Վանի Թագաւորութիւն

Վանի թագաւորութիւն[1][2][3][4][5], պետութիւն Հայկական լեռնաշխարհին մէջ՝ Ք.Ա. 9 - 6-րդ դարերուն։ Թագաւորութեան արքաներուն ձգած արձանագրութիւններուն մէջ երկիրը կը կոչուի «Բիայնիլի»[6], երբեմն՝ «Նայիրի»[7], ասորեստանեան աղբիւրներուն մէջ անիկա կը յիշուի իբրեւ «Ուրարտու»[8][9], իսկ Աստուածաշունչին մէջ՝ «Արարատեան թագաւորութիւն»[10] անուններով։

Վանի թագաւորութեան ազգային-քաղաքական ծագումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուրարտու-Հայաստան նոյնացումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անուանումներու նոյնացում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասորեստանի Ասարհատոն Ը. թագաւորը Ք.Ա. 680-ին փորագրուած արձանագրութիւններուն մէջ կը պատմէ, որ Ք.Ա. 681-ին իր երկու եղբայրները իրենց հօր՝ Ասորեստանի թագաւոր Սենեքերիմին դէմ դաւադրութիւն մը կազմակերպելէ ետք, կը սպաննեն զինք ու կը փախչին «Ուրարտու»։ Աստուածաշունչին Թագաւորաց 4-րդ գիրքին մէջ, նոյնպէս գրուած է այս դէպքին մասին։ Բայց հոն կ'ըսուի, թէ երկու եղբայրները՝ Ադրամելիքն ու Սարասարը, իրենց հայրը սպաննելով, փախած են «Արարատի երկիր»։ Նոյն այս դէպքին մասին գրած է Ե. դարու հայ պատմիչներէն՝ Մովսէս Խորենացի։ Ան կը պատմէ, թէ երկու եղբայրները իրենց հայրը՝ Սենեքերիմը սպաննելէ ետք «փախան եկան մեզ մօտ»։ Պարզ է, որ Խորենացի գրելով «մեզ մօտ»՝ նկատի ունէր իր հայրենիքը՝ Հայաստանը։ Ուրեմն, ըստ Խորենացիի, հայրասպան եղբայրները եկած են Հայք։ Վերջապէս, նոյն դէպքին մասին, քիչ մը փոփոխութիւններով, կը պատմուի նաեւ հայոց «Սասնայ ծռեր» («Սասունցի Դաւիթ») դիւցազնավէպին մէջ։ Հոս ալ փախստական եղբայրները կու գան Հայաստանի Սասուն գաւառը[11]։

Նշուած չորս աղբիւրներէն մենք կը տեղեկանանք, որ «Ուրարտու»ն, «Արարատի երկիր»ը եւ «Հայաստան»ը միեւնոյն երկիրին տարբեր անուններն են[12]։

Այս բոլորը կը հիմնաւորէ նաեւ մէկ այլ ուսումնասիրութիւն մը՝

Ք.Ա. 6-րդ դարուն, Պարսկաստանի մէջ, հիմնուած է Աքեմենեաններու թագաւորութիւնը, որուն թագաւորները քանի մը հարիւր տարի արձանագրութիւններ գրած են։ Այդ արձանագրութիւնները գրուած են երեք լեզուներով՝ հին պարսկերէն, աքքադերէն (բաբելական տարբերակով) եւ էլամերէն (Էլամը Պարսկաստանի հարաւը գտնուող հին երկիր մըն էր)։

Հին պարսիկները Հայքը անուանած են «Արմինա»։ Պարսից Աքեմենեան թագաւորներուն բազմաթիւ արձանագրութիւններուն մէջ Հայաստան յաճախ յիշուած է «Արմինա» անունով։ Անոնց արձանագրութիւններուն աքքադական մասին մէջ «Արմինա»ին փոխարէն գրուած է «Ուրաշտու»։ Աքքադերէնի ասորական տարբերակին «Ուրարտու»ն բաբելական տարբերակին մէջ «Ուրաշտու» ձեւը ունի, քանի որ ասորականի «ր» հնչիւնին դիմաց բաբելականը «շ» ունէր։ Այսպիսով, հին պարսկերէնով գրուած «Արմինա»-ին փոխարէն աքքադերէնը ամէն տեղ նշած է «Ուրարտու» («Ուրաշտու»)[12]։

Վերը նշուած արձանագրութիւններէն ամենամեծը գրել տուած է պարսից Դարեհ Ա. թագաւորը։ Անիկա փորագրուած է Իրանի Քիրմանշահ քաղաքէն ոչ հեռու գտնուող Բեհիսթուն գիւղին մօտ՝ բարձր ժայռի մը վրայ։ Դարեհ Ա. յաճախ յիշած է Հայաստանը միշտ կոչելով՝ «Արմինա», իսկ աքքադականին մէջ՝ «Ուրարտու» («Ուրաշտու»)։ Այդ արձանագրութեան մէջ կայ հետեւեալ նախադասութիւնը. «Կը խօսի Դարեհ թագաւորը. պարսիկ մը, անունը Վաումիսա՝ իմ ծառաս, ուղարկեցի Հայաստան»։ Հին պարսկերէն նախադասութեան մէջ գրուած է «ուղարկեցի Արմինա», իսկ աքքադերէն միեւնոյն նախադասութեան մէջ՝ «ուղարկեցի Ուրաշտու»։ Ասիկա եւս կ'ապացուցէ, որ Հայաստան եւ Ուրարտու-Ուրաշտու անուանումները նոյնն են եւ կը վերաբերին մէկ երկիրի[12]։

Հատուած Բեհիսթունի արձանագրութենէն
Բեհիսթունի արձանագրութիւնը
Հատուած Բեհիսթունի արձանագրութենէն

Բեհիսթունի արձանագրութեան մէջ կը խօսուի նաեւ հայերու մասին։ Հին պարսկերէն նախադասութիւններուն մէջ հայը կը կոչուի «արմինիա», իսկ աքքադերէն նոյն նախադասութիւններուն մէջ՝ «ուրարտաիա» («ուրաշտաիա»)։ Արձանագրութեան մէջ առկայ է հետեւեալ նախադասութիւնը. «հայ մը՝ անունը Արաքա», որ հին պարսկերէն մասին մէջ հետեւեալ ձեւով նշուած է՝ «Արաքա նամա արմինիա», իսկ աքքադականին մէջ՝ «Արախա շուումշու ուրաշտաիա»։ Հոսկէ ալ պարզ կը դառնայ, որ հին պարսիկները հայերը անուանած են Արմինիա, իսկ աքքադացիները՝ ուրարտաիա (կամ Ուրաշտաիա)։ Այսինքն՝ ինչպէս մեր օրերուն հայերը տարբեր ժողովուրդներ կը կոչեն «Արմին», «Արմէն», «Արման» անուններով, վրացիները՝ «Սոմեխի» անունով, այնպէս ալ Ք.Ա. առաջին հազարամեակին հայերը անուանած են նաեւ ուրարտաիա (ուրարտացի)[12]։

Արեւմտեան գիտական դպրոցին տեսակէտերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թրքական վարկած[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թրքական կառավարութեան կողմէ հովանաւորուող թուրք գաղափարախօս Ահմետ Վեֆան իր «Ճշմարտութիւնը հայերուն մասին» գործին մէջ կ'անդրադառնայ նաեւ Վանի թագաւորութեան՝ հայերը մեղադրելով «ուրարտացիներուն ցեղասպանութեան» մէջ։ Ան կ'ըսէ, թէ Ատոլֆ Հիթլեր 1939-ին, խօսելով հայերուն կոտորածներուն մասին, իբր թէ նկատի ունէր ո՛չ թէ թուրքերուն կողմէ հայերուն սպաննուիլը, այլեւ՝ հայերուն կողմէ «ուրարտացիներուն ցեղասպանութեան» ենթարկուիլը։ Ա.Վեֆան իր հրապարակումով կը փորձէր արդարացնել թուրքերուն կողմէ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ ցեղասպանութիւն՝ «Ցեղասպանութեան» դիմաց իմաստով։ Յատկանշական է նաեւ, որ այդ գործը Թուրքիոյ կառավարութեան աջակցութեամբ տարածուած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ[13]։ Յաճախ թուրք-ազրպէյճանական քարոզչական գրականութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ այն միտքին, թէ՝ հայերը կ'ուզեն Վանի թագաւորութիւնը դարձնել հայկական՝ մեղադրելով հայերը ո՛չ միայն մարդկային, այլեւ՝ մշակութային ցեղասպանութեան մէջ[14]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. A.Y.Movsisyan, «The hieroglyphic script of van kingdom (Biainili, Urartu, Ararat)», Publishing House «Gitutyun» of NAS RA, Yerevan 1998. (Առկայ է ՀՀ Ազգային Գրադարանին մէջ, ծածկագիր՝ 9(47.925)/Մ-91)
  2. Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիա, Ազգագրութեան եւ հնագիտութեան հիմնարկ, Ս․Գ․Հմայեակեան, «Վանի թագաւորութեան պետական կրօնը», Հայաստանի ԳԱ հրատարակչութիւն, Երեւան 1990։ (Առկայ է ՀՀ Ազգային Գրադարանին մէջ, ծածկագիր՝ 9(47.925)/Հ-64)
  3. Հայկական յուշարձաններու ճանաչման ծրագիրի (AMAP) պաշտօնական կայք, բաժին՝ «Ուրարտու՝ Վանի թագաւորութիւն»
  4. Сайт Института Арменоведческих Исследований ЕГУ, страница ,,История Армении
  5. «Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան, Գիրք II, յօդուած՝ «Վանի թագաւորութիւն»»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-04-18 
  6. Меликишвили Г.А. Урартские клинообразные надписи. — Москва: Издательство АН СССР, 1960.
  7. Paul Zimansky, Urartian material culture as state assemblage, Bulletin of the American Association of Oriental Research 299, 1995, 105.
  8. Յովսէփ Վ. Սանտալճեան։ (Ազգային մատենադարան, Խ): Վիեննա, տպ. Մխիթարեան, 1901: 262, 1 չհ. էջ, շար. 13,5X7,5 ս.մ.:
  9. И. М. Дьяконов. Ассиро-вавилонские источники по истории Урарту (Предисловие, разделы I-III - Вестник древней истории, № 2, 1951 г. Раздел IV - Вестник древней истории, № 3, 1951 г.)
  10. Աստուածաշունչ, բաժին՝ «Դ.Թագաւորաց, 19, 37», «Եսայի 37, 38», «Երեմիա 51, 27»
  11. Ռաֆայել Իշխանյան, «Պատկերազարդ պատմություն Հայոց» գիրք առաջին, Երևան 1990 թ.:
  12. 12,0 12,1 12,2 12,3 Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Ռաֆայէլ Իշխանեան
  13. Джона Киракосяна “Младотурки перед судом истории”. Ереван, Издательство “Айастан”, 1986г.
  14. Гурам Мархулиа, Шабанам Нуриева. «Многострадальная Армения»: мифы и реальность. Баку – 2011

Գրականութեան ցանկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ռ. Իշխանեան «Պատկերազարդ Պատմութիւն Հայոց» 1990:
  • Ա. Մովսիսեան «Հայոց Պատմութեան Աշխարհակալութիւնները» Երեւան-2008:
  • Մովսէս Խորենացի «Հայոց Պատմութիւն»: