իղձերու իրականացում: Հարսները իրենց կեսուրներուն վրայ գաղտնի ջուր կը թափէին, իբրեւ սիրոյ եւ միասնականութեան արտայայտութիւն:
  • Ուխտի կ'երթային, մանաւանդ Մշոյ Ս. Կարապետ եկեղեցին: Ուխտաւոր մանուկներուն մազերը կը կտրէին, հսկայ կաթսաներով մատաղ կ'եփէին եւ կերուխում կ'ըլլար: Տղամարդիկ ձիարշաւ կը կատարէին. իւրաքանչիւրը կը փորձէր իր դիմացինին գլուխը ջուրին մէջ թաթխել: Կիներ ու աղջիկներ ճօճախաչ կոչուող մրցումը կը կատարէին (օդօդուիլ, պարան ցատկել):
  • Սովորութիւն էր նաեւ աղջիկ ուզել, նշանել, աշնան ամուսնացնելու նպատակով:
  • Խաչ փունջեր կազմել վարդերով, ծաղիկներով եւ ցորենի հասկերով ու նուիրել եկեղեցւոյ, բերքի առատութեան համար եւ կամ նուիրել սիրած անձերու:
  • Ուրախութեան, խնդուքի պատկերներ կը ներկայացնէին, աղաւնի կը թռցնէին կենսունակութեան նպատակով:
  • Սովորութիւն էր նաեւ մինչեւ Վարդավառի օրը խնձոր չուտել, այդ օրը խնձոր ղրկել իր սիրած անձին:
  • Որոշ շրջաններու մէջ աղաւնիներ թռցնելը կը խորհրդանշէ ջուրի ջրհեղեղի վերջը[5], որովհետեւ Վարդավառը նաեւ կը զուգադիպի Նոյեան տապանին` Արարատ լերան վրայ կանգ առած օրուան` 7-րդ ամսուն 15-րդ օրուան հետ: Ըստ աւանդութեան, Նոյ իր թոռներուն կը պատուիրէ տարին անգամ մը յիշատակել ջուրերուն երկրէն քաշուելու օրը:
  • Ինչպէս խաղողօրհնէքի օրը աւանդաբար կը համարուի խաղողի առաջին համտեսի օր, այնպէս ալ Վարդավառի օրը խնձորի առաջին համտեսի օրն է:

Այժմ վարդավառը կը նշուի Զատիկէն 14 շաբաթ ետք։ Այս տօնը սիրուած է յատկապէս փոքրերու կողմէ։

  • Տօնը նաեւ առիթ եղած էր անցեալին, որ մեր նախահայրերը անձրեւ խնդրելու աղօթք եւ ծէս կատարէին[6]:

Վարդավառը նուիրուած է սիրոյ եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առասպելի մը համաձայն, օր մը Աստղիկ աստուածուհին կը լսէ, որ իր սիրեցեալ Վահագնը ծանր վիրաւորուած է, բոպիկ կը վազէ անոր քով: Ճամբան, վազելով վարդենիներուն մէջէն, կը վիրաւորէ ոտքերը, եւ անոր արիւնով կը ներկուին վարդերը: Այդ օրէն կարմիր վարդը սիրոյ խորհրդանիշ կը համարուի Հայաստանի մէջ[7]:

Տարի օր
2024 7 Յուլիս
2023 16 Յուլիս
2022 24 Յուլիս
2021 11 Յուլիս
2020 19 Յուլիս
2019 28 Յուլիս
2018 01 Յուլիս
2017 23 Յուլիս
2016 03 Յուլիս
2015 12 Յուլիս
2014 27 Յուլիս
2013 07 Յուլիս
2012 15 Յուլիս
2011 31 Յուլիս
2010 11 Յուլիս


Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ եւ Անոնց Հետ Կապուած Աւանդութիւններ, Պէյրութ, 2012

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Qahana.am Արարատեան Հայրապետական Թեմ |։ «Տօներ | Qahana.am»։ www.qahana.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-06-30-ին 
  2. Վարդավառի Խորհուրդը
  3. «Բարեկենդան Վարդավառի պահոց»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-07-09-ին։ արտագրուած է՝ 2021-07-07 
  4. Վարդավառ. Պատմութիւն եւ խորհուրդ
  5. Սովորութիւններ
  6. Այլակերպութիւն
  7. Աստղիկը՝ սիրոյ խորհրդանիշ