Տոհմածառ

Սարիբեկեաններուն տոհմածառը

Տոհմածառը, կամ տոհմային աղիւսակը, աղիւսակ է որ կը ներկայացնէ ընտանեկան յարաբերութիւնները պայմանական ծառի կառուցուածքով։ Տոհմածառերու աւելի մանրամասն տեսակները կ՛օգտագործուին բժշկութեան եւ ընկերային աշխատանքներէն ներս։ Հովհարաձեւ աղիւսակները կը նկարագրեն հայրական եւ մայրական նախնիները։

Ընտանեկան պատմութեան ներկայացուցչութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծագումնաբանական տուեալները կարելի է ներկայացնել մի քանի ձեւաչափերով, օրինակ՝ որպէս տոհմային կամ նախնիներու աղիւսակ։ Տոհմածառերուն մէջ յաճախ հնագոյն սերունդը կը ներկայացուի տոհմածառերուն գագաթը, իսկ նորագոյնը՝ ստորը։ նախնիներուն աղիւսակը, որ ցոյց կու տայ անհատի նախնիները, աւելի սերտօրէն կը յիշեցնէ ծառի վիճակը, վերը աւելի լայն ըլլալով քան վարը։ Որոշ ցեղերու տրամագրերու մէջ, անհատը կը յայտնուի ձախ կողմը եւ իր նախնիները՝ աջ։

Տոհմածառերը կարելի է ունենան բազմաթիւ նիւթեր։ Մէկը կարելի է ընդգրկել մէկ գործիչի բոլոր ուղղակի ժառանգները, կամ մէկ կենդանի անձի բոլոր յայտնի նախնիները։ Ուրիշը կարելի է ներառել նոյն մականունը ունեցող անդամները։ Եւս մէկ մօտեցում՝ կառուցել ծառ մը, նեռարելով որոշակի գրասենեակի մը բոլոր տէրերը, ինչպէս օրինակ, գերմանական թագաւորները։

Հովհարաձեւ Աղիւսակ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ունինք նաեւ այլ ձեւ՝ հովհարաձեւ աղիւսակը, որ կը յատկանշէ կէս շրջանակ աղիւսակը համակեդրոն օղակներով, տուեալ անձը ներքին շրջանակին թիրախն է, երկրորդ շրջանը բաժնուած է երկու մասի (հայրական կողմ եւ մայրական), երրորդը՝ չորսի ինչպէս նաեւ չորրորդը։ Հովհարաձեւ աղիւսակները կը պատկերեն հայրական եւ մայրական նախնիները։

Ցուցագիծ Տեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչ տոհմածառերը պատկերուած են որպէս ծառեր,ընտանեկան յարաբերութիւնները չեն կազմեր ծառ ցուցագիծ տեսութեան իմաստով, որովհետեւ հեռաւոր ազգականները կարող են ամուսնանալ։