Վահագն

Վահագն Վիշապաքաղը՝ վիշապը սպաննելու ատեն (քանդակագործ՝ Կառլէն Նուրիճանեան)[1]։ Արձանը կը գտնուի Երեւանի Ծովակալ Իսակովի պողոտային եւ Սեբաստիա փողոցին խաչմերուկին վրայ, կոփածոյ պղինձէ պատրաստուած արձանին բարձրութիւնը 3,5 մ է:

Վահագն, պատերազմի, քաջութեան եւ յաղթանակի գերագոյն աստուածը հին հայկական դիցաբանութեան մէջ։

Բնութագրում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վահագն եղած է հայոց ամէնէն սիրուած աստուածը։ Կարգ մը աղբիւրներու եւ առասպելազրոյցներու մէջ նաեւ կը վկայուի իբրեւ արեգակնային աստուած։ Ըստ Անանիա Շիրակացիի, աւանդաբար Վահագնի անունին հետ կապուող Յարդգողի ճանապարհը անուանած են նաեւ «Արեգական հին ճանապարհ»։ Ըստ առասպելաբանութեան, կենսատու լոյս անձնաւորող Վահագնը, իբրեւ քաջ որսորդ, կը մարտնչի խաւարին եւ չար ու վնասակար ուժերը մարմնաւորող վիշապներու դէմ, որու պատճառով ալ անոր տրուած է Վիշապաքաղ մականունը։ Հայոց բարձր լեռները դիտուած են իբրեւ Վահագնի երկրային սրբազան կայաններ։ Ըստ Վասպուրականի հայոց մէջ տարածուած աւանդազրոյցին, Արեգակը գիշերը ծովուն մէջ լոգնալէն ետք, առաւօտեան երկինք կը բարձրանայ Վարագի (Վահագն) գագաթէն, իսկ անոր յարատեւ կ'ուղեկցին 12 ոսկեայ գաւազանակիրներ։

Անուան ծագումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վ. Իւանովի եզրակացութեամբ, անխաթար պահպանուած են ընդհանուր հնդեւրոպական հնագոյն դիցաբանական քերթութեան բնորոշ գիծերն ու սկզբունքները, որուն ազդեցութեամբ, կարգ մը բանասէրներ ենթադրած են, որ «Վահագն» անունը յառաջացած է սանսկրիտ «վահ» (բերող) կամ «վհա» (բոց, աստղ) եւ «ագնի» (կրակ) բառերէն կամ հնդիրանական Վերեթրագնա, Վայու եւ Վայէ վեհ աստուածութիւններու անուններէն։ Հիմնական պատճառներ կան ենթադրելու, որ «Վահագն» անունը յառաջացած է հին հնդեւրոպական «Բահագին» (աստուած) գաղափարանուններէն՝ «բ» հնչիւնը «վ»-ի փոխուելու սովորական օրինաչափութեամբ։ Քանի որ Վահագն անձնաւորած է դիցաբանական հայր գաղափարը, փառաբանուած նոյն մակդիրներով, ինչպէս Հայկ բահագինը, հետեւաբար վերջինս հեթանոս հայերը անուանած են Բահագին կամ Վահագին՝ անոր գաղափարանունը վերածելով յատուկ անուան։ Պատահական չէ, որ Անանիա Շիրակացիի գրի առած հինաւուրց աւանդազրոյցին մէջ Հայկի փոխարէն հայոց նախնի եւ սեմական Բէլ աստուծոյ հակառակորդ կը յիշատակուի Վահագնը։ Վահագն կրակի աստուածն էր։

Պաշտամունք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վահագնի գլխաւոր տաճարը կամ մեհեանը գտնուած է Տարօն գաւառի Վիշապ քաղաքաւանին մերձակայ քարէ լերան լանջին։ Վահագնի տաճարը Ագաթանգեղոս կ'անուանէ «մեծագանձ՝ լի ոսկիով ու արծաթով»։ Հոն դրուած էր Վահագնի մեծ արձանը, կից սրահներուն մէջ՝ Աստղիկ դիցուհիին եւ Անահիտ դիցամօր արձանները։ Վահագնի հարսնցուն համարուած է Աստղիկը, որուն սրահը կոչուած է «սենեակ Վահագնի»։ Քրիստոնէութեան ընդունման շրջանին (301), Գրիգոր Լուսաւորիչին ուղեկցող զօրքերը կործանած են Վահագնի գլխաւոր տաճարը, որուն տեղ հիմնուած է հայոց առաջին եւ մայր եկեղեցին։ Թովմա Արծրունի Վահագնին նուիրուած տաճարներէն մէկը կը յիշատակէ Փոքր Աղբակ գաւառին մէջ, միւսը՝ Տոսպի մէջ։

Անուանակոչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայոց տոմարին մէջ Վահագնի անունով կոչուած է ամսուան 27-րդ օրը։ Իբրեւ ռազմի աստուած՝ Վահագնը նոյնացուած է այդ գաղափարը խորհրդանշող Հրատ (Մարս) մոլորակին, որուն հին հայերը տուած են Ատրահեր մականունը։

Վահագնի ծնունդը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մովսէս Խորենացի կը վկայէ, թէ Ե. դարուն ժողովուրդին մէջ կը պահպանուէր Վահագնի աւանդազրոյցը. փանդիռներու նուագակցութեամբ գուսանները կ'երգէին անոր ձօնը եւ կը պատմէին անոր բազմաթիւ սխրագործութիւններուն մասին։ Վահագնի ձօներգը, որ կը հանդիսանայ հայ քնարերգութեան ամէնէն հին նմոյշը, ժողովրդական գուսաններէն գրի առած է Մովսէս Խորենացին եւ տպաւորիչ կերպով կը պատմէ արեւի, լոյսի, հերոսութեան աստուած Վահագնի ծնունդին ու քաջագործութիւններուն մասին:

Երկնէր երկին, երկնէր երկիր,
Երկնէր եւ ծովն ծիրանի.
Երկն ի ծովուն ունէր եւ զկարմրիկն եղէգնիկ.

Ընդ եղէգան փող ծուխ ելանէր,
Ընդ եղէգան փող բոց ելանէր,
Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ.

Նա հուր հեր ունէր,
ապա թէ բոց ունէր մօրուս,
Եւ աչկունքն էին արեգակունք։


Վահագնի եւ Աստղիկի աւանդութիւններէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին Հայաստանի մէջ, Աստղիկի եւ Վահագնի սէրը սուրբ համարուած է. մարդիկ կարծած են, թէ անոնց հանդիպումէն անձրեւ կը տեղայ երկրի վրայ, բերք ու բարիք ստեղծելով։

Ըստ աւանդութեան, Աստղիկ բնակած է Տարօնի Աստղաբերդ շրջանին մէջ, որուն տանիքը բոյն դրած էին ծիծեռնակները։ Անոնք, իբրեւ սուրհանդակներ, լուր կը տանէին աստուածուհիին սիրեցեալ Վահագն աստուծոյ: Ըստ արիական աւանդութիւններու, ստորգետնեայ աստուածը կը գողնայ Աստղիկը, որուն հետեւանքով ժողովուրդին մէջէն կը վերանան Սէրն ու Գեղեցկութիւնը եւ անոնց հոգիները ատելութեամբ կը լեցուին։ Վահագն, յաղթելով Վիշապին, կ'ազատէ Աստղիկը: Անոնք միասին շրջելով մարդիկը կ'օծեն վարդաջուրով. հոնկէ ալ սկիզբ կ'առնէ Վարդավառի տօնակատարութիւնը[2]:

Լաւաշին առնչուող բազմաթիւ աւանդութիւններ կան, որոնցմէ` նորապսակներուն ուսերուն կը դրուի լաւաշը, տան առաջին մուտքի պահուն, իբրեւ օրհնութիւն եւ առատութիւն: Այս աւանդութիւնը կու գայ հինէն. ըստ դիցաբանութեան, հայոց ռազմի աստուած Վահագնի եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկի հարսանիքին, աստուածներուն հայրը` Արամազդ, Աստղիկի ուսին լաւաշ կը դնէ: Տուն երթալու ընթացքին, լաւաշը Աստղիկի ուսէն գետին կ'իյնայ: Արամազդ կը զայրանայ եւ կ'ըսէ. «Հացը գետին ձգողը չի կրնար կին ու մայր դառնալ»:

Այսպիսով, Վահագն եւ Աստղիկ երբեք չեն կրնար ամուսնանալ եւ կը մնան յաւերժ սիրահարներ[3]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Հետաքրքրական. Անյայտ Քանդակագործի Մը Նշանաւոր Քանդակները»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-07-18։ արտագրուած է՝ 2021-12-16 
  2. Վահագն եւ Աստղիկ
  3. Լաւաշին աւանդութիւնը

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]