Վաղարշապատ

Բնակավայր
Վաղարշապատ
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Հայաստան
Հիմնադրուած է՝ ՔԱ685
Տարածութիւն 13 քմ²
ԲԾՄ 853±1 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 57 500 մարդ (2010)[1]
Ժամային գօտի UTC+4։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 231
Փոստային ցուցանիշ 1101–1109
Պաշտօնական կայքէջ ejmiatsin.am(հայ.)(անգլերէն)

Վաղարշապատ (ճանաչելի է նաեւ Էջմիածին անունով), քաղաք Հայաստանի Արմաւիրի մարզին մէջ։ Հայաստանի քաղաքներէն մեծութեամբ 4-րդն է։ Վաղարշապատ (Էջմիածնին մէջ) կայ 5 եկեղեցի, որոնցմէ մէկը՝ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, Հայաստանի գլխաւոր եկեղեցին է եւ կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համալիրին մէջ, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ վարչական կեդրոնն է։

Վաղարշապատն ունի գլխաւոր ճանապարհ դէպի մայրաքաղաք Երեւան։ Միացուած է Երեւանին գիւղերով։ Վաղարշապատէն դէպի Երեւան մայրուղին 15-16 քմ է։

Անուանումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան», մինչեւ Վաղարշապատ կոչուիլը քաղաքը, անուանուած է Վարդգէսաւան, իսկ նախապէս՝ Արտիմեդ։

Վաղարշապատն ունի գլխաւոր ուղի դէպի մայրաքաղաք Երեւան։ Միացուած է Երեւանին գիւղերով։ Վաղարշապատէն դէպի Երեւան մայրուղին 15-16 քմ է[2]։

Արտիմեդ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնակավայրի Արտիմեդ անուանումը, հաւանաբար, պայմանաւորուած եղած է այնտեղ գտնուող Արտիմեդ՝ Անահիտ աստուածուհիին նուիրուած տաճարով։ Այդ ենթադրութիւնը կը հիմնաւորեն՝ 1950-ական թուականներուն, Մայր եւ Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարներու պեղումներու ժամանակ իրենց հիմքերէն յայտնաբերուած հեթանոսական տաճարներու բեկորները։

Վարդգէսաւան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարդգէս Մանուկը բաժնուելով Տուհաց գաւառէն, Քասախ գետով կու գայ կը նստի Շրէշ բլուրի եւ Քասախ գետի մօտ՝ Արտիմեդ քաղաք Երուանդ արքային խնամախօսելու, ուր իր անունով կը հիմնուի Վարդգէսաւանը։

Վաղարշապատ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2-րդ դարու առաջին կէսին, ըստ Մովսէս Խորենացիի, Սանատրուկ Բ.-ի որդի Վաղարշ Ա. թագաւորը Վարդգէսաւանը կը պատէ պարիսպով եւ մեծ ամբարտակով, դարձնելով թագաւորանիստ քաղաք՝ վերակոչելով այն Վաղարշապատ կամ Նոր Քաղաք, Վաղարշ Ա. Արշակունիի ժամանակից (Ք.Ե. 191-211 թուականներ)[2]։ Միջին դարերուն, յատկապէս միջնադարուն, Վաղարշապատ մերթ ընդ մերթ կոչուած է նաեւ Էջմիածին, որ համանուն վանքին եւ ո՛չ ամբողջ բնակավայրին անունն է։

Այս (Վաղարշ Ա. Արշակունին, ըստ Խորենացիի թագաւորած 191-211 թուականներուն) պատեաց պարիսպով հզօր աւանն Վարդգէսի, որուն դիմաց Քասախ գետը, զորմէ զառասպելն կ՝ըսէ Հատուած գնացեալ Վարդգէս մանուկն ի Տուհաց գաւառէն զՔասախ գետով, եկեալ նստաւ զՇրեշ բլուրով, զԱրտիմեդ քաղաքով, զՔասախ գետով կռել կոփել զդուռնն Երուանդայ արքայի։ Այս Երուանդ առաջինն է, Սակաւակեացն է, որ ի Հայկեանց, զորուն զքոյրն կին առաւ Վարդգէսի՝ շինեց զաւանս զայս, յորուն եւ Տիգրան միջին յԱրշակունեաց (Տիգրան Բ Մեծ) նստոյց զհասարակ առաջնոյ գերութեանն Հրէից, որ եղաւ քաղաքիւղ վաճառօք։ Այժմ այս Վաղարշ պատեաց պարիսպով եւ հզօր ամբարտակով, եւ անուանեաց Վաղարշապատ, որ եւ Նոր քաղաք։
- Մովսես Խորենացի


Կայնեպոլիս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

163 թուականէն մինչեւ 193 թուական հռոմէացիք Վաղարշապատը նոյնիսկ մայրաքաղաք կը հռչակեն գրաւուած եւ աւերուած Արտաշատի փոխարէն եւ կ'անուանէ Կայնեպոլիս (Նոր քաղաք)[3][4]:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]