Վասիլ Գօնտա

Գօնտա կամ Գոնտա Վասիլ (15 Նոյեմբեր 1845 - 21 Ապրիլ 1882), Ռումէն մեծանուն փիլիսոփայ։

Անունն է Ռումէն այն մեծանուն փիլիսոփային, որուն հայ մը ըլլալը՝ նոր յայտնութիւն մըն է թէ՛ Ռումէն ժողովուրդին եւ թէ՛ մեզ՝ Հայերուս: Ռումանիոյ ԺԹ. Դարուն մեծագոյն դէմքերէն համարուող այս անձը— օրէնգէտ, հրապարագիր, ուսուցչապետ եւ փիլիսոփայ — հայ քահանայի մը զաւակն է:

Օգտաւ Մինար, Ռումէն գրագէտ մը, ապշեցնող մանրամասնութիւններով ներկայացուցած է Գոնտելի կենսագրութիւնը, 1200 էջնոց ստուար հատորի մը մէջ։ Փափաքելի էր որ այս գիրքը՝ եթէ ոչ ամբողջութեամբ, գոնէ ամփոփումով մը թարգմանուէր հայերէնի, իր մէկէ աւելի շահեկանութեան համար: Յետագայ շատ ամփոփ տեղեկութիւնները կը քաղեմ Մինուրի այս արժէքաւոր հատորէն:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոնտա ծնած է 15 Նոյեմբեր 1845-ին. Պեսարապիոյ Քահուլ գիւղին մէջ, ուր ան կ՚անցնէ նաեւ իր պատանութիւնը: Վերջէն, իր ծնողները, նիւթական շատ համեստ միջոցներու տէր մարդիկ, իրենց զաւկին բարձր կրթութիւն մը տալու մտահոգութիւնով՝ կը փոխադրուին Թըրկուլ-Նէամց կոչուած գիւղաքաղաքը, ուր Վասիլ, դեռ ինը տարեկան, կը մտնէ նախակրթարան: Ան այս դպրոցը կը լրացնէ չորս տարիէն:

Յետոյ, հայրը զայն կը տանի Եաշ եւ կը դնէ Միհայէլէնի Ակադեմին, ուր երկու տարի վերջ՝ Վասիլ կը ծանօթանայ հռչակաւոր դերասան Լուփէսկուի հետ: Վասիլ կ՚ընդհատէ իր ուսումը եւ կը մտնէ անոր խումբին մէջ, իբր յուշարար: Երկու տարի կը շարունակէ այս գործը: Յետոյ, ձանձրացած, նորէն ափ կ՚առնէ գիտութեան դռները, եւ այս անգամ կը գտնէ Եաշի համալսարանը: Կ՚աւարտէ անոր դասընթացքը եւ կը գրէ իր շրջանաւարտի թէզիսը: Այս գրութեան մէջ է որ առաջին անգամ կը յայտնուի Գոնտայի հանճարը: Գոնտա իր այդ ուսումնասիրութիւնով կը յայտնէ շարք մը տեսակէտներ, որ յայտնած էր մեծանուն անգլիացին Հերբըրդ Սպէնսըր, որու գործերուն, սակայն, անծանօթ էր ան. որովհետեւ Սպէնսըր նոր էր տակաւին, եւ իր գործերը թարգմանուած չէին ֆրանսերէնի:

Ուսման պապակը դեռ վառ՝ Գոնտա կ՚երթայ Անվերս, Պելճիգա, բարենպատակ ընկերութեան մը ծախսովը. հոն կը հետեւի համալսարանի առեւտրական ճիւղին: Միաջամանակ կը յաճախէ նաեւ Պրիւքսէլի համալսարանը ուսանելու համար իրաւագիտութիւն, եւ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ (1869-1872) կ՚աւարտէ այս երկու դասընթացքներն ալ:

Այս միջոցին ուսուցչութեան հրաւէր կը ստանայ Եաշի առեւտրական վարժարանէն. կը մերժէ, որովհետեւ դեռ նպատակ ունի երթալու Անգլիա, Գերմանիա եւ Իտալիա եւ ուսումնասիրելու այդ երկիրներն ու անոնց լեզուները:

Վրայ կը հասնին, սակայն, դժուարութիւններ: Նիւթական միջոցներու պակասը մէկ կողմէն — զինքը ղրկող բարենպատակ ընկերութեան տուած գումարները չէին բաւարարեր կեանքի իր ամենատարրական պէտքերն իսկ— եւ քայքայուող առողջութեան մը տագնապը միւս կողմէն, կը ստիպեն որ անիկա վերադառնայ Եաշ: Իբր իրաւաբան Եաշի մէջ կը ստանձնէ քանի մը դատեր. Բայց տեսնելով որ օրէնքը կը գործէ միշտ խեղճերուն եւ աղքատներուն դէմ եւ արդարութիւնը կը մնայ միշտ չորսացուած թռչունը, զղուանքով կը հեռանայ եւ կը լքէ իրաւաբանամ ասպարէզը:

Կու գան տխրութեան եւ լլկումի օրերը: Չհասկցուած եւ չմարսուած՝ իր շրջապատէն: Գոնտա կը խզէ իր յարաբերութիւնները մարդոց հետ եւ կ՚ապրի առանձնացած կեանք մը:

Այս միջոցին գրի կ՚առնէ իր կարգ մը երկերը, որոնք հրատարակութեան կը տրուին շատ չանցած: Ասոնց գլխաւորն է Ճակատագրապաշտութեան Տեսութիւնը: Կարեւոր գործեր են նոյնպէս Տիեզերական Շարժումը եւ Բնազանցագիտութեանի փորձերը: Ժամանակակից ռումէն յայտնի գրագէտներ, ի շարս որոնց նաեւ Նեկրուցցի եւ Ալեքսանտրին, առանձին հիացումով կ՚արտայայտուին այս երկասիրութիւններուն մասին:

20 Յունիս 1877-ին, կրթական իշխանութիւնները Պուքրէշի մէջ, քուէարկութեամբ մը, որու մէջ ամենաշատ քուէ ստացող կ՚ըլլայ Գոնտա, զայն կը նշանակեն ուսուցչապետ Քաղացիական Իրաւունք ճիւղին, Եաշի համալսարանին մէջ։ Գոնտա այս պաշտօնը կը վարէ չորս տարի: Այնուհետեւ, նորէն քուէարկութեամբ եւ առաւելագոյն քուէով՝ ան կը հրաւիրուի Պուքրէշի համալսարանը. բայց կը մերժէ այս հրաւէրը, չուզելով վնաս հասցնել իր այն գրկու ուսուցչապետ բարեկամներուն, որոնք պաշտօնէ պիտի արձակուէին, եթէ ինք ընդունէր իրեն եղած առաջարկը:

1879-1881 Գոնտա կը նետուի լրագրական կրկէսը եւ կը սկսի խուլ պայքար մը «ազատական» կուսակցութեան դէմ: Ասոր կը հետեւի իր ընտրութիւնը ռումանական խորհրդարանին՝ Մոլտովայէն: Այստեղ անիկա կը բոլորէ փայլուն շրջան մը. կը խօսի այնպիսի ճառեր, որոնք հիացումի կ՚արժանանան նոյնիսկ թագաւորին կողմէ: Նախարարապետ Եիօնէլ Պրաթիանու տեսնելով այն ոյժը, որուն Գոնտա տիրացած էր պարլամենտին մէջ, կը փորձէ զայն առնել իր կուսակցութեան մէջ, առաջարկելով անոր ժողովրդական լուսաւորութեան նախարարի պաշտօնը: Եւ Գոնտա կը դառնայ նախարար: Շուտով ծայր կու տայ հակառակորդներու պայքարն ու սադրանքները: Գոնտա զզուած այդ բոլորէն, եւ ընկճուած զինք կրծող հիւանդութենէն, կարճ ժամանակ մը պաշտօնավարելով կը հրաժարի: Կը ստանձնէ Գերագոյն դատարանի դատաւորի պաշտօնը: Այս պաշտօնին մէջ եւս երկար չի մնար ու կ՚անցնի, Պիզա, Իտալիա:

Պիզայէն կարճ ժամանակ մը վերջ կը վերադառնայ Ռումանիա, իր հայրենիքը, ուր կը մեռնի 21 Ապրիլ 1882-ին, 37 տարեկան դեռ երիտասարդ հասակին մէջ։ Կը թաղուի Եաշի «Յաւիտենութիւն» գերեզմանատունը, ուր կանգնուած է շքեղ յուշարձան մը իր շիրմին վրայ:

Ռումէններ այսօր Գոնտան կը նկատեն ԺԹ. դարու իրենց ամենամեծ ազգային դէմքերէն մէկը, ինչպէս են Էմինէսքու, Կրէանկա, եւ Ռոզէտտի: Անգամ համաշխարհային հռչակ ունեցող միտքեր, ինչպէս՝ Օտտը Հիէբման, Ճօն Լըպօք, Զիլէր, Էռնստ Հէքէլ, Պիւխնէր, Հէրբերտ Սպէնսէր եւ Ջարլզ Դարվին, ու բազմաթիւ ուրիշներ որոնց հետ թղթակցութիւններ է ունեցեր Գոնտա իր ողջութեան, գնահատանքի եւ հիացումի խօսքեր ըսած են իր մասին:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 570: